Լիբանանի Նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ ետք հասաւ Սպիտակ տուն, ուր դիմաւորուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ:
Նախքան դռնփակ հանդիպումը, Թրամփ յայտնեց, որ Լիբանանի հետ յարաբերութիւնը լաւ է, եւ Լիբանանի նախագահը մեծ յարգանք կը վայելէ, «լաւ ժողովներ գումարեցինք, եւ Լիբանանին վերաբերող բազմաթիւ խնդիրներ պիտի լուծենք»:
«Կը կարծեմ, որ Լիբանանը երկիր մըն է, որուն հետ երկար ժամանակ վատ վարուելակերպ ցուցաբերուած է, եւ Լիբանանի համար բազմաթիւ խնդիրներ պիտի լուծենք եւ անոնց մէկ քանին արդէն լուծեցինք», աւելցուց ան:
Ան ըսաւ, որ Աբրահամեան համաձայնութիւնները շատ յաջող էին, եւ այլ երկիրներ եւս հետագային անոնց պիտի միանան:
Պատասխանելով հարցումի մը` Միացեալ Նահանգներու նախագահ ըսաւ. «Եթէ Լիբանանի նախագահը ուզէ, որ Հըզպալլայի հետ խօսիմ, պիտի խօսիմ»:
«Նախագահ Աուն Լիբանանի մէջ հոյակապ աշխատանք պիտի տանի, ինչպէս նախագահ Շարհը կատարեց Սուրիոյ մէջ եւ զայն միաւորեց», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ պատասխանելով հարցումի մը ըսաւ. «Շարհը կրնայ գալ Հըզպալլայի դէմ բան մը ընելու, եւ նախապէս երկար ժամանակ կուսակցութեան դէմ կռուած է»` աւելցնելով. «Սուրիոյ նախագահը կ՛ուզէ Հըզպալլայի հարցով բան մը ընել, եւ կը կարծեմ, որ ատիկա իրապէս պիտի ընէ»:
Խօսելով Իրանի վրայ յարձակումներուն մասին` Թրամփ նշեց. «Տակաւին ոչինչ տեսան»:
Նախագահ Աուն իր կարգին ըսաւ. «Նախագահ Թրամփին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ` միասնաբար մեր իրագործած պատմական ձեռքբերումներուն համար, եւ ժամանակն է, որ Լիբանանն ու ամբողջ շրջանը կայունութիւն վայելեն»:
«Վերջնական նպատակը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ թշնամութեան վիճակին յաւիտենապէս վերջ տալն է», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:
«Նախագահ Թրամփին ըսի, թէ իրմէ քաղաքական աջակցութեան եւ լիբանանեան բանակին աջակցութեան կը կարօտիմ, եւ անիկա երկրին մէջ ամէնէն շատ վստահութիւն վայելող հաստատութիւնն է», ըսաւ ան:
«Յանձնառու ենք շրջագծային համաձայնութեան, եւ անիկա Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի պիտի չառաջնորդէ», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
Աուն նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին Հարաւէն է, կ՛աջակցի թշնամական արարքներուն վերջ տալուն եւ մեծ ջանք կը թափէ:
«Ժամանակն է, որ Լիբանանն ու ամբողջ աշխարհը կայունութիւն եւ անվտանգութիւն վայելեն», շեշտեց նախագահը` աւելցնելով. «Լիբանանեան բանակի քայքայումը ոչ ոքի համար օգուտ ունի, եւ ես անոր կը վստահիմ: Լիբանանեան բանակը կայունութեան ու անվտանգութեան հիմնական բազկերակն է»:
Թրամփ իր կարգին աւելցուց, որ Պըրրին լաւ մարդ մըն է, եւ եթէ տեսնէ, որ հարցերը լաւ ընթացքի մէջ են, ընթացող ջանքին պիտի միանայ:
Թրամփ որոշեց Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուղղակի թռիչքները վերականգնել:
