Կը Դատապարտենք Թրքական Բանակի Հակամարդկային Գործողութիւնները Սուրիոյ Խաղաղ Բնակչութեան Հանդէպ

Կը Դատապարտենք Թրքական Բանակի Հակամարդկային Գործողութիւնները Սուրիոյ Խաղաղ Բնակչութեան Հանդէպ

Արդէն քանի օր է, որ թրքական բանակը վայրագ յարձակում կը գործէ հիւսիսային Սուրիոյ խաղաղ բնակչութեան շրջաններուն վրայ՝ տեղի քաղաքական ուժերը ամբաստանելով Պոլսոյ մէջ վերջերս գործուած ահաբեկչական արարքներուն իբրեւ հեղինակ։

Անկախ կատարուած ամբաստանութեան իրաւացիութենէն՝ թրքական իշխանութիւններուն ահաբեկչական այս գործողութիւնները կը յիշեցնեն անցեալին օգտագործուած ընտրապայքարի նոյն ոճը, իշխող նոյն շրջանակներուն կողմէ։

Կը դատապարտենք թրքական բանակի հակամարդկային այս գործողութիւնները, որոնց զոհերը նոյնքան անմեղ են, որքան Պոլսոյ պատահական թիրախները։

Միջազգային հանրութենէն կը պահանջենք դատապարտել թրքական գործողութիւնները եւ կանխել յաձակումները։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
25 Նոյեմբեր, 2022 թ.

Share