Նիկոլ Փաշինեան՝ Անպատժելին

Նիկոլ Փաշինեան՝ Անպատժելին

Սեդօ Պոյաճեան

Յունիս 27, 2022

Նիկոլ Փաշինեան կ՛ընէ ինչ, որ կ՚ուզէ (կամ իրեն կը թելադրուի) ընել։

Ան կ՚ընէ ուզածը (կամ իրեն պարտադրուածը), որովհետեւ գիտէ որ կրնայ ընել։

Ան գիտէ կրնայ ընել, որովհետեւ զինք զսպող ուժ չկայ։

Ան կ՚ընէ իր ուզածը (կամ իրեն թելադրուածը) վստահութեամբ ու անթաքոյց, որովհետեւ անձնապէս գին պիտի չվճարէ ըրածին համար։

Ան կարողութիւնը ունի առանց վարանումի ամբողջ երկիրը յանձնելու թշնամիին եւ շարունակելու իր գործը ամենայն խաղաղութեամբ ու գոհունակութեամբ՝ առանց գին վճարելու։

Հետեւաբար, այսօր Նիկոլ Փաշինեան հզօրագոյն մարդն է Հայաստանի մէջ։ Ան ամենէն կարողն է երկրի տարածքին։ Ան ուժեղագոյնն է ժողովուրդին մէջ։

Բայց ինչո՞ւ այսպէս է։

Այսպէս է, որովհետեւ ան գին չվճարեց ու կը շարունակէ չվճարել իր արարքներուն համար։ Ան կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ, որովհետեւ չի գտնուիր մէկը, որպէսզի իր ըրածներուն գինը վճարել տալ այս մարդուն։

Նիկոլ Փաշինեան այսպէս է, որովհետեւ ո՛չ ոք պատժեց զինք իր ըրածներին համար։

Իրողապէս եւ գործնապէս Փաշինեան մնաց, կը մնայ ու, մեր այս ընթացքով, պիտի մնայ անպատժելի։

Մենք պիտի շարունակենք զինք քննադատել, ծիծաղիլ իր վրայ, արհամարհել զինք, եւ այդպէսով բաւարարուիլ, բայց Նիկոլ Փաշինեան պիտի շարունակէ իր աղէտաբեր ընթացքը առանց անձնապէս գին վճարելու՝ անպատժելիութեամբ։

Մենք մեզի սորվեցուցած ենք, մինչեւ իսկ պարտադրած ենք, լուռ մնալ, զուսպ ըլլալ, կիրթ ձեւանալ, որովհետեւ հայրենիքն ու ժողովուրդը պէտք չէ ցնցել։

Վերջին երեք ու կէս տարիներուն այս ժողովուրդը ցնցումէ ցնցում գնաց Փաշինեանի ճամբով, ալ ի՞նչ «ցնցումի» մասին է խօսքը։

Որոշում կայ առնուելիք, բայց չառնուիր։ Գործ կայ կատարելիք, բայց չի կատարուիր։

Երբ չես որոշեր եւ չես կատարեր, ժամանակը կու գայ այդ որոշումն ու գործը ընելու, բայց ժամանակի որոշումն ու գործը կրնան միայն քեզի դէմ ըլլալ։

Նիկոլը պիտի շարունակէ գործել՝ անպատժելի, մինչեւ որ ժամանակը գայ եւ քեզի դարձնէ պատժելի։

Share