Ի յիշատակ ընկեր Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի

Ի յիշատակ ընկեր Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի

Երկուշաբթի, 10 Օգոստոսին, ի յիշատակ ընկեր Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի հոգեհանգստեան արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս Հայոց եկեղեցւոյ մէջ։
Շրջանի հովիւ՝ գերպ. Տէր Հրանդ ծ. վարդապետ Թահանեանի կողքին, ներկայ էր նաեւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան։
Գերպ. Տէր Հրանդ Ծ. վարդապետ Թահանեան վեր առաւ ընկեր Թաթուլին վաստակը հայութեան հաւաքական կեանքին եւ մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան հասարակական, կազմակերպական եւ միութենական կեանքերուն մէջ, նշելով, թէ ան ծնած է Գահիրէ եւ համալսարանական իր ուսումը աւարտելէ ետք, աշխատակցած է տարբեր օրաթերթերու, շաբաթաթերթերու եւ ամսաթերթերու, ձեւաւորելով անոնց կողքերը։ Ան մեծ պատասխանատւութեամբ վարած է Հ.Յ.Դ. եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան արխիւներու պատասխանատուի պաշտօնը՝ անձնուիրաբար եւ հաւատարմօրէն կատարելով իրեն տրուած բոլոր պարտականութիւնները։ Զուգահեռաբար այս պաշտօնին, ընկեր Թաթուլ նաեւ վարած է «Արմինիըն Ռիվիու»ի խմբագիրի պաշտօնը։
Շուրջ երեսուն տարի Հայ Օգնութեան Միութեան Հրատարակութեան բաժանմունքը տնօրինելէ ետք, հանգստեան կոչուեցաւ Յունուար 2024-ին։

Share