Երուանդ Ֆունտուքեան

Երուանդ Ֆունտուքեան

ԽՄԲ.- Անցնող փետրուարի 18-ին, խումբ մը հայորդիներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը՝ միանալով Հ.Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն։ Այս երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուիտիըրի (Լոս Անճելըսի մօտ) Rose Hills գերեզմանատան մէջ հանգչող, դաշնակցական գործիչ ու «Նեմեսիս»-ի անդամ Երուանդ Ֆունտուքեանի շիրիմին շուրջ։ Երդուողների խումբը կենտրոնական կոմիտէի որոշումով կոջուեցաւ Երուանդ Ֆունտուքեանի սերունդ: Երուանդ Ֆունտուքեանի կենսագրութիւնը ներկայացուց վաստակաշատ ընկերոջ եղբօր թոռը՝ ընկհ. Ալիս Անմահունի-Ֆունտուքեան։

Երուանդ Ֆունտուքեան

(Կենսագրական)

Ալիս Անմահունի-Ֆունտուքեան


Երուանդ Ֆունտուքեան ծնած է 14 ապրիլ 1894-ին, Կրոպի գիւղը, Տրապիզոնէն 19 քիլոմեթր անդին։
1908-ին, երբ 14 տարեկան էր, Երուանդը Դաշնակցութեան շարքերը կ՚անցնի։ 2 տարի յետոյ կ՚ընդունուի Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, որ կ՚աւարտէ 1914-ին։  Առաջին համաշխարհային պատերազմի պատճառով, ուսումը չի կրնար շարունակել։ 1915-ի յունիսին, կը սկսի Կրոպի գիւղի հայութեան տեղահանութիւնը։ Գիւղէն 9 երիտասարդներ, որոնց մէջ նաեւ Երուանդը եւ իր զարմիկ Ներսէսը, կ՚որոշեն երթալ Տրապիզոնի Եուրմա շրջանը, ուր հայ երիտասարդներ կազմակերպուած էին, ապա անցնիլ Ռուսաստան՝ բացարձակապէս անծանօթ ըլլալով ճամբաներուն։ Իր խօսքով՝ «կեանքի եւ մահուան պայքար մղելով ազատած է»։ Կը բաժնուի ընտանիքէն, ինչպէս գրեթէ ամէն հայ եւ քանի մը ամիս կը զբաղի որբահաւաքով։

Այդ ժամանակ, Ազի Չաւուշ կոչուած թուրք մը կը սպանէ Երուանդի ընկերներէն մէկը, Գասպար անունով։ Երուանդը ընկերոջ վրէժը կը լուծէ։ Ատկէ ետք արդէն յայտնի էր թէ ինչ պիտի ըլլար իր կեանքին ընթացքը։ 1917-ին, Դաշնակցութիւնը Երուանդը կը նշանակէ Կազմակերպական մարմինի պատասխանատու, ուր Երուանդին պարտականութիւնը կ՚ըլլայ զէնք կրելու ընդունակ հայը դէպի ճակատ ղրկել եւ անկարողը՝ Ռուսաստան։ 

Տրապիզոնի կամաւորներուն հետ եղած է Կարս, Սարիշամիշ եւ Վասպուրական։ Մասնակցած է շարք մը այլ կռիւներու՝ մինչեւ թուրքերու կողմէ Ալեքսանդրապոլի գրաւումը։ Ծառայած է Զեմլեակի ձիաւոր գունդին մէջ։ 

1920-ի Մայիսեան խռովութիւններէն յետոյ, կ՚անցնի հիւսիսային Կովկաս, Կրասնոդար եւ Խրիմ, ուրկէ վրիժառու բազուկ Միսաք Թորլաքեանի հետ կը վերադառնայ Պաթում, Հայաստան անցնելու նպատակով։

Հ.Յ. Դաշնակցութեան Թիֆլիսի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով, կը մասնակցի տեղւոյն ահաբեկումներու ծրագրին եւ 1920-ին Երեւանսկի հրապարակին վրայ կը պատժէ հայ դաւաճան Ռուբէն Սաֆարեանը։ 1921 յուլիս 18-ին, «Նեմեսիս»-ի որոշումով, Միսաք Թորլաքեանի հետ կը մասնակցի Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարար Պեյպուտ Խան Ճիվանշիրի ահաբեկումին։ Նոյն Ճիվանշիրն էր, որ կազմակերպած էր Պաքուի 30.000 հայ բնակչութեան ջարդը։

Իր կեանքին վիշտը եղած է, որ բախտը չէ բացուած եւ չէ կրցած մասնակցիլ Ճեմալ Ազմիի՝  Տրապիզոնի դահիճի ահաբեկման։ 

Քեմալի՝ Պոլիսը գրաւելէն 3 շաբաթ առաջ, կը յաջողի դուրս գալ Պոլիսէն եւ անցնիլ Ռումանիա։ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ կը գործուղուի Փրակայի համալսարանը՝ քիմիագիտութեամբ (Chemical Engineering) մասնագիտանալու։ Համալսարանը աւարտելէն յետոյ, զօրավար Դրոյի հրաւէրով կը վերադառնայ Ռումանիա, երկու տարի կ՚ապրի Դրոյին հետ եւ 8 տարի կ՚աշխատի իբրեւ քիմիագէտ։

1938-ին, իբրեւ քարիւղի ճարտարարուեստի մասնագետ (petroleum engineer)  կնոջ՝ Վարդուհիին եւ աղջկան Շուշանին հետ կը փոխադրուի Ապատան, Պարսկաստան։ Հոն 15 տարի կ՚աշխատի եւ կը շարունակէ իր գործօն միութենական կեանքը։ 1958-ին կը տեղափոխուի Քալիֆորնիա, ուր Լոս Անճելըսի Sunset եւ Normandie փողոցներու անկիւնը կը բանայ իր սեփական խանութը՝ «Hot dog Shop»։ Իր դուստրը արդէն հաստատուած էր Տիթրոյիթ եւ ամուսնոյն Օննիկի հետ կազմած երջանիկ ընտանիք։60-ական թուականներուն կը փոխադրուի Սան Ֆրանսիսքօ եւ աշխատանքի կ՚անցնի ԱՆՉԱ-ի գրասենեակը։ Եղած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան արեւմտեան Ամերիկայի Մեկուսի եւ ապա Կեդրոնական կոմիտէներու անդամ։ Մասնակցած է Դաշնակցութեան 1951-ի եւ 1963-ի Ընդհանուր ժողովներուն։ Իր մահկանացուն կը կնքէ 1978-ին, Սան Ֆրանսիսքօ, սակայն իր փափաքը եղած է թաղուիլ իր եղբօր՝ Ներսէսի մօտ, այսինքն հոս, Լոս Անճելըս։

Share