ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Գերշ. Տ. Տաթև Ս. Արք. Սարգիսեանի

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Գերշ. Տ. Տաթև Ս. Արք. Սարգիսեանի

ԳԵՐՇ. Տ. ՏԱԹԵՒ Ս. ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ (1941-2026)

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ· Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ծխական շրջաններն ու Ազգային վարժարանները սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Թեմի բազմավաստակ եւ շինարար նախկին Առաջնորդ՝ Տ. Տաթեւ Ս. Արք· Սարգիսեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 19 Փետրուար 2026-ին, Ս. Էջմիածինի մէջ։

Գերշ. Տ. Տաթեւ Ս. Արք. Սարգիսեան կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի երրորդ Առաջնորդը՝ 1985-1995 թուականներուն:

Լուսահոգի Սրբազանը կը յատկանշուէր իր հեզաբարոյ բնաւորութեամբ եւ Հայ Եկեղեցւոյ ծէսերու իր յատկանշական հմտութեամբ: Ան բազմամակարդակ ծառայութիւն բերած եւ փնտռելի ներկայութիւն դարձած է Արեւմտեան Ամերիկայի հայ կեանքէն ներս: Եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ, վարած է Դպրեվանքի տեսուչի պաշտօն:

Արեւմտեան Թեմէն ներս, իր օրով, օծումը կատարուած է Օրէնճ Քուանթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ եւ Կլենտէյլի վերանորոգ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Փասատինայի Ազգ. Թաւլեան եւ Կլենտէյլի Ազգ. Թիւֆէնքեան մանկամսուրներուն: Առաջնորդական իր տարիներուն էր, որ ձեռնարկուեցաւ Թեմի Ազգային վարժարաններու հայերէն դասագիրքերու պատրաստութեան աշխատանքին: Շնորհիւ իր հեռատեսութեան, Արեւմտեան Թեմը հարստացաւ չորս երիտասարդ ընծայեալներով, որոնք իր վերահսկողութեան ներքոյ հետեւեցան երկամեայ դասընթացքի, ապա իր ձեռամբ ձեռնադրուեցան քահանայ:

Նորոգ վախճանեալ Տաթեւ Սրբ. Սարգիսեանի վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեղի պիտի ունենան Երեքշաբթի, 24 Փետրուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ս. Գայիանէ վանքին մէջ, Հայաստան, յընթացս Ս. եւ անմահ Պատարագի: Այնուհետեւ, Սրբազան Հօր մարմինը պիտի ամփոփուի Էջմիածինի Ուխտի միաբանական դամբարանին մէջ:

Այս տխուր առիթով, որդիական ակնածանօք, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Մեր ցաւակցութիւնները՝ նաեւ միաբանութեան հայրերուն, եղբօրը՝ Տիար Վահէ Սարգիսեանին, քրոջը՝ Թամարին եւ իրենց ընտանեկան պարագաներուն, այլեւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն:

Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի տնօրինումով, Կիրակի, 22 Փետրուար 2026-ին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, վախճանեալ Տաթեւ Սրբազան Սարգիսեանի հոգւոյն խաղաղութեան համար պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։


Share