«ԱԼԻՔ», Կ. Դ. – Երէկ՝ հոկտեմբերի 12-ին ազգային յուղարկաւորութեամբ Թեհրանում հողին յանձնւեց իրանահայ համայնքում իր ուրոյն տեղը զբաղեցնող, նւիրեալ ազգային-գաղափարական գործիչ Վարուժան Առաքելեանի դին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Ասպետ»-ի շքանշանակիր, ճարտարապետ Վարուժան Առաքելեանի յուղարկաւորութեան կարգը կատարւեց Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցում Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի նախագահութեամբ: Կրօնական կարգից յետոյ նախ փոխանցւեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի յղած ցաւակցագիրը Առաքելեան ընտանիքին, ապա ընթերցւեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի ցաւակացագիրը:
Իր դամբանականը փոխանցեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր արք. Չիֆթճեանը: Սրբազան հայրը ընդգծեց. «Այսօր մեր հրաժեշտի տուրքն ենք տալիս իրանահայ համայնքում կարեւոր մէկ անձնաւորութեան, որուն երկարամեայ կեանքը դատարկ օր չունեցաւ, ահաւասիկ մէկ անձնաւորութիւն որու սովորական հանդիպումները, արժեւորւեցին, լցւեցին մեր պատմութեան, մեր ճարտարպետութեան, մեր ազգային հարստութեան ունեցած արժէքներով»: Սրբազան հայրը կարեւորեց Վարուժան Առաքելեանի դրսեւորած բազմաբովանդակ ծառայութիւնը՝ հայ ժողովրդի, ի մասնաւորի իրանահայ համայնքի ազգային եկեղեցական արժէքների պահպանման եւ ազգային հաւաքական կեանքի նկատմամբ:

Սրբազան հայրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Վարուժան Առաքելեանի անմնացորդ դերը Ատրպատականում գտնւող Ծոր Ծորի Սուրբ Աստւածածին եկեղեցու գոյապահպանման ի խնդիր եւ նշեց, որ ի շնորհիւ նրա ազգային ծաւալուն աշխատանքների անմահացաւ նրա յիշատակը եւ ընդգծեց. «Մահից յետոյ նա ապրելու է ոչ միայն մարդկանց յիշողութեան մէջ, այլ քարերի յիշողութեան մէջ, տաճարների կառուցւած յիշողութեան մէջ եւ այս բոլորը հետեւաբար ստեղծում են անմահութեան ճանապարհը եւ երանի նրանց, որոնք այսպիսի անձանց կեանքին կը հետեւեն»: Սրբազան հայրը իր եւ Ատրպատականի հայոց թեմի անունից փոխանցեց ցաւակցութիւնը:
Յաւարտ կրօնական արարողութեան Վարուժան Առաքելեանի դին փոխադրող դագաղը ծածկւած Հ.Յ.Դ.-ի դրօշով, ուսամբարձ տեղափոխւեց եկեղեցու բակը, որտեղ Թ. Հ. Թ. Թեմական խորհրդի դամբանականը խորհրդի ատենադպիր Հայրիկ Աղանեանը, իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Իրանի հիւսիսային շրջանի Կենտրոնական կոմիտէի դամբանականը փոխանցեց Արտոյտ Զոհրաբեանը:
Ապա դին փոխադրւեց Թեհրանի Նոր Բուրաստան գերեզմանատուն, որտեղ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի նախագահութեամբ եւ քահանայ հայրերի մասնակցութեամբ կատարւեց գերեզմանի կարգը եւ Վարուժան Առաքելեանի դին ամփոփւելով գերեզմանատանը, եւ իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ:
Թաղման կրօնական արարողութեանը եւ յուղարկաւորութեանը ներկայ էին՝ Իրանի Իսլամական խորհրդարանում Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան, Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորներ՝ դկտր. Արա Շահվերդեանը եւ դկտր. Գեղարդ Մանսուրեանը, Հ.Յ.Դ.-ի Բիւրոյի անդամ Սեւան Դանիէլեանը, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Րաֆֆի Փիրումեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կենտրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ Յովսէփ Աւետեանը, Թ. Հ. Թ. Թեմական խորհրդի ատենապետ Վարուժ Յովհաննիսեանը, Պատգամաւորական ժողովի, ազգային մարմինների, միութիւնների ներկայացուցիչներ, հայ եւ իրանցի ճարտարապետներ եւ հայրենակիցներ:

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի յղած ցաւակցագիրը Առաքելեան ընտանիքին
Անթիլիաս, 10 հոկտեմբեր 2026
Ազնւափայլ
Տիկին Օժիկ Առաքելեան
Թեհրան
Սիրելի՛ Տիկին Առաքելեան,
Խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի ամուսնոյն Վարուժան Առաքելեանի մահւան գոյժը: Այս տխուր առիթով Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, եւ Ձեր զաւակներուն:
Մօտէն ճանչցած ենք Վարուժան Առաքելեանը, եւ յաճախակի հանդիպումներ ունեցած իր հետ, Թեհրանի թեմին տւած Հովւապետական մեր այցելութիւններու ընթացքին: Արդարեւ, իր ողջ կեանքի ընթացքին ան յատուկ սէր եւ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերած է միշտ մեր սուրբ եկեղեցւոյ ու ազգին նկատմամբ: Որպէս ճարտարապետ ան անգնահատելի աշխատանք է կատարած յուշարձաններու ու հնամենի վանքերու պահպանման ծիրէն ներս, ոչ միայն իր կատարած աշխատանքով այլ նաեւ նիւթական ներդրումով: Յատուկ գնահատանքի արժանի է Ծոր-Ծորի Ս. Աստւածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման մէջ իր կատարած կարեւոր աշխատանքը: Գոհունակութեամբ կը յիշենք նաեւ որ Մենք անձնապէս կատարեցինք յիշեալ եկեղեցւոյ վերաօծումը:
Վարուժան Առաքելեան եղած է սիրւած ու յարգւած անձնաւորութիւն ինչպէս մեր երջանկայիշատակ նախորդներուն, նոյնպէս եւ Մեր կողմէ: Որպէս գործնական արտայայտութիւն իր վաստակին նկատմամբ Մեր ունեցած գնահատանքին, իրեն շնորհած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ասպետի կարգի շքանշան:
Վերջին հրաժեշտի այս ամենատխուր հանգրւանին, միակ սփոփանքն ու մխիթարանքը քրիստոնէական հաւատքին մեզի տւած յարութեան յոյսն է: Այդ յոյսով գօտեպնդւած, կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որ Վարուժան Առաքելեանի հոգին ընդունի երկնային երանական խաղաղութեան մէջ: Կաղօթենք, որ Ամենաբարին Աստւած Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ մխիթարէ Ձեզ եւ Առաքելեան ընտանիքի համայն անդամները: Թող Աստւած Ձեզի եւ Ձեր հարազատներուն պարգեւէ երկար ու քաջառողջ տարիներ:
Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ:
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
