Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

Երէկ` ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի` ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու դիւաններուն:

Հանդիպման ընթացքին, վեհափառ հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հանրապետութեան նախագահին` բարձր գնահատելով անոր շարունակական ճիգերը` ամրապնդելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ ներքին խաղաղութիւնը, զարգացնելու երկրին տնտեսութիւնը եւ պահպանելու ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:

Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը շեշտեց Լիբանանի հողային ամբողջականութեան, պետական գերիշխանութեան եւ անկախութեան պահպանման հրամայականը: Ան նաեւ ընդգծեց հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած հողերէն Իսրայէլի հեռացման անհրաժեշտութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը վերահաստատեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր աշխարհասփիւռ թեմերով ու համայնքներով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ սփիւռքի հայութիւնը, զօրավիգ կը կանգնին Լիբանանի անկախութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը ամրացնելու ճիգերուն:

Հանդիպման ընթացքին, վեհափառ հայրապետը նաեւ շնորհաւորեց նախագահ Ժոզեֆ Աունը Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով` շեշտելով, որ անկախութեան տարեդարձը իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար պէտք է առիթ հանդիսանայ վերահաստատելու իր հաւատարմութիւնը Լիբանանի նկատմամբ:

Իր կարգին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանահայ համայնքին նշանակալից ներդրումը Լիբանանի հասարակական կեանքին մէջ` շեշտելով, որ հայ համայնքը Լիբանանի հասարակութեան անբաժանելի մէկ մասնիկը կը կազմէ եւ իր գործօն մասնակցութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունի երկրին զարգացման ու բարգաւաճման մէջ:

Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը հանրապետութեան նախագահը հրաւիրեց կատարելու վերջերս կառուցումը աւարտած կաթողիկոսարանի «Պէզիքեան» համագումարներու նոր կեդրոնին պաշտօնական բացումը:

Հանդիպման աւարտին, յանուն վեհափառ հայրապետին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան արաբերէնով յայտարարութիւն մը կատարեց մամուլին:

Share