Երէկ` երկուշաբթի, 20 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Երեւանի «Հոլիտէյ ին» պանդոկին «Արմաւիր» սրահին մէջ սկսան համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարին աշխատանքները` մասնակցութեամբ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու քարոզչական պատասխանատուներու, կազմակերպիչ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներու եւ Կեդրոնական վարչութեան վեց անդամներու, ընդամէնը` 30 մասնակիցներ:
Ծանօթ է, որ այս օրերուն Հայաստան դարձած է համա-ՀՄԸՄ-ական ձեռնարկներու ժամադրավայր: Համագումարին առընթեր, այսօր` երեքշաբթի, Աղվերանի մէջ ընթացք կ՛առնեն ՀՄԸՄ-ի սկաուտական բարձրագոյն կարգի` «Արարատեան» կարգի գործնական հանգրուանին երկօրեայ աշխատանքները: Երեկոյեան, Երեւանի մէջ կը նշուի «Հայ մարզիկի օր»-ը, իսկ ուրբաթ օր բացումը կը կատարուի համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ ընդհանուր բանակումին:
Համագումարին Բացումը

Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով: Պաշտօնական բացման ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան:
Համագումարի բացման խօսքով ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ քարոզչական աշխատանքներու ներկայացուցիչ Վիգէն Աւագեան: Ան նշեց, որ համագումարը իր տեսակին մէջ առաջինն է միութեան պատմութեան մէջ եւ պարտաւորութիւնը ունի իր քննարկումներով պատասխանել երեք հիմնական հարցումի, թէ այսուհետեւ ի՞նչ ուղղութեամբ պիտի ընթանան ՀՄԸՄ-ի քարոզչական աշխատանքները եւ ո՞ւր հասնելու համար: Որո՞նք եւ ինչպէ՞ս պիտի առաջնորդեն այդ աշխատանքները: Եւ վերջապէս, ինչպէ՞ս պէտք է օգտագործել միութեան համահայկական ներուժը քարոզչական աշխատանքներու յաջողութեան եւ զարգացման մէջ:
Ապա, համագումարը իր աշխատանքներուն սկսաւ կլոր սեղանով մը, որուն նիւթն էր` «Երիտասարդութիւն, արժէքներ, հասանելիութիւն եւ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն հանրայնացումը Հայաստանի մէջ»: Կլոր սեղանը վարեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ Արթուր Մկրտչեան: Զրուցակիցներն էին լրագրող, հանրային գործիչ եւ հանրային կապերու մասնագէտ Աստղիկ Աւետիսեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի անդամ Անուշիկ Փանոսեան:
Առաջին Օրուան Նիստերը

Համագումարի պաշտօնական բացումին յաջորդեցին առաջին օրուան նիստերը, որոնք քննարկեցին հետեւեալ նիւթերը.-
– «ՀՄԸՄ-ի քարոզչութիւնը երէկ եւ այսօր»` զեկուցաբեր Վիգէն Աւագեան: Նիստը վարեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ Աստղիկ Աշըգեան:
– «ՀՄԸՄ-ի ներգրաւուածութիւնը արհեստական բանականութեան եւ ցանցային աշխարհի անվտանգութեան աշխարհին մէջ»` զեկուցաբեր Ժիրայր Պէօճէքեան: Նիստը վարեց Գէորգ Յակոբճեան:
Համագումարը նաեւ առանձին նիստով մը լսեց նախապէս ղրկուած հարցաթերթիկի հիմամբ` միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններուն քարոզչական աշխատանքներուն ընդհանուր իրավիճակը ներկայացնող զեկուցումը, համապատասխան ախտաճանաչումներով, արժեւորումներով եւ ապագայի գծով առաջարկ-պատկերացումներով: Զեկուցումը ներկայացուց Գէորգ Յակոբճեան:
Ազգային Գրադարան Այցելութիւն

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, համագումարին մասնակիցները, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, այցելեցին Ազգային գրադարան, ուր ծանօթացան 107-ամեայ անոր պատմութեան: Այցելեցին անոր զանազան բաժինները եւ հանդիպում-զրոյց մը ունեցան Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Ջուլեանի հետ:
Այս առիթով, համագումարի մասնակիցներուն անունով գրադարանին նուիրուեցան ՀՄԸՄ-ական գրականութենէն օրինակներ: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան գրադարանի տնօրէնութեան յանձնեց «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 46 տարիներու ամբողջական հաւաքածոյին` 441 թիւերուն թուայնացած օրինակները եւ մատենագիտութիւնը: Տարիներու վրայ երկարած երախտաշատ երկու աշխատանք, որուն առաջին օրինակները ունենալու պատիւը շնորհուեցաւ Ազգային գրադարանին:
Ապա, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան գրադարանի տնօրէնութեան յանձնեց ՀՄԸՄ-ի նշանակը` Վահանը ներկայացնող յուշանուէր մը եւ նկատել տուաւ, որ Ազգային գրադարանը եւ ՀՄԸՄ-ը կը կատարեն հայապահպանման մեծ գործ եւ երկուքին միջեւ կարելի է մշակել գործակցութեան եզրեր, որոնք կրնան մեծապէս օգտակար ըլլալ նորահաս սերունդին ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄ-ին մասնաւորապէս:
Այսօր, համագումարը իր աշխատանքները կը սկսի Եռաբլուր այցելութեամբ եւ սկաուտական «Արարատեան» կարգի մասնակիցներուն հետ հանդիպումով, ապա առանձին նիստերով կը շարունակէ իր քննարկումները: Օրուան ընթացքին մասնակիցները կ՛այցելեն Հայաստանի Ազգային արխիւ եւ «Երկիր մետիա»:




