ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ապրիլի 10-ին ըսած է, որ Իրան բանակ- ցային խաղաքարտեր չունի Փաքիստանի մէջ Ամերիկայի հետ սպասուող բանակցութիւններուն, բացի կենսուժի մատակարարումներու համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող Հորմուզի նեղուցին մէջ ծովային նաւարկութիւնը վերահսկելու հնարաւորութենէն։
Թրամփ իր «Թրութ Սոշըլ» հարթակին վրայ գրած է. «Իրանցիները կար-ծես չեն գիտակցիր, որ իրենց ձեռքը խաղաքարտեր չկան, բացի ջրային միջազգային ուղիները գործածելով աշխարհը կարճատեւ շանտաժէն… Միակ պատճառը, որ այսօր ողջ են, բանակցութիւններն են»։
«Նիւ Եորք Փոսթ» թերթին տուած յայտարարութեան մը մէջ, Թրամփ ըսած է, որ ամերիկեան ռազմանաւերը
կը վերազինուին «լաւագոյն զինամթերքով», որպէսզի վերսկսին հարուածները Իրանի վրայ, եթէ Փաքիստանի մէջ խաղաղութեան բանակ- ցութիւնները ձախողին։
Ի պատասխան այն հարցին՝ որ արդեօք կ’ակնկալէ բանակցութիւններու յաջողութիւն, Թրամփ հեռաձայնային հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Պիտի բացայայտենք մօտաւորապէս 24 ժամուան ընթացքին, եւ շուտով կ’իմանանք»։
ԱՄՆ եւ Իրան խաղաղութեան բանակցութիւններ պիտի ունենան Փաքիստանի մէջ, որ միջնորդի դեր կը կատարէ, սակայն հիմնական հարցերու շուրջ տարակարծութիւնները դեռ խոր են երկու կողմերուն միջեւ։
Կը սպասուի, որ բանակցութիւնները իրանական կողմէն վարեն խորհրդարանի նախագահ Մոհամմէտ Պաղըր Ղալիպաֆը, արտաքին նախարար Ապպաս Արաղչին եւ ազգային ապահովութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհամմէտ Պաքըր Զուլ-Կատըր։
Իսկ ամերիկեան կողմը պիտի գըլ- խաւորէ փոխնախագահ Ճէ Տի Վենսը, եւ կը սպասուի, որ կազմին մէջ ընդգրկուին Միջին Արեւելքի յատուկ բանագնաց Սթիվ Ուիթքոֆը եւ Թրամփի փեսան՝ Ճարետ Քուշները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները պիտի սկսին Շաբաթ՝ Իսլամապատի մէջ, վերջապէս հաւաստեց Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ։
Իրան եւ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են բանակցելու եւ իրենց տարակարծութիւնները հարթելու դիւանագիտական ուղիով, աւելցուցած է ան։
Իրանական բանակցային պատուիրակութիւնը ժամանած է Իսլամապատ՝ Մ. Նահանգներու հետ բանակցութիւններ վարելու համար, հաղորդած է պետական հեռուստատեսութիւնը։ Զայն կը գլխաւորէ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմէտ Ղալիպաֆ։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին նախարարը, փոխնախարարը եւ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարը, կեդրոնական դրամատան նախագահը, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօնատարներ եւ թեքնիք մասնագէտներ։
