Փաշինեանի այցը Անգարա թուրք պաշտօնեաներու կողմէ կ՛օգտագործուի սփիւռքը խանգարելու համար

Փաշինեանի այցը Անգարա թուրք պաշտօնեաներու կողմէ կ՛օգտագործուի սփիւռքը խանգարելու համար

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Լուրջ պատճառներ կան, թէ ինչո՛ւ աշխարհի բազմաթիւ հայեր բացասաբար արձագանգեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անխոհեմ որոշման՝ մասնակցելու Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան, 3 Յունիս 2023-ին։

Նախ եւ առաջ՝ Փաշինեանի յարիր չէր մասնակցիլ Էրտողանի երդմնակալութեան, յատկապէս որ դեռ 2020 թուականին, Արցախեան պատերազմի ժամանակ, թրքական անօդաչու թռչող սարքեր սպաննած էին հազարաւոր հայ երիտասարդ զինուորներ, եւ Թուրքիա հազարաւոր իսլամ ահաբեկիչներ հաւաքած էր Սուրիայէն՝ Արցախի դէմ կռուելու համար։ Աւելի՛ն, Օսմանեան կայսրութիւնը իրականացուցած է 1.5 միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը, զոր թրքական կառավարութիւնը մէկ դար անց եւս տակաւին կը ժխտէ։

Երկրորդ, 2020ի պատերազմէն ի վեր, Թուրքիա եղած է Ատրպէյճանի ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական հաւատարիմ դաշնակիցը։ Էրտողան քանի մը անգամ այցելած է Ատրպէյճան եւ Արցախ, որոնց շարքին Շուշի՝ հանդէս գալով հակահայկական յայտարարութիւններով։ Տակաւին 13 Յունիսին Արցախ կատարած այցելութեան ժամանակ, Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա Շուշիի մէջ հիւպատոսութիւն պիտի բանայ: Բան մը, որ «պատգամ կ՛ըլլայ աշխարհի եւ յատկապէս Հայաստանի»։ Էրտողան նման այցելութիւն մը կատարած էր 15 Յունիս 2021ին, եւ այդ ընթացքին ան Ալիեւի հետ միասին ստորագրած էր Անգարա-Պաքու միացեալ «Շուշիի հռչակագիրը»: Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա կը համագործակցի Ատրպէյճանի հետ «Լեռնային Ղարաբաղի վերականգնման հարցով»։ Հայաստանի արտաքին Գործոց նախարարարութիւնը դատապարտեց Էրտողանի եւ Ալիեւի այցը Շուշի՝ յայտարարելով, որ «այս սադրիչ գործողութիւնները պարզորոշ ցոյց կու տան, որ Անգարայի եւ Պաքուի յայտարարութիւնները Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին կեղծ են եւ ապակողմնորոշիչ»։

Երրորդ, Հայաստան եւ Թուրքիա վերջին մեկուկէս տարուան ընթացքին քանի մը անգամ հանդիպած են՝ բանալու իրենց ընդհանուր սահմանը «առանց որեւէ նախապայմանի»։ Սակայն սահմանը դեռ փակ է, ինչ որ ցոյց կու տայ սահմանը բանալու Թուրքիոյ դժկամութիւնը, եթէ Հայաստան չկատարէ որոշակի նախապայմաններ, ինչպէս՝ Ատրպէյճանի հետ «խաղաղութեան պայմանագիր» ստորագրելը, Հայաստանէն Նախիջեւան «միջանցք» թոյլ տալը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թուրք կազմակերպիչներու ոչնչացման ի պատիւ՝ հայ վրիժառուներու նուիրուած երեւանեան յուշարձանի քանդումը։ Թուրքիա անմիջապէս արգիլեց իր երկնքին մէջ հայկական թռիչքները եւ սպառնաց հետագայ քայլերով, եթէ նշեալ յուշարձանը չքանդուի։

Չորրորդ, եթէ Փաշինեան բանիմաց խորհրդականներ ունենար եւ լսէր զանոնք, անոնք  պիտի առաջարկէին, որ աւելի խելամիտ բան կ՛ըլլայ, եթէ Անգարայի երդմնակալութեան արարողութեան զինք ներկայացնէ ուրիշ պաշտօնեայ մը։ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում մուրալը չի բխիր Հայաստանի շահերէն:

Այսուհանդերձ, վնասը հասցուած է, եւ թուրք պաշտօնեաները բաւականաչափ խորամանկ են՝ օգտուելու համար Փաշինեանի սխալ քայլէն։

Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Սինան Քուզում 6 Յունիսին խորամանկ նամակ մը յղեց Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի եւ Ծերակոյտի անդամներուն՝ արագօրէն օգտուելով 3 Յունիսին Անգարա կատարած Փաշինեանի այցէն՝ վարկաբեկելու համար Քալիֆորնիոյ հայ-ամերիկեան կազմակերպութիւններու լոպիիստական ջանքերը։

Ահա՛ հատուածներ թրքական նամակէն. «Կը գրեմ՝ ձեզի տեղեկացնելու համար հայ-թրքական յարաբերութիւններու դրական զարգացումներուն մասին, քանի որ տեղեակ եմ, որ դուք հետաքրքրուած էք այս հարցով՝ հաշուի առնելով ձեր նախկին յայտարարութիւնները։ Անցեալ շաբաթավերջին պատմական պահ նկատուած է հայ-թրքական ժամանակակից յարաբերութիւններու մէջ: 3 Յունիսին, Հայաստանի վարչապետ պարոն Նիկոլ Փաշինեան, ներկայ եղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վերընտրուելէն ետք տեղի ունեցած երդմնակալութեան արարողութեան։ Վարչապետին Անգարա կատարած այցելութեան կապուած՝ նախագահ Էրտողան հանդիպած է հայ-թրքական համայնքի նշանաւոր անդամներուն, անոնց շարքին՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Երկրորդ Մաշալեանի հետ։ Կը կցեմ այս այցելութենէն վերցուած լուսանկար, ուր պարոն Նախագահը կ՛երեւի իր հայ գործընկերոջ՝ Պատրիարքին ու հայ-թրքական համայնքի այլ անդամներու հետ»:

Այնուհետեւ թրքական նամակին մէջ կ՛ըսուի. «Ես այս կը ներկայացնեմ ձեր ուշադրութեան, որովհետեւ կը գիտակցիմ, որ նման դրական զարգացումներ յաճախ կ՛անտեսուին: Փոխարէնը, հոս՝ Լոս Անճելըսի եւ Քալիֆորնիոյ մէջ, կը գերակշռէ իմ երկրին հանդէպ ատելութեան հռետորաբանութիւնը: Այս ըսելով, ես կը հրաւիրեմ ձեզ մտածելու, թէ արդեօք այն, ինչ որ ձեզի կ՛ըսեն որոշ խումբեր հոս՝ Լոս Անճելըսի մէջ, համահո՞ւնչ է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ներկայ վիճակի իրականութեան, թէ՞ ոչ։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւնները պատմական ջանքեր կը գործադրեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։ Կը խնդրեմ, աչք մի՛ փակէք այս ջանքերուն վրայ»։

Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսը իր նամակը եզրափակած է հետեւեալ խօսքերով. «Ուստի կը խնդրեմ ձեզմէ, որ այս փաստերը հաշուի առնէք ապագային, երբ դուք որեւէ  յայտարարութիւն կ՛ընէք կամ որոշում կ՛ընդունիք հայ-թրքական հարցերու մասին: Այս մօտեցումը շատ աւելի նպաստաւոր կ՛ըլլայ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան հաստատման»:

Ի պատասխան արձագանգելու խնդրանքին՝ Հայաստանի մէջ անանուն բարձրաստիճան պաշտօնեան յայտարարեց. «Կատարեալ պատեհապաշտութիւն։ Դրական զարգացում ընդհանրապէս չկայ։ Բանակցութիւնները դրական ոչ մէկ արդիւնք տուած են»։

Բարեբախտաբար, Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսին նամակը շատ քիչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիրներուն վրայ: Ան պարզապէս կը գրէ այս նամակը, որպէսզի ցոյց տայ Անգարայի մէջ գտնուող իր մեծաւորներուն, որ աշխատանք մը կը կատարէ։ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիրները չեն պատրաստուիր օտարերկրեայ դիւանագէտին օձի լեզուով խօսքերը վեր դասել Քալիֆորնիա գտնուող իրենց քաղաքացիներուն փափաքներէն:

Կ՛ենթադրենք, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը նմանատիպ նամակ յղած է Քոնկրեսի անդամներուն։ Աշխարհի տարբեր երկիրներու թուրք դիւանագէտները, հաւանաբար, նոյն բանը ըրած են իրենց երկիրներուն մէջ:

Հայերը չեն կրնար թուրք դիւանագէտները մեղադրել անոր համար, որ անոնք կ՛ընեն այն, ինչ որ ձեռնտու է իրենց երկրին, որովհետեւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան այս հնարաւորութիւնը արծաթէ սկուտեղի վրայ հրամցուցած է Թուրքիոյ․․․

Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Share