Խոր սուգով եւ ծանր սրտով տեղեկացայ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ երիցագոյն եւ վաստակաշատ եկեղեցականներէն՝ Գերաշնորհ Տէր Տաթեւ արքեպիսկոպոս Սարգսեանի մահուան մասին։ Անոր վախճանը անձնական կորուստ մըն է ինծի համար:
Սրբազան Հայրը ինծի դասաւանդած է հովուական եւ վարդապետական աստուածաբանութիւն։ Անոր խօսքը լոկ գիտելիքի փոխանցում չէր, այլ՝ հաւատքի փորձառութիւն, եկեղեցական մտածողութեան կերտում եւ հոգեւոր կեանքի ուղղութիւն։ Անոր բազում պատգամներն ու իմաստուն խրատները տակաւին կը հնչեն ականջներուս մէջ եւ կը շարունակեն առաջնորդել զիս իմ հոգեւոր ծառայութեան ճանապարհին։
Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ Հայրենիք տեղափոխուելով՝ Լուսահոգի Սրբազանը իր ամբողջ նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ ծառայեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին մէջ։ Տարբեր պատասխանատու պաշտօններ վստահուեցան անոր, եւ ամէն մէկը ան կատարեց հաւատարմութեամբ, խոնարհութեամբ եւ եկեղեցասիրութեամբ։ Սակայն իմ յիշողութեան մէջ յատկապէս վառ կը մնայ անոր ծառայութիւնը Գէորգեան Ճեմարանին մէջ, ուր ան իր շնորհաշատ (խարիզմատիկ) ներկայութեամբ, խորագետ եւ միեւնոյն ժամանակ մատչելի բացատրութիւններով, սաներուն հանդէպ հայրական վերաբերմունքով, ձեւաւորեց հոգեւոր սպասաւորներու սերունդ մը։
Սրբազան Հայրը բարի սիրտ ունէր եւ ջինջ հոգի։ Ան հասանելի էր ամէնուն՝ թէ՛ հոգեւորականի, թէ՛ աշխարհականի։ Խորհուրդի, մխիթարութեան կամ պարզ զրոյցի կարիքի պարագային ան միշտ պատրաստ էր լսելու եւ զօրակցելու։ Իր ներկայութիւնը խաղաղութիւն կը ներշնչէր, իսկ խօսքը՝ վստահութիւն ու յոյս։
Իմ գիտակցութեան մէջ ան կը մնայ որպէս իսկական ուսուցիչ՝ ոչ միայն գիտելիք եւ փորձառութիւն փոխանցող էր, այլեւ ոգեշնչող հովիւ։ Յիշելով հետեւեալ միտքը՝ կը տեսնեմ անոր կերպարը ամբողջական.
«Միջակ ուսուցիչը կը պատմէ։ Լաւ ուսուցիչը կը բացատրէ։ Վերադաս ուսուցիչը կը ցուցադրէ։ Մեծ ուսուցիչը կը ներշնչէ» (William Arthur Ward)։
Սրբազան Հայրը ինծի համար անկասկած այդ մեծ ուսուցիչներէն էր։
Աղօթքս է, որ Բարձրեալն Աստուած լոյսերու մէջ ընդունէ Իր բարի եւ հաւատարիմ ծառայի հոգին եւ երկնային խաղաղութիւն պարգեւէ անոր։ Ամէն։
«Խաղաղութեամբ կը պառկիմ ու կը ննջեմ, որովհետեւ Դուն, Տէ՛ր, մինակ Դուն կը բնակեցնես զիս ապահովութեամբ» (Սաղմոս 4․8)
Աղոթքով սգացող՝
Պարթև եպիսկոպոս Բարսեղեան
Առաջնորդ Զուիցերիոյ Հայոց Թեմի
