«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը դաշինք կապած է երկու այլ ուժի հետ

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը դաշինք կապած է երկու այլ ուժի հետ

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի դաշինքով, որ պիտի կոչուի «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ»։
Մարտի 31ին, «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Նարեկ Կարապետեանը դաշինքի ստեղծման յուշագիր ստորագրած է «Նոր դարաշրջան» կուսակցութեան նախագահ Յարութիւն Յարութիւնեանի եւ «Միաւորուած հայեր» կուսակցութեան պատուաւոր նախագահ, լիազօր ներկայացուցիչ Նայիրի Սարգսեանի հետ։ Յուշագիրը ստորագրած քաղաքական կուսակցութիւնները յայտարարած են, որ կը միաւորուին «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան քաղաքական օրակարգի եւ նախընտրական ծրագրի շուրջ եւ պիտի գործեն պետականութեան ամրապնդման, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու պաշտպանութեան, արդիւնաւէտ եւ հաշուետու կառավարման, տնտեսական կայուն զարգացման, իրաւական եւ ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան ապահովման սկզբունքներու վրայ։
Նշուած է, որ ձեւաւորուող դաշինքի գաղափարական հիմքը համահունչ է Սամուէլ Կարապետեանի առաջ քաշած ազգայինպետական եւ արժէքային մօտեցումներուն, եւ կողմերը պատրաստ են համախմբուելու այդ գաղափարական հենքի շուրջ։ Քաղաքական կուսակցութիւնները գալիք ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին միասնական քաղաքական դաշինքով՝ «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ»։
Լուսանկարը հրապարակած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը եւ կից գրած է՝ «Միաւորուելու ժամանակն է»։

Share