Փիլիպոս վարժարանի աշակերտների այցելութիւն Ազգ. Առաջնորդարան

Փիլիպոս վարժարանի աշակերտների այցելութիւն Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 7 Մայիս 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Փիլիպոս վարժարանի 8-րդ կարգի մօտաւորապէս 60 աշակերտներուն, որոնք, միջնակարգէն երկրորդական բաժանմունք անցման նախօրեակին, եկած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական օրհնութիւնները ստանալու:

Աշակերտական խումբը Ազգ. Առաջնորդարան մուտք գործեց հսկողութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Դոկտ. Սիւզի Օհանեանի եւ ընկերակցութեամբ ուսուցիչ-դաստիարակներու: Պատանի աշակերտները Տիգրան եւ Զարուհի Ղազարեան դահլիճին մէջ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր (աղօթք, երգ, ասմունք, խմբերգ), ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Տիկին Լուսինէ Մելիքսէթեանի:

Ուշագրաւ երեւոյթը այն էր, որ հայ մատղաշ սերունդի տղաքն ու աղջիկները անգիր սորված էին աղօթքներ, շարականներ, ազգայնաշունչ ասմունք ու երգ, զորս մատուցեցին անսխալ եւ շատ սահուն կերպով: Մեծապէս ծափահարելի էր մանաւա՛նդ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» գրաբար աղօթքի մատուցումը, զոր խմբական ասմունքի ձեւի տակ, տուն առ տուն արտասանեցին կարգ մը աշակերտներ, խորապէս տպաւորելով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց վարժարանի պատասխանատուներուն քրիստոնէավայել աշխատանքն ու ազգային մօտեցումը՝ հայ հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու նկատմամբ:

Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս խրախուսեց այցելու աշակերտները՝ հայկական ինքնութիւնն ու հայ-քրիստոնէական մշակոյթը լաւապէս իւրացնելու եւ իրենց ամբողջ կեանքին մէջ ազգի ոգեղէն արժէքներուն տէր կանգնելու առումով, ապա իր մտածումները փոխանցեց՝ աշակերտներուն հետ ծաւալելով հետաքրքրական երկխօսութիւն եւ այս առիթով, ուսումնառութեան նոր հանգրուանի սեմին կանգնած պատանի այցելուներուն մաղթեց յաջողութեամբ լեցուն նոր տարեշրջաններ:  

Հուսկ,  յանուն ութերորդ կարգի աշակերտներուն, Տիկին Օհանեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղղած իր շնորհակալական խօսքերուն հետ անոր նուիրեց Ազգ. Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի խորհրդանիշ արծիւը կրող յատուկ յուշանուէր, մինչ, Ազգ. Առաջնորդարանէն բաժանման պահուն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս պատանի այցելուներուն առ ի գնահատական իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց շռայլօրէն՝ անոնց ստեղծած աղօթական պահը կոչելով խիստ օրինակելի, ապա իւրաքանչիւրին նուիրեց փայտեայ վզի խաչ, հայ ազգի նորելուկ աշակերտները յանձնելով Խաչեալ Քրիստոսի  պաշտպանական զօրութեան:

Share