Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը կոչ ուղղած է Ազրպէյճանին՝ անհապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայերը։ Նախաձեռնութիւնը, որուն հեղինակն է Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ, քոնկրեսական Պրետ Շըրմընը՝ յանձնախումբի նախագահ Պրայըն Մասթի աջակցութեամբ, յանձնախումբի 44 անդամներու կողմէ արժանացած է կողմ ձայներու, մինչ 7 անդամ դէմ քուէարկած են։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ANCA) մամուլի բանբեր Եղիսաբեթ Չուլճեանի խօսքով՝ ասիկա Ուաշինկթընէն Պաքու ուղղուած ազդեցիկ ուղերձ մըն է։
«Ազրպէյճանի կողմէ պատանդներու ազատ արձակումը, Արցախի բռնի տեղահանուած բնակչութեան ապահով վերադարձը եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ազրպէյճանական զօրքերու դուրսբերումը սակարկութեան առարկայ չեն։ Անոնք իրական խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտ նախապայմաններն են եւ չեն կրնար Պաքուի համար ծառայել որպէս բանակցային պայմաններ», նշած է Չուլճեանը։
Անոր խօսքով՝ առաջարկին նախնական տարբերակին մէջ ներառուած էր նաեւ «Ազատութեան աջակցութեան օրէնք»-ի 907-րդ յօդուածին սահմանափակումներու ամբողջական կիրարկման պահանջը, որ կը նախատեսէ Միացեալ Նահանգներու ռազմական աջակցութեան սահմանափակումներ Ազրպէյճանի նկատմամբ։ Սակայն յանձնախումբի նախագահին աջակցութիւնը ապահովելու եւ նախագիծը առաջ մղելու համար Շըրմընը համաձայնած է այս փուլին փաստաթուղթը սահմանափակել միայն ռազմագերիներու հարցով։
