Յոբելինական շնորհաբաշխութիւն  Վենթուրա գաւառի ծուխէն ներս

Յոբելինական շնորհաբաշխութիւն Վենթուրա գաւառի ծուխէն ներս

       Կիրակի՝ 12 Մարտ, 2023-ի յաւարտ Ս․ Պատարագի, Վենթուրա գաւառի եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելինական շնորհաբաշխութիւն, որ մէկտեղած էր բազում հաւատացեալներ եւ հիւրեր՝ միասնաբար վայելելու  համար  օրուան գեղեցիկ ու հոգեզմայլ հանդիսութիւնը։

        Շնորհաբաշխութեան եւ սիրոյ ճաշի արարողութիւնը բացուեցաւ Վենթուրա գաւառի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Գեւորգ Քհնյ․ Աբեանի աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։

     Յընթացս միջոցառման մեկնարկուեցաւ շնորհաբաշխութեան գեղեցիկ արարողութիւնը, որով հոգեւոր հովիւ Տ․ Գեւորգ Քհնյ․ Աբեան՝  օրուան մեծարեալ, եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի, Ազնուաշուք Տիկին Ալիս Կրումեանին փոխացեց Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի Օրհնութեան Գիրը եւ «Արքեպիսկոպոսի Մրցանակ» բարձրագոյն պարգեւը՝ ի նշան երկարամեայ եւ նուիրեալ ուսուցչութեան եւ ծառայութեան։

      Ապա ներկաները յոտնկայս ծափողջոյններով շնորհաւորեցին յոբելեարը այս բարձրագոյն մրցանակի, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ անակնկալի համար։

      Խանդավառ միջոցառումը, պարուրուած ընկերական եւ բարեկամական ջերմ մթնոլորտի ներքոյ, շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ։

     Հուսկ, Արժ․ Տ․ Գեւորգ Քհնյ․ Աբեան իր երախտիքի խօսքն ուղղեց ամենքին, իրենց տարած բծախնդիր եւ սիրայօժար աշխատանքին առթիւ։

      Օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ Տէրուանական «Հայր Մեր» աղօթքով:

Դիւան Առաջնորդարանի

20 Մարտի, 2023

Share