Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս վստահութիւն յայտնեց, որ ներկայ տագնապը Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը ամրապնդող եւ Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը կանխարգիլող ձեւով պիտի աւարտի:
Ան շեշտեց, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ կայունութեան վերականգնումը պիտի նպաստէ ամերիկացիներուն համար քարիւղի եւ կազի գիներու կայունացման:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին կարծիքով, իրանցիներուն խնդիրը այն է, որ կու տան խոստումներ, զորս չեն յարգեր, համաձայնութիւններ կը կնքեն, ապա անոնց կէտերը չեն յարգեր:
Ան Իրանի հետ կացութիւնը փոփոխական ու անկայուն որակեց` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ անհրաժեշտ գործիքները ունին Իրանին գործնական քայլեր որդեգրել ստիպելու:
Ան ըսաւ, որ ամերիկեան վարչակազմը կը կեդրոնանայ ուժանիւթի թղթածրարին վրայ` երաշխաւորելու համար, որ քարիւղի եւ կազի գիները ամերիկացիներուն համար տանելի ըլլան` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դիւանագիտական, զինուորական ու տնտեսական ընդարձակ գործիքներ ունի` Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար:
Վանս նաեւ ընդգծեց, որ ներկայիս Ուաշինկթընի թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը միջազգային տնտեսութեան ուժանիւթի մատակարարման շարունակութիւնն է, իսկ Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը վերջնականապէս արգիլելը` երկրորդը:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ սպառնաց Իրանի դէմ հաստատել տնտեսական մեկուսացում մը, որուն համազօրը աշխարհը նախապէս չէ տեսած` աւելցնելով, որ կը նախատեսուի, թէ յառաջիկայ շաբաթ նոր քայլեր որդեգրուին:
Ան ամերիկեան պահպանողական «Նիուզ Մաքս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այդ քայլերը «խառնուրդ մը պիտի ըլլան տնտեսական մեկուսացումի, որուն նմանը աշխարհը նախապէս չէ տեսած»:
«Հորմուզի նեղուցին մէջ շարունակուող շրջափակումը պատճառ պիտի դառնայ, որ որեւէ բան իրանեան նաւահանգիստներ մուտք չգործէ, եւ որեւէ բան անոնցմէ դուրս չելլէ», աւելցուց նախարարը:
Պեսենթ բոլորին կոչ ուղղեց` յառաջիկայ շաբաթ յաւելեալ յայտարարութիւններ սպասելու` քայլերը նկարագրելով իբրեւ ելեւմտական ճնշումն ու նաւահանգիստներու շրջափակումը միաւորող:
