Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախատեսեց, որ Իրանի հետ պատերազմը շուտով աւարտի: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Երբ կը դիտէք, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, կը տեսնէք, թէ այդ մէկը կը կատարենք չափազանց կարեւոր հարցի մը համար` անոնց չենք կրնար արտօնել հիւլէական զէնք ունենալ:
«Կը կարծեմ, թէ մարդոց մեծամասնութիւնը ատոր կը գիտակցին: Կը գիտակցին, թէ այն, ինչ որ կ՛ընենք, ճիշդ է, եւ շուտով պիտի աւարտի», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Աղբիւրներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թրամփի խորհրդականները հետզհետէ աւելի մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ հանրապետականները կրնան վառելանիւթի գիներու բարձրացման պատճառով քաղաքական գին մը վճարել:
Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, թէ Թրամփի խորհրդականները աշխատանք կը տանին պատերազմը աւարտելու` Միացեալ Նահանգներու մէջ միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ վառելանիւթի գիները նուազեցնելու համար:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան ստորագրման կարելիութեան շուրջ լուրերը` ընդգծելով, որ իբրեւ միջնորդ այդ առնչութեամբ մանրամասնութիւններ պիտի չբացայայտէ` երկու կողմերուն վստահութիւնը չկորսնցնելու համար:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ տեղեակ չէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան ստորագրման վայրէն` աւելցնելով, որ Փաքիստանի համար հպարտութեան առիթ պիտի ըլլայ, եթէ ստորագրումը Իսլամապատի մէջ տեղի ունենայ:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը իր կարգին ըսաւ, որ կարելի չէ գիտնալ, թէ երկու կողմերը համաձայնութեան ստորագրման պահէն որքան մօտ կամ հեռու են: Ան, սակայն, լաւատեսութիւն յայտնեց:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առաջարկուած համաձայնութիւնը իրանեան վարչակարգին համար «փրկութեան լաստ» մը պիտի ըլլայ եւ իրանեան հրթիռային զինանոցը անվնաս կրնայ ձգել:
Իսրայէլացի պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ առաջարկուող համաձայնութիւնը Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի աշխատանքի ազատութիւնը պիտի սահմանափակէ` նշելով, որ համաձայնութիւնը իւրանիոմի հարստացումը միայն 15 տարիով պիտի խոչընդոտէ:
