Ազգային բարերար Ճէրի Թրբանճեանի թաղման կարգը Էջմիածնի մէջ

Ազգային բարերար Ճէրի Թրբանճեանի թաղման կարգը Էջմիածնի մէջ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ազգային Բարերար Տիար Ճէրի Թրբանճեանի Հանդիսաւոր Թաղման Կարգը

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Նոյեմբեր 27-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի ազգային բարերար Տիար Ճէրի Թրբանճեանի թաղման արարողութիւնը: Մեծանուն բարեարը իր մահկանացուն կնքած էր Նոյեմբերի սկիզբը, Լոս Անճէլըսի մէջ: 

Թաղման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ. Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, որ օրեր առաջ հանգուցեալի հարազատներու ընկերակցութեամբ ժամանած էր Հայաստան:  

Թաղմանական կարգի աւարտին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց հանգուցեալի հարազատներուն եւ մտերիմներուն, վեր առանելով լուսահոգի Ճէրի Թրբանճեանի բազմավաստակ ու ազգաշահ իրագործումները: 

Դիւան Առաջնորդարանի 

Նոյեմբեր 29, 2024 

Share