Մահազդ-Նորա Պաստաճեան Պօյաճեան

Մահազդ-Նորա Պաստաճեան Պօյաճեան

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ տիկնոջ, մօր, մեծմօր, քրոջ, եւ հարազատին՝ Նորա Պաստաճեան Պօյաճեանի մահը որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 9 Յունուար 2023-ին։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 25 Յունուար 2023-ին առաւոտեան ժամը 10ին Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, ապա թաղման կարգը Forest Lawn Hollywood Hills գերեզմանատան մէջ:

Սգակիրներ

Ամուսինը՝ Յարութ Պօյաճեան

Զաւակները՝

Ստեփան եւ Վանա Պօյաճեան եւ զաւակները՝ Ալիք եւ Սեւանա

Հրայր եւ Մելինա Պօյաճեան եւ զաւակները՝ Արաքսի, Նազելի, Ռուպինա եւ Մարօ

Արի եւ Նանօր Պօյաճեան եւ զաւակները՝ Յարութ, Լոռի, եւ Արամ

Քոյրը՝ Սոնիկ եւ Զոհրապ Մեսրոպեան եւ զաւակունք

Եղբօր կանայք՝

Գեղուհի Պաստաճեան եւ զաւակունք (Թօրոնթօ)

Մոնիք Պաստաճեան եւ զաւակունք (Լիբանան)

Տալը՝

Մարի Նախնիքեան եւ զաւակունք (Թօրոնթօ)

Խնամիները՝

Անդրանիկ եւ Սօսի Գասպարեան

Էլի եւ Նուշիկ Տէյիրմէնճեան

Մարիա Մանուկեան (Արժանթին)

Եւ համայն Պօյաճեան, Պաստաճեան, Փելթէքեան, Արզումանեան, Մեսրոպեան, Նախնիքեան, Առաքելեան, Եսայեան, Թորոսեան, Գասպարեան, Տէյիրմէնճեան, Այվազեան, Մանուկեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները։

Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլէնտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ 343 N Central Ave. Glendale, California 91203:

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի Պըրպանքի «Արազ» մասնաճիւղին՝ 75 East Santa Anita Ave Burbank, California 91502:

Share