Հայրենիքի փրկութիւնը անյետաձգելի է – Է

Հայրենիքի փրկութիւնը անյետաձգելի է – Է

Ս. Մահսէրէճեան

Վերջին Բաժին

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ Է – Է. (Վերջին)

Դուրս գալ «մանր դէպքեր»ու պատանդի վիճակէն

Վերի գլխաւոր խորագիրին տակ մեր բացած քննարկումը կարելի է շարունակել անվերջանալի կերպով, որովհետեւ իւրաքանչիւր արեւածագ ու անոր յաջորդող ժամերը, երբեմն՝ ակնթա՛րթը հրապարակ կը բերեն նոր դէպքեր, նոր բացայայտումներ, որոնք «կը խճողեն» քաղաքական բեմն ու քաղաքացիին առօրեան, այն քաղաքացիին՝ որուն մէկ մասը շատո՜նց նետուած է (մղուած է) անտարբերութեան ու կրաւորականութեան դաշտը, ի տես եւ ի լուր իշխանաւորներուն փաստացի պարտուողականութեան, «ասկէ աւելին չենք կրնար ընել, անկարելի է», «եթէ թշնամիին յարատեւօրէն տալու, խաղաղութեան ետեւէն վազելու փոխարէն, փորձենք հակադարձելու փոքրագոյն քայլն իսկ առնել՝ պատերազմ պիտի ծագի» եւ նման անհիմն հաւաստիքներուն: Բայց ի՛սկապէս, ո՞վ կրնայ արգելք ըլլալ երկրի մը ու ազգի մը՝ իր տարրական ու անվիճելիօրէն արդար իրաւունքերուն հետապնդման, եթէ իրաւատէրը ի՛նք կամովին չի հրաժարիր անոնցմէ:

            Եթէ պարտաւոր ենք մեր քննարկումը տեղ մը վերջակէտի մը հասցնել (վերջակէտ չի նշանակեր աւարտ, սպառում, որովհետեւ անկէ ետք կան նոր նախադասութիւններ, նոր պարբերութիւններ ու էջեր), այստեղ շեշտենք քանի մը հիմնական կէտ, որոնք իսկութեան մէջ առանցքն էին մեր քննարկումին, եղան մտասեւեռումներու կիզակէտը:

  1. Պէտք է անմիջապէս կազմել ժողովուրդին ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԵՑՈՂ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄ ՄԸ (սա ընդդիմադիրներուն ճիգերը անտեսել չի նշանակեր), որ ձեռնարկէ փրկութեան գործին:
  2. Նմանապէս շուտով կազմաւորել ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ հիմամբ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԵՒ ՀԵՌԱՀԱՍ, իրապաշտ, ճկուն եւ իրականանալի՛ ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷՍ մը, որուն կենսագործումը պիտի բանայ ո՛չ միայն արձանագրուած ծանր կորուստներէն վերադարձի ուղին, այլ նաեւ վերականգնումի պիտի տանի հայրենի պետութիւնը, ճիշդ ճամբու պիտի վերադարձնէ ներքին, արտաքին, մշակութային, տնտեսական եւ բոլոր ոլորտներուն զարգացման ԳՈՐԾԸ:
  3. Վարչակազմին ու ճամբու քարտէսին կարելի բոլո՛ր մանրամասնութիւնները նմանապէս անյապաղ դարձնել ժողովուրդին սեփականութիւնը: Այս բոլորէն ետք մեր ժողովուրդը՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, պատճառ ու պատրուակ պիտի չունենայ  միանալու դրական շարժին, այլ լիարժէք զօրակցութիւն պիտի բերէ կործանողները հեռացնելու քայլերուն:

Յիշեալ քայլերը նաեւ որոշ դարման պիտի բերեն ջղագառութեան հասցնող այն հիասթափութեանց, որոնցմէ՝ վերջին շրջանին հետզհետէ աւելի ուժեղ եւ յաճախակի կերպով կը հնչեն ընդդիմադիրներուն ուղղուած չափազանցեալ քննադատութիւնները, կամ՝ «ընդդիմադիրները ինչո՞ւ բիրտ ուժի չեն դիմեր» կոչերը, որոնք տեղ մը հասկնալի են, որովհետեւ ի վերջոյ իշխանաւորները ամէն օր կը բռնաբարեն օրէնք, ոտնատակ ըրած են Սահմանադրութիւն եւ սրբութիւններ:

Խորքին մէջ, վերոյիշեալ հաստատումները – առաջարկները – փորձեցինք կարմիր թելի պէս անցընել մեր այս քննարկումին իւրաքանչիւր բաժինին մէջէն, ի սկզբանէ ընդգծելով, որ մեր արձանագրելիքները նորութիւն չեն, ո՛չ ալ ուրուագծուշը պիտի ըլլայ ամբողջական, այլ անոնք իբրեւ անյետաձգելի պահանջ եւ հրամայական՝ հնչած են ու կը հնչեն հայաշխարհին մէջ, մասնաւորաբար 44-օրեայ պատերազմէն ասդին:

Հին Հռոմի պատմութենէն՝ մեզի հասած է թելադրական խօսք մը. պէտք է անցնիլ Ռիւպիքոնը: Այդ հանգրուանը չենք կտրած:

Պատճառնե՞րը, արգելակնե՞րը: Բազում են եւ բազմակողմանի: Կան ներքիններն ու արտաքինները (շրջանային եւ միջազգային), անոնց միջեւ զուգահեռները: Ու եթէ հայրենապաշտպանները կը հաւատան իրենց ըսածին (կասկած չունինք, որ հաւատացողները մեծամասնութիւն են), քանի մը օրն իսկ բաւարար է ստեղծելու առաջադրուած վարչակազմն ու մշակելու ամբողջական ճամբու քարտէսը: Մեր նաւը արագօրէն կը մօտենայ նոր խութերու…

ԵԹԷ ՉՔԱՆԴՈՒԻ «ՓԱԿ ՕՂԱԿ»Ը…

            Չենք կրնար հաւատալ, որ մեր ժողովուրդը չունի ստեղծուած «փակ օղակ»ը քանդելու եւ յառաջ շարժելու կարողութիւնը, սկսելով… Արցախը խեղդող օղակէն:

            Իսկ եթէ այդ օղակ(ներ)ը չքանդուի անյապաղ, հայրենիքն ու ազգը պիտի շարունակեն պատանդ մնալ օր աւուր ներկայացող «մանր դէպքեր»ու շարանին, որուն օղակները այլապէս անվերջանալի են եւ ուշադրութիւններն ու ճիգերը կը շեղեն էականներէն:

Ի՞նչ ըսել կ’ուզենք «մանր դէպքեր» ըսելով: Արձանագրենք քանի մը օրինակ (հոս ալ կարելի չէ ըլլալ սպառիչ):

  • Իշխանաւորներու խմբակէն՝ մէկը կամ միւսը բան մը կ’ըսէ կամ կ’ընէ, եւ ահա՛ մամուլն ու քաղաքական բեմը կ’իյնայ մեկնաբանութեանց, քննադատութեանց եւ քննարկումներու ճախճախուտին մէջ, մինչեւ իսկ ամէնէն անհեթեթ նիւթերու շուրջ: Խորհրդարանի նախագահը օր մը կը թքէ երիտասարդի մը վրայ, ուրիշ «անձնաւորութիւն» մը գետնախնձոր ծախող կը հալածէ, երրորդ մը պանդոկի մը մէկ ծառայողը կը խոշտանգէ կամ ճաշարանի մը մէջ լրագրողի մը վրայ կը յարձակի…
  • Ոստիկաններ, անպատժելիութեան վկայականով օժտուած, ասֆալթին կը փռեն նահատակ զինուորներու մայրեր, ընդդիմադիր երեսփոխաններ եւ քաղաքական դէմքեր, ուրիշներ դատարան կը քաշեն, կը խոշտանգեն իրաւաբաններ, բիրտ ուժի կը դիմեն խաղաղ ցուցարարներու դէմ…
  • Առեւտրական կեդրոնի մը մէջ ահաւոր ու մահացու պայթում տեղի կ’ունենայ, սահմանամերձ զօրակայանի մը մէջ քնացած զինուորներ կ’ողջակիզուին, թշնամին սահմանի երկայնքին տեղ-տեղ թափանցումներ, գրեթէ ամէն օր կրակոցներ եւ ռմբակոծումներ կ’արձանագրէ, կու տանք զոհեր, վիրաւորներ…
  • Արցախի գրաւեալ գօտիին մէջ հայկական հետքեր, կոթողներ եւ նահատակներու շիրիմներ կը փոշիացուին, Արցախէն մնացած բաժինը աւելի քան 6 ամիս պաշարման տակ կ’առնուի, ապա նաեւ վերջնականապէս կը խզուի Հայաստանէն. եւրոպացի պատուիրակներ կը վկայեն ազերիական այս ոճիրները, կը մնան խօսողի աթոռին վրայ…
  • Վարչապետը յաճախակի «նուաճումներ» կը կատարէ, մէյ մը կը յայտարարէ, որ կը ճանչնայ Ազրպէյճանի հողերուն ամբողջականութիւնը եւ Արցախը կը նուիրէ Ալիեւին, ուրիշ օր մը կը յայտարարէ, թէ ինք լիազօրուած չէ Արցախի անունով բանակցելու, սակայն անոր հաշւոյն կը գոյացնէ գրաւոր կամ բերանացի համաձայնութիւններ, օր մը իբրեւ խաղաղասէր կ’ընդունի Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, ուրիշ օր մը Ազրպէյճանը կը մեղադրէ նոր ցեղասպանութիւն եւ նոր պատերազմ նախապատրաստելու յանցանքներով, այս իրակա՛ն մտավախութիւնը (որուն մասին ընդդիմադիրները անընդհատ ահազանգ հնչեցուցած էին «խաղաղութիւն պիտի բերենք» ցնդաբանութիւններու օրերուն) կը տարածուի նաեւ բարեկամ երկիրներու մէջ, որոնք սակայն դէպի ետ վազքի մէջ են՝ Ազրպէյճանի ու զայն գործի մղող Թուրքիոյ դէմ եղունգի շարժում չընելու ճամբուն մէջ…
  • Նոյն վարչապետը՝ «մանր դէպքերու» գլխաւոր խոհարարը, պարբերաբար հրապարակ կու գայ 44-օրեայ պատերազմին պատճառներն ու ելքերը «բացայայտելու» յաւակնութիւններով, սակայն անոր մամլոյ ասուլիսները եւ ծանօթ յանձնախումբին առջեւ իբրեւ թէ վկայութիւն տալու միտող մենախօսութիւնը հազար ու մէկ յանցաւորի ետեւէն վազքի բնոյթ կը ստանան, բարձրաստիճան զինուորականներ կրկին ու կրկին կը մեղադրուին, կը վարկաբեկուին, մինչեւ իսկ՝ կը կատարէ աղաղակող եւ ինքնադատապարտող խոստովանութիւններ…
  • Մեծ փոթորիկներ կը ստեղծուին գլխաւոր «դերակատար»ին ամէնէն ճղճիմ դատարկաբանութիւններուն հետեւանքով, օր մը՝ Արարատի-Արագածի մասին, ուրիշ օր մը՝ զինանշանին ու քայլերգին (վաղն ալ՝ չես գիտեր ինչպիսի այլ խորհրդանիշներու), անկէ առաջ՝ Նեմեսիսի յուշակոթողին, «պատմութեան կարծրատիպերէ հրաժարելու» եւ նմանօրինակ ազգուրաց, անձնուրաց ցնդաբանութիւններով…
  • Տնտեսութեան եւ ընկերային իրականութիւններուն մասին հրապարակ եկող տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ հոն եւս, կան իրարմէ անտեղեակ, իրարու անհաղորդ երկու աշխարհ,  մէկ կողմէ՝ իշխանաւորներուն հաւաստած՝ «աննախընթաց յառաջդիմութիւններ»ու, եւ միւս կողմէ՝ հմուտ մասնագէտներու կողմէ վկայակոչուած փաստերու աշխարհները (պարտքի ահաւոր աճ, աղքատներու թիւի բարձրացում, արտադրողականութեան առ նուազն տեղքայլ)…
  • Առաւելաբար դրսեցիներու շահերուն եւ հաշիւներուն ծառայող-ծառայելիք՝ ճամբաներու բացման ծրագիրներ, «Զանգեզուրի միջանցք»ին կամ պարզ ճամբու մը մասին հակաճառութիւններ…
  • Այս դաշնակիցին կամ բարեկամին հանդէպ օր մը դրական, ուրիշ օրեր՝ քննադատական, առնուազն կրաւորական կեցուածքներ, բարեկամ նկատուողներու թելերէն կախուելու — բայց իրողապէս օդէն կախուելու – մրցավազք…
  • Շարլ Միշէլի մը կամ այլոց աննպաստ յայտարարութիւններ, որոնք այլապէս կը հոսին Երեւանէն բխող՝ «Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ պիտի ըլլայ» գետին համընթաց…

ԲՈԼՈՐՆ ԱԼ ԿԱՐԵՒՈՐ, ԲԱՅՑ ԲԱՆԱԼԻՆ…

            Սխալ տպաւորութիւն չստեղծենք: Վերոյիշեալ ցանկին եւ չյիշատակուած բազմաթիւ «առօրեայ դէպքեր»ուն մասին չունինք այն կարծիքը, թէ անոնք անկարեւոր բաներ են, այլ արժանի են ամենալուրջ քննարկումի, լուծումներու: Կան բազմաթիւ այլ «ընթացիկ հարցեր», օրինակի համար՝ ակնարկութիւն իսկ չըրինք Մայրենիին նահատակութեան…:

Որեւէ երկրի մէջ ալ, օր աւուր կ’արձանագրուին մեծ ու փոքր, մտահոգիչ եւ տագնապեցնող իրադարձութիւններ, կ’ըլլան յայտարարութիւններ, սակայն Հայաստանի պարագան հիմնական տարբերութիւն ունի բոլորէն, որովհետեւ վերջին կասկածներն իսկ փարատած են, որ մեր երկիրն ու պետակնութիւնը, հետեւաբար նաեւ անոնց նայող Սփիւռքը կը գտնուին հազուադէպօրէն ա՛յսքան վտանգաւոր փուլի մը մէջ:

            Անկումին կասեցման ՍԿԻ՛ԶԲԸ պիտի ըլլայ իշխանափոխութիւնը: Սա չի նշանակեր, որ յաջորդ օրն իսկ, կամ քիչ ետք, պիտի երգենք «Հայաստան, երկիր դրախտավայր»: Մեր հայրենիքն ու ազգը դեռ երկար պիտի կրեն վերջին ահաւոր տարիներուն բեռները: Ո՞վ կ’երաշխաւորէ, որ վաղն իսկ նոր կորուստներ պիտի չաւելնան ցարդ մեր տուածին վրայ. չէ՞ որ կրկին ու կրկին կը խօսուի ուաշինկթընեան կամ այլ բանակցութեանց վերսկսման մասին, «աւետաբեր զանգեր» կը հնչեն, իբրեւ թէ «շուտով համաձայնութիւն պիտի գոյանայ»: Իսկ 44-օրեայ պատերազմին ստեղծած պայմաններուն մէջ, մենք տեսանք, թէ իւրաքանչիւր «համաձայնութիւն» ինչպիսի՜ «նուէրներ» պարգեւեց թշնամիին, եւ այդ նուէրները կրեցին ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ կնիքը:

            Մէկ բան յստակ է, պէ՛տք է յստակ ըլլայ բոլորին: Նոր ճամբու քարտէսին իրականացումը ո՛չ մէկ ձեւով պիտի նշանակէ նախկին վատ վիճակներուն եւ վնասաբեր «գործարքներուն» վերադարձը: Աւելին, այսպէս կոչուած՝ «նախկին թալանչի»ները, եթէ իսկապէս կը կանգնին հայրենապաշտպաններու շարքին, պէտք է ամբողջական ուժերով սատար կանգնին նոր իշխանութեանց, եւ յաջորդ փուլը ընծայէ յայտնի կամ ծածուկ մեղքերը քաւելու պատեհութիւնը:

            Հայաստան տարբեր պիտի չըլլայ որեւէ երկրէ: «Ընթացիկ» տագնապներ, վերիվայրումներ, յուզում պատճառող զարգացումներ, արկածներ ու անհաճոյ պատահարներ, լաւ ու վատ օրեր անպայման որ մաս պիտի կազմեն յաջորդ փուլերուն: Ո՛չ ոք կը ցանկայ, որ վնասարար բաները ըլլան գերակշռող, սակայն նաեւ ո՛չ ոք կը տարուի այն պատրանքով, որ երկիրն ու ժողովուրդը պիտի ապրին իտէալական պայմաններու մէջ:

            Ահա թէ ինչու այսօ՛ր իսկ, առանց նորանոր յետաձգումներու, պէտք է ընդառաջ երթալ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԻՆ:

Share