Փրակայի Աշունը

Փրակայի Աշունը

Պատմութեան մէջ անջնջելօրէն արձանագրուած են 1968-ի 5 Յունուարէն 21 Օգոստոս երկարող ամիսները, երբ Չեխոսլովաք (այդ օրերուն Չեխիան եւ Սլովաքիան միասնաբար մէկ երկիր կը կազմէին) ժողովուրդը ցասում ու զայրոյթ արտայայտեց Խորհրդային Միութեան դէմ: Այդ շարժումը ծանօթ է իբրեւ «Փրակայի գարուն»: Ցոյցեր, բողոք եւ ընդհարումներ՝ որոնք աւարտեցան կարմիր Մոսկուայի եւ իր արբանեակ երկիրներու զինուորական միջամտութեամբ:

Վլթավա գետի ափին, Չեխիոյ գեղեցիկ մայրաքաղաքին՝ Փրակայի մէջ, այս տարուան աշնան օրերուն՝ 6 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ նորաստեղծ՝ «Եւրոպական քաղաքական համայնք»-ի գագաթաժողովը: Չեխ ժողովուրդին համար իւրայատուկ եւ գեր տպաւորիչ է Փրակայի աշունը, որ հաւանաբար նոյնքան տպաւորեց այդ ժողովին մասնակցող քաղաքական ընտրանին:

Աշունը որքան ներգրաւէ այցելողը՝ իր բնական տեսարաններով, նոյնքան ալ կը ստեղծէ մելամաղձութիւն, տրտմութիւն, «ժամանակին…», «էր երբեմն»-ի յուշեր դարբնող տխրութիւն եւ անշուշտ նաեւ տերեւաթափ, իր տարբեր իմաստներով եւ ըմբռնումով:

Հայորդիին համար շատ աւելի տխուր եւ թախծոտ էր Չեխիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքը, որ պարզ ու մեկին կարելի է բնութագրել իբրեւ «Փրակայի աշուն»:

Աշուն մը, ուրկէ ակներեւ կերպով բացակայ էր հայկական կողմի դիւանագիտութիւնը, որ կոչուած էր ըլլալու թշնամիին անօդաչու սարքին չափ ազդու եւ կործանիչ: Հայրենի դիւանագիտութիւն մը՝ որուն նշաձողը արդէն այնքան վար իջած է, որ գետնի հաւասար դարձած է, եթէ ոչ՝ մառան մը իջած…

Թէեւ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած, սակայն ահազանգային են Պաքուի բռնապետին խօսքերը, թէ՝ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու գործընթացը արագացած է եւ թէ՝ հայկական կողմն ու Եւրոպայի Խորհուրդը հարցեր չունին ատրպէյճանական կողմի առաջադրած հինգ սկզբունքներու առնչութեամբ: Թուրքոյ նախագահը նոյնքա՜ն «վեհանձն» է եւ «առատաձեռն»: Ան Հայաստանի հետ համաձայնագիր կնքելու եւ սահմանները (նախ եւ առաջ երրորդ երկիրներու ժողովուրդներու առջեւ) բանալու համար, ո՛չ մէկ նախապայման ունի, բացի այն՝ որ… Հայաստան ընդունի Պաքուի բոլոր պարտադրանքները:

Ազերիական հինգ կէտերը շատո՜նց յստակ են.

– Արցախի Պաշտպանութեան բանակի լուծարկում:

– Առանց որեւէ ինքնավարութեան կարգավիճակի՝ Արցախի միացումը Ատրպէյճանին եւ այդ «կարգավիճակին» ճանաչումը: Աւելի մանրամասնելով, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պիտի առաջադրէ ներկայացուցիչ, որ պիտի աշխատի Լեռնային Ղարաբաղի ծագումով հայ համայնքի նշանակած ներկայացուցչին հետ՝ քննելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու իրաւունքները եւ ապահովութիւնը։

– Նախիջեւանի հետ կապ հաստատելու համար, Հայաստանի տարածքով միջանցքի ստեղծում:

– 1919-1920 տարիներու անյայտ քարտէսներով սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց: (Ի դէպ, միայն քարտէսները անյայտ չեն, այլ այդ տարիներուն շատ բան անորոշ էր ու անյայտ, իսկ եթէ փնտռող ըլլայ, կրնայ շատ բան ի նպաստ հայութեան գտնել):

– Անյայտ կորած ատրպէյճանցիներու ճակատագրի յստակացում: Հրապարակ նետուած են «աստղաբաշխական» թիւեր:

Հաւանաբար վերջին կէտը ստեղծէ ամբողջականօրէն անձնատուր ըլլալու կարգավիճակ մը, թէեւ մնացեալ կէտերը անակնկալ չեն: Այս ընթացքով, ու եթէ այսպէս շարունակուին խօսակցութիւններն ու պարտուողական համաձայնագրերու ստորագրումը, մօտիկ ապագային Հայաստան պիտի մեղադրուի իբրեւ… պատերազմական յանցագործ:

Այս պատկերին դիմաց, ինչպէ՞ս չզայրանալ, չըմբոստանալ եւ չընդվզիլ , երբ յիշենք «դիմացին»-ին կատարածները, անցեալ 13 Սեպտեմբերին գերեվարուած անմեղ զինուորներու դաժան գնդակահարումէն, կին զինուորի մը տանջահար սպանութենէն՝ մինչեւ 19 Փետրուար 2004, Պուտափէշթի մէջ Գուրգէն Մարգարեանի կացինով գլխահատումը »հերոս» Ռամիլ Սաֆարովի ձեռամբ, սահմանագիծէն եւ ռազմադաշտերէն շատ հեռու: Իսկ անոնց միջեւ կան բազմաթիւ դաժան փուլեր՝ ահաբեկիչներու օգտագործումով պատերա՜զմ, յաճախակի կրակոցներու զոհե՜ր, նիւթական անհաշիւ կորուստնե՜ր: Այսօր ո՜վ կը յիշէ Ստեփանակերտի եւ այլ աւաններու, շրջակայ անտառուտ բարձունքներու արգիլեալ՝ ֆոսֆորային ականներով ռմբակոծումը… Ահա թէ ի՛նչ ունէինք ի մտի, երբ ակնարկութիւն կ՚ընէինք Երեւանի դիւանագիտական բազուկին ինքնաանդամալուծման:

Սուլթանամէտ Էրտողանի հետ, վարչապետ Փաշինեան ունեցաւ երկար ձեռքսեղմումներ, ապա Սանթ Փեթըրզպուրկ այցելութենէն ետք, ձեռնածալ վերադարձաւ Երեւան, երկար ձեռքսեղմումներ ունենալով իր հլու կամակատարներուն հետ:

Արդեօք դեռ ժամանակ կա՞յ սպասելու, որ վարչապետն ու իր (թշնամիին կամակատար) ընտրանին ետդարձ ընեն իրենց ստեղծած ահաւոր եւ գահավէժ ընթացքէն: Այլապէս, Հայաստան եւ հայութիւնը, «Փրակայի աշուն»-էն ետք, ահաւոր, սաստիկ եւ նոր կորուստներ խոստացող ձմրան սեմին պիտի կանգնին, իշխանաւորներուն համակիրները պիտի շարունակեն գովերգել իրենց պաշտելին եւ հաւատարիմ պիտի մնան «մեզի ի՜նչ» վարմունքին:

Յովհաննէս Շիրազը պիտի ըսէր. «Ալ բաւակա՛ն է, չպէ՛տք է լռել»: Պէտք է սթափիլ եւ գտնել ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՈՒՂԻՆ:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Share