Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ՚ուղղէ համայնքին՝ զօրակցելու Սան ֆերնանտօ մասիս մասնաճիւղի ընդարձակման

Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ՚ուղղէ համայնքին՝ զօրակցելու Սան ֆերնանտօ մասիս մասնաճիւղի ընդարձակման

Հ․Մ․Ը․Մ․Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ 2.5 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ. Հ․Մ․Ը․Մ․Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ՝ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՄԱՍԻՍ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿՄԱՆ

ԾՐԱԳԻՐԻՆ Այս բացառիկ նուիրատուութեամբ հիմը կը դրուի 8 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրի մը, որ պիտի գրեթէ եռապատկէ մասնաճիւղի ծածկուած տարածքը՝ ի սպաս Սան Ֆերնանտոյի հովիտին աւելի քան 100,000 հայեր հաշուող համայնքին։

Հ․Մ․Ը․Մ․ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Եղբ. Վարանդ եւ Քոյր. Հուրի Մելքոնեաններուն՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Սան Ֆերնանտօ Մասիս մասնաճիւղի «Մելքոնեան մարզահամալիր»ի կառուցման համար 2.5 միլիոն տոլար նուիրելու իրենց բացառիկ յանձնառութեան առթիւ։ Միաժամանակ, Շրջանային Վարչութիւնը կոչ կ՚ուղղէ ամերիկահայ համայնքին՝ իր մասնակցութիւնը բերելու այս պատմական նախաձեռնութեան, որ նպատակ ունի ընդլայնելու երիտասարդութեան մարզական, սկաուտական եւ համայնքային գործունէութեան կարելիութիւնները՝ աւելի քան 100,000 հայեր հաշուող շրջանի մը մէջ։

Նախատեսուած «Մելքոնեան մարզահամալիր»ի շինարարական ծրագիրը, որուն ընդհանուր արժողութիւնը կը գնահատուի 8 միլիոն տոլար, պիտի գրեթէ եռապատկէ մասնաճիւղի ծածկուած տարածքը՝ շուրջ 11,000 քառակուսի ոտքէն հասցնելով զայն աւելի քան 31,000 քառակուսի ոտքի։

Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն եւ արագօրէն աճող հայ համայնքներէն մէկուն կեդրոնը գտնուող Հ․Մ․Ը․Մ․ի Սան Ֆերնանտօ Մասիս մասնաճիւղը ներկայիս կը համախմբէ աւելի քան 1,260 գործօն անդամներ, որոնցմէ աւելի քան 850-ը պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներ են։ Մասնաճիւղի ներկայ տարածքը այլեւս չի բաւեր աճող կարիքները հոգալու։ Աւելի քան 100 մարզիկներ ստիպուած են մարզուիլ այլուր վարձուած մարզասրահներու մէջ, մինչ տարածքի անբաւարարութեան պատճառով աւելի քան 200 պատանի ու երիտասարդ մարզիկներ եւ ընտանիքներ կը մնան սպասման ցուցակին վրայ։

Նոր մարզահամալիրի իրականացումը պիտի ընձեռէ անհրաժեշտ կարելիութիւնները մարզական, սկաուտական եւ կրթական ծրագիրներու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ շրջանային ձեռնարկներու կազմակերպման համար, որպէսզի Հ․Մ․Ը․Մ․ի ընտանիքին մաս կազմել փափաքող իւրաքանչիւր երեխայ ունենայ մարզուելու, համախմբուելու եւ զարգանալու իր յարկը։

«Եղբ. Վարանդ եւ Քոյր. Հուրի Մելքոնեաններ պատմական օրինակ մը կու տան այն իրագործումներուն, որոնք կարելի կը դառնան, երբ հեռատես բարերարութիւնը կը

զուգորդուի համայնքի նուիրեալ աշխատանքին», յայտնեց Հ․Մ․Ը․Մ․ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Եղբ. Զարեհ Մովսէսեան։

«Սան Ֆերնանտոյի հովիտին մէջ բնակող աւելի քան 100,000 հայերու եւ մարզուելու կարելիութեան սպասող բազմաթիւ երիտասարդ մարզիկներու առկայութեան պայմաններուն մէջ, այս ծրագիրը շատ աւելին է, քան շէնքի մը պարզ ընդարձակումը։ Ան գալիք սերունդներուն ուղղուած ներդրում մըն է՝ ի նպաստ մեր երիտասարդութեան ֆիզիքական, բարոյական եւ մշակութային կենսունակութեան։ Մելքոնեան ընտանիքը դրաւ այս նախաձեռնութեան հիմնաքարը։ Այժմ կոչ կ՚ուղղենք ամերիկահայ մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամին, ծնողին, նախկին անդամին եւ բարերարին՝ հետեւելու անոնց նուիրումի օրինակին եւ նպաստելու «Մելքոնեան մարզահամալիր»ի լիակատար իրականացման»։

Այս մեծարժէք նուիրատուութիւնը Հ․Մ․Ը․Մ․ին եւ հայ համայնքին մատուցուած տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութեան արժանաւոր շարունակութիւնն է։ Եղբ. Վարանդ Մելքոնեան իր պատանեկան տարիքէն իսկ Հ․Մ․Ը․Մ․ի գործօն անդամ եղած է՝ պատասխանատու պաշտօններ վարելով մասնաճիւղային եւ շրջանային մակարդակներու վրայ եւ սատարելով միութենական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու։ Առ ի գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան, օրինակելի նկարագրին եւ ղեկավարական արժանիքներուն՝ 2022-ին ան արժանացած է «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» պատիւին։

Այս մեծարժէք նուիրատուութիւնը Հ․Մ․Ը․Մ․ին եւ հայ համայնքին մատուցուած տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութեան արժանաւոր շարունակութիւնն է։ Եղբ. Վարանդ Մելքոնեան իր պատանեկան տարիքէն իսկ Հ․Մ․Ը․Մ․ի գործօն անդամ եղած է՝ պատասխանատու պաշտօններ վարելով մասնաճիւղային եւ շրջանային մակարդակներու վրայ եւ սատարելով միութենական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու։ Առ ի գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան, օրինակելի նկարագրին եւ ղեկավարական արժանիքներուն՝ 2022-ին ան արժանացած է «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» պատիւին։

Շրջանային Վարչութիւնը բարձր կը գնահատէ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Սան Ֆերնանտօ Մասիս մասնաճիւղի Վարչութեան հեռատեսութիւնն ու ղեկավարական դերակատարութիւնը այս մեծածաւալ ծրագիրի առաջմղման աշխատանքներուն մէջ եւ կը յանձնառու ըլլայ իր ամբողջական զօրակցութիւնը բերելու անոր իրականացման։

Համայնքի անդամները, ընտանիքներն ու համակիրները, որոնք կը փափաքին նպաստել

«Մելքոնեան մարզահամալիր»ի կառուցման հանգանակութեան կամ տեղեկութիւններ ստանալ համագործակցութեան եւ անուանակոչման կարելիութիւններուն մասին, կրնան դիմել Հ․Մ․Ը․Մ․ի Սան Ֆերնանտօ Մասիս մասնաճիւղի Վարչութեան կամ Շրջանային Վարչութեան՝ office.wusa@homenetmen.org ելեկտրոնային հասցէով կամ (323) 344-4300 հեռաձայնահամարով։ Հ․Մ․Ը․Մ․Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

1918-ին հիմնադրուած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ․Մ․Ը․Մ․) համաշխարհային, ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որ մարզական եւ սկաուտական գործունէութեան ընդմէջէն կը նպաստէ հայ երիտասարդութեան ֆիզիքական, բարոյական եւ քաղաքացիական զարգացման։ Հաւատարիմ իր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանը կը համակարգէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող իր մասնաճիւղերուն աշխատանքները՝ ամէն տարի ծառայելով հազարաւոր երիտասարդներու եւ ընտանիքներու։

Մամլոյ կապ՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Շրջանային Վարչութիւն

Share