Ոչ եւս է արդարութեան մարտիկ Հրայր Քիլինճեան

Ոչ եւս է արդարութեան մարտիկ Հրայր Քիլինճեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն խոր ցաւով կը գուժէ Հայ Դատի նուիրեալ, Արդարութեան Մարտիկ, Ընկեր ՀՐԱՅՐ ՔԻԼԻՆՃԵԱՆ-ի մահը, որ պատահեցաւ այսօր՝ 22 Մարտ 2023-ին, Մարսէյի մէջ:

Մաքս-Հրայր Քիլինճեան ձերբակալուած էր 1980-ին՝ Զուիցերիոյ մէջ թուրք դեսպանը ահաբեկելու ամբաստանութեամբ, սակայն հանրային բուռն դատավարութենէ ետք, իբրեւ դատապաշտպան ունենալով կարկառուն փաստաբաններ Փաթրիք Տեւէճեանն ու Հանրի Լըքլէրը, անմեղ հռչակուած եւ ազատ արձակուած էր: Էքս Ան Փրովանսի դատարանին առջեւ տեղի ունեցած ժողովրդային զօրակցութեան բազմահազար ցոյցը, ինչպէս նաեւ աշխարհով մէկ կայացած նմանատիպ հաւաքները կը մնան թարմ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:

Share