Խորհրդարանական ընտրութիւնները ուղեկցեցան բազմաթիւ ընտրախախտումներով. Արդիւքները վիճարկելու ընդհանուր ուղղուածութիւն

Խորհրդարանական ընտրութիւնները ուղեկցեցան բազմաթիւ ընտրախախտումներով. Արդիւքները վիճարկելու ընդհանուր ուղղուածութիւն

8 յունիսի կանուխ առաւօտեան, երբ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը տակաւին 2005 ընտրատեղամասերէն միայն 477-ին արդիւնքները հրապարակած էր, Հայաստանի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան մամլոյ ասուլիս հրաւիրելով յայտարարեց, որ Ընտրութիւններուն արդիւնքներուն հիմամբ յաղթած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, եւ կուսակցութիւնը միանձնեայ պիտի ձեւաւորէ կառավարութիւնը: «Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը 2021 թուականին համեմատ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներու ձայնը, աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներու վստահութեան քուէն», ըսաւ Փաշինեան:

«Սա պատմական յաղթանակ է, որ միանշանակ պիտի ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութիւնը, զարգացումը, եւ, ի հարկէ, մենք պիտի ունենանք տեւական եւ հաստատութենական խաղաղութիւն», վստահեցուց գործող վարչապետը:

Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք խնդրայարոյց չէ՞ իր յայտարարութիւնը, քանի տակաւին յայտարարուած չեն բոլոր ընտրատեղամասերուն արդիւնքները, Փաշինեան արձագանգեց. «Գիտէ՞ք, մենք բոլոր ընտրական տեղամասերուն մէջ ունինք վստահուած անձեր, եւ ունինք արձանագրութիւնները, եւ մենք մեր սեփական հաշուարկները կ՛ընենք»:

Փաշինեանի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց. «Այս պահին «Հայաստան» դաշինքի կենտրոնական շտաբը եւ մեր վստահուած անձինք ողջ հանրապետութիւնում զբաղուած են ընտրատեղամասերից ստացուող տուեալների ամփոփմամբ:

Յիշեցնենք, որ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովն այս պահի դրութեամբ ամփոփել է ընտրատեղամասերի միայն մէկ քառորդի (25%-ի) արդիւնքները:

Այս պայմաններում Նիկոլ Փաշինյանի յայտարարութիւններն իր «յաղթանակ»-ի եւ միանձնեայ իշխանութիւն ձեւաւորելու վերաբերեալ վերածւում են իշխանութեան իւրացման, Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը փոխարինելու եւ նրա գործունէութեան նկատմամբ կոպիտ միջամտութիւն իրականացնելու յանցաւոր քայլի:

Առանց վերջնական արդիւնքների` դատական համակարգին եւ պետական ատեաններին հրահանգաւորելու եւ սպառնալու փոխարէն, գործող վարչախումբը դեռ պէտք է իրաւական պատասխան տայ այս ընթացքում արձանագրուած բոլոր ընտրախախտումների, վարչական միջոցների կոպիտ կիրառման եւ քաղաքացիների կամարտայայտման վրայ գործադրուած բռնաճնշումների համար:

Ընտրութիւնների վերջնարդիւնքների, մեր հետագայ քայլերի եւ անելիքների մասին հանրութեանը կը տեղեկացնենք պաշտօնական եւ ամբողջական տուեալներն ամփոփելուց յետոյ»:

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Սամուէլ Կարապետեան նոյնպէս յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ` «խայտառակ» որակելով 7 յունիսին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները:

«Դուք բոլորդ այս մէկ ամսուան մէջ տեսաք, թէ ի՛նչ հալածանքներու կ՛ենթարկուէինք մենք, ի՛նչ բռնութիւններու կ՛ենթարկուէինք մենք: Մեզմէ, մեր խմբակիցներէն մօտ 75 հոգի այսօր կալանաւորուած են, 700-էն աւելի մարդիկ ձերբակալուած են, եւ այս մարդիկ նոյնիսկ չհանգստանալով` որոշեցին ընտրութիւններու օրը անհասկնալի գործերով զբաղիլ: Նոյնիսկ աշխարհի պատմութեան մէջ չէ եղած դէպք, երբ հաշուարկի ժամանակ ընդհատեն եւ ըսեն` «առաւօտեան ժամը 9:00-ին կը ներկայացնենք արդիւնքները», յայտարարեց տնային կալանքի մէջ գտնուող Կարապետեան:

Կարապետեանի պնդումով` «տեսնելով, որ խայտառակ ձեւի իրենց արդիւնքները կը նուազին, եւ ամէն վայրկեան կը նուազին, իրենք կանգնեցուցին հաշուարկը, եւ մենք նոյնիսկ չենք հասկնար` առաւօտեան ի՛նչ պիտի ներկայացնեն»:

«Վստահ եղէք` ընտրութիւնները դեռ չեն աւարտած, ընտրական արդիւնքները դեռ չկան… Ինք, իրենք պիտի չունենան իրենց ուզած յաղթանակը», յայտարարեց «Ուժեղ Հայաստան»-ի ղեկավարը:

Կարապետեանը վստահեցուց, որ իշխանութիւններուն «գործերը լաւ չեն երթար, իրենք ընդամէնը 30 տոկոս տուեալներ ունենալով կը յայտարարեն, որ արդէն յաղթած են»: «Բայց դուք գիտէք, որ 30 տոկոսը ընդամէնը գիւղական վայրերու արդիւնքներն են, երբ սկսան քաղաքներու արդիւնքները, իրենց արդիւնքները սկսան շատ մեծ թափով նուազիլ: Ատոր համար անցան յատուկ գործողութիւններու, եւ մենք նոյնիսկ պատկերացում չունինք` ի՛նչ գործողութիւններու», պնդեց նա:

«Ատոր համար ես ուզեցի տեղեակ պահել, որ ապօրինութիւնները կը շարունակուին, անհասկնալի ընտրութիւնները կը շարունակուին, եւ անպայման առաւօտեան վերջնական արդիւնքները ունենալէ ետք մենք նոր կրնանք ըսել եւ անպայման յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գանք ընտրութեան արդիւնքներուն մասին», ըսաւ «Ուժեղ Հայաստան»-ի ղեկավարը:

Երէկ կէսօրէ առաջ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը յայտարարեց ընտրութիւնների նախնական արդիւնքները, ըստ որոնց` ձայները կը բաշխուին հետեւեալ ձեւով.

«Քաղաքացիական պայմանագիր» – 727 հազար 827 ձայն, 49,825 տոկոս:
«Ուժեղ Հայաստան» – 340 հազար 88 ձայն, 23,281 տոկոս:
«Հայաստան» դաշինք – 145 հազար 113 ձայն, 9,934 տոկոս:
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն – 58 հազար 378 ձայն, 3,996 տոկոս:

Ըստ այս նախնական արդիւնքներուն, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը 0,004 տոկոսով ետ կը մնայ անցողիկ 4 տոկոսը յաղթահարելու շեմէն:

Մեկնելով այս նախնական արդիւնքներու յայտարարութենէն, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը իր մտադրութիւնը արտայայտեց ձայներու վերահաշուարկի դիմում ներկայացնելու համար: Կուսակցութեան բանբեր Իվեթա Տօնոյեան յայտարարեց. «Կուսակցութիւնը պիտի օգտագործէ իրաւական բոլոր գործիքակազմերը եւ հետամուտ պիտի ըլլայ  ընտրախախտումներու բացայայտմանը: Ներկայիս կը վերջնականացուին այն ընտրատեղամասերը, որոնց մէջ կը պահանջուի վերահաշուարկ, ինչպէս նաեւ կը քննարկուին առանձին որոշումներ եւ գործողութիւններ բողոքարկելու հիմքերը»:

«Հայաստան» դաշինքը, յանձին իր ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի, յայտարարեց ընտրութիւններուն արդիւնքները վիճարկելու մտադրութեան մասին:

ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը, անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւնները ընթացած են բազմակուսակցական հիմքով, եղած են բաց եւ մրցակցային:

«Քուէարկութիւնը անցած է Ընտրական օրէնսգիրքի պահանջներուն համապատասխան: Թեքնիք սարքաւորումները ընդհանուր առմամբ աշխատած են անխափան: Ընտրական տեղամասերու բացարձակ մեծամասնութեան մէջ կիրարկուած է տեսահսկման համակարգ: Քուէներու հաշուարկի ընթացակարգը անցած է ընտրական օրէնսդրութեան պահանջներուն համապատասխան:

«Դիտորդներու կողմէ արձանագրուած առանձին բացթողումները կրած են թեքնիք բնոյթ եւ գործնականօրէն վերացուած են տեղամասային յանձնախումբերու կողմէ: Ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու ընդունակ խախտումներ առաքելութեան կողմէ չեն յայտնաբերուած:

«ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը կը յանգի այն եզրակացութեան, որ 7 յունիսի 2026-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւնները կատարուած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ ընտրական օրէնսգիրքին համապատասխան, ընթացած են բազմակուսակցական հիմքով, եղած են բաց եւ մրցակցային», ըսած է առաքելութեան ղեկավարը:

Եւրոպական Միութեան Ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Մարթա Քոս «Էքս»-ի իր էջին վրայ շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը` խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ անոր կուսակցութեան յաջողութեան առիթով:

«Ռուսիոյ կողմէ հեռուն գացող հարկադրանքի եւ միջամտութեան պայմաններուն մէջ այս յաղթանակը կը վերահաստատէ հայերու ընտրութիւնը յանուն ուժեղ, գերիշխան եւ անկախ Հայաստանի:

«Ես կարելի եղածին չափ շուտ պիտի այցելեմ Հայաստան. Եւրոպայի համերաշխութիւնը Հայաստանի հետ անսասան է: Այսօր մենք նաեւ պիտի սկսինք աշխատանքը Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան նոր աշխատանքային խումբին մէջ` մեր գործընկերութիւնը խորացնելու համար», գրած է Քոս:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները անցած են ընդդիմութեան վրայ աննախադէպ ճնշումներու եւ Արեւմուտքի կողմէ միջամտութեան մթնոլորտի մէջ:

Ան նաեւ նշած է, որ Ռուսիա մտադիր է Հայաստանի նկատմամբ իր ընթացքը կառուցել` հաշուի առնելով հայաստանեան ղեկավարութեան իրական քայլերը: Ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիմամբ Հայաստանի մէջ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան աջակցութիւնը նկատելիօրէն նուազած է: Զախարովա յայտարարած է, որ Մոսկուայի մէջ միշտ շահագրգռուած եղած են եւ պիտի ըլլան ուժեղ եւ իսկապէս գերիշխան Հայաստանով:

Անոր կարծիքով, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները յստակօրէն ցոյց տուին, որ հայ հասարակութիւնը ծայրայեղ բեւեռացուած է: Հայ հասարակութեան մէջ ակնյայտ է Ռուսիոյ հետ կապերու զարգացման եւ ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի հետագայ անդամակցութեան լայն պահանջարկը:

Զախարովա յայտարարած է, որ հայ ժողովուրդը Ռուսիոյ համար եղբայրական է, Ռուսիան անոր խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում կը մաղթէ:

Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Քրեմլինը առայժմ ձեռնպահ կը մնայ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ մեկնաբանութիւններէն: «Մենք կը սպասենք վերջնական արդիւնքներուն», ըսած է Փեսքով` միաժամանակ վստահեցնելով, որ Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի ընտրութիւններու, որոնց ծիրին մէջ նաեւ խախտումներուն վերաբերեալ տեղեկատուութեան:

Էսթոնիոյ վարչապետ Քրիսթեն Միխալ «Էքս»-ի իր էջին վրայ շնորհաւորած է Փաշինեանը` խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին առիթով, եւ նշած. «Հայաստան կը շարունակէ ընտրել Եւրոպան, եւ Էսթոնիան հպարտ է աջակցելու ձեր եւրոպական ձգտումներուն: Կ՛ակնկալեմ միացեալ աշխատանք բարեփոխումներու, նորարարութիւններու եւ առաւել անվտանգ Եւրոպայի ուղղութեամբ` միեւնոյն ժամանակ կառուցելով առաւել եւս ամուր գործընկերութիւն մեր երկիրներուն միջեւ»:

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլա շնորհաւորելով Փաշինեանը յայտնեց. «Եկէք շարունակենք մեր ընթացքը` հիմնուելով այս նորացուած կշռոյթին վրայ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար»:

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի շնորհաւորելով Փաշինեանը «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ասիկա նաեւ յաղթանակ է Հայաստանի գերիշխանութեան, ձեր անկախութեան եւ ձեր ընտրած ձեւով ապրելու ձեր իրաւունքին համար»:

«Ուքրանիան պատրաստ է ընդլայնելու մեր համագործակցութիւնը, եւ հիմա ճիշդ այն պահն է, որ Եւրոպական Միութիւնը իրական աջակցութիւն ցուցաբերէ Հայաստանին եւ ընէ անհրաժեշտ ամէն ինչ, որպէսզի մարդիկ զգան, թէ իրենց կեանքը աւելի լաւ է Եւրոպայի հետ իրենց յարաբերութիւններուն շնորհիւ: Ասիկա քննութիւն է Եւրոպական Միութեան համար: Կարեւոր է չկորսնցնել ժամանակը կամ չփախցնել կարելիութիւնները», ընդգծած է Զելենսքի:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշտա «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Հայ ժողովուրդը քուէարկած է խաղաղութեան, կայունութեան եւ դրացիներու ու աշխարհի հետ աւելի ամուր համագործակցութեան վրայ կառուցուած ապագայի համար: Միասին Եւրոպական Միութիւնն ու Հայաստանը պիտի կառուցեն աւելի ամուր կապեր մարդոց միջեւ եւ պիտի ստեղծեն նոր կարելիութիւններ ուժանիւթի, առեւտուրի եւ թուայնացման ոլորտներուն մէջ: Մեր ամուր գործընկերութիւնը կը ներդրէ աւելի խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայ մը ամբողջ շրջանին համար», նշած է ան:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն իր կարգին` շնորհաւորելով Փաշինեանը գրեց. «2018 թուականին ձեր գլխաւորած թաւշեայ յեղափոխութեան ոգին կենդանի է եւ առողջ: Մենք խորապէս կը գնահատենք մեր գործընկերութիւնը ժողովրդավարական Հայաստանի հետ, որ հետզհետէ աւելի կը մօտենայ Եւրոպային: Հայաստանը կրնայ մեր վրայ յոյս դնել»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն շնորհաւորելով Փաշինեանը «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ուրախ եմ շարունակելու ձեզի հետ աշխատիլ` մեր ժողովուրդներու օգտին մեր համագործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու, խաղաղութեան ու Հայաստանի գերիշխանութեան սատարելու եւ Եւրոպայի հետ մերձեցման խթանման համար»:

Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւ շնորհաւորեց Փաշինեանը` նշելով, որ իր երկիրը պատրաստ է շարունակելու աշխուժ համագործակցութիւնը բարեկամ Հայաստանի հետ` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ: Ան հայ ժողովուրդին մաղթած է յաջողութիւն պետութեան զարգացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն:

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ, կիրակի երեկոյեան, երբ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ ամբողջական պատկեր տակաւին չկար, շնորհաւորեց Փաշինեանը եւ նշեց. «Անհամբեր կը սպասեմ մեր սերտ համագործակցութեան շարունակման` Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնն ու բարեկամական յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով` մեր ազգերու բարգաւաճման համար»:

Նախքան այդ, Վրաստանի նախկին նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի եւս շնորհաւորեց Փաշինեանը` նշելով, որ Հայաստանը այսօր ամուր ընտրութիւն կատարած է յօգուտ ազատ, անկախ եւ եւրոպական ապագայի:

«Այս պատմական ընտրութիւնը կ՛ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը եւ կ՛ամրապնդէ մեր շրջանին տեղը եւրոպական պետութիւններու ընտանիքին մէջ: Վրացի ժողովուրդը լիակատար համերաշխութիւն կը յայտնէ», գրեց ան:

Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլի Եւրոպական Միութիւնը մեղադրեց Հայաստանի մէջ ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւններուն վերաբերեալ ցուցաբերած լռութեան համար:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կ՛ողջունենք, որ 7 յունիս 2026-ին Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան խաղաղ ու հանդարտ մթնոլորտի մէջ: Կը յուսանք, որ Հայաստանը յետընտրական ժամանակաշրջանին յանդուգն քայլեր պիտի առնէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու բնականոնացման ուղղութեամբ: Թուրքիան պիտի շարունակէ նպաստել շրջանային կայունութեան ու բարգաւաճման, ինչպէս մինչեւ հիմա կատարած է, հիմնուելով շրջանի երկիրներու հասարակաց շահերուն վրայ»:

Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Նիկոլ Փաշինեանը յաղթած է: Հայաստան ընտրած է շարունակականութիւնը եւ վերահաստատած իր եւրոպամէտ ուղղուածութիւնը: Կարեւոր ազդանշան այն առնչութեամբ, որ շրջանի ապագան տակաւին կը շարունակէ գրուիլ»:

ԵԱՀԿ-ի կարճաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան յատուկ համակարգող Ֆարահ Քարիմի յայտնեց. «Պետական կառոյցի կազմի ներկայացուցիչներու վրայ ճնշումները` մասնակցելու իշխող կուսակցութեան կազմակերպած միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր ընկերային եւ տնտեսական միջոցառումները, որոնք ձեռնարկուած էին, մեծ մտահոգութիւններ կը բարձրացնեն նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին կարելիութիւններու ազատութեան առնչուած:

«Ամբողջ քարոզարշաւի ընթացքին արտաքին ճնշումները մեծ ազդեցութիւն ունեցան նաեւ ինքնին ընտրողներուն վրայ: Արշաւը լեցուն էր առճակատողական մօտեցումներով, բաժանումի բերող հռետորաբանութեամբ, ձայները գնելու եւ այլ ընտրական խախտումներու տարբեր մեղադրանքներով, որոնց հետեւանքով ընդդիմադիր շատ ուժեր զերծ մնացին աշխուժօրէն մասնակցելէ նախընտրական քարոզարշաւին: Անբաւարար վերահսկողութիւնը եւ քարոզարշաւի ֆինանսական միջոցներու կանոնակարգումը կը սահմանափակէին թափանցիկութիւնը եւ հանրային վերահսկողութեան կարելիութիւնները»:

ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ պատուիրակութեան ղեկավար Եանեշ Լենարչիչ ակնարկած է, որ Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այցելութիւնները կրնային ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի ընտրութիւններուն վրայ:

Անոր համաձայն, հակառակ արձանագրուած տարբեր խնդիրներուն, ընտրողներուն կարելիութիւն տրուած է իրական ընտրութիւն կատարելու: Հոլովոյթը կազմակերպուած եղած է բարձր մակարդակով, յանձնախումբերը աշխատած են թափանցիկ ձեւով, իսկ նիստերը հեռարձակուած են: Բայց եւ այնպէս ընտրութիւնները տեղի ունեցած են աննախադէպ ճնշումներու, պատժամիջոցներու եւ ամէնօրեայ սպառնալիքներու մթնոլորտի մէջ, որովհետեւ անոնք կը վերաբերէին քուէարկութեան այս կամ այն արդիւնքի պարագային սպասուող հետեւանքներուն: Արձանագրուած է նաեւ արտաքին ներգործութիւն: Նախընտրական քարոզարշաւը եղած է ծայրայեղ բեւեռացուած եւ ուղեկցուած է սադրիչ ու վիրաւորական հռետորաբանութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ, թէեւ 2021 թուականի ընտրութիւններուն համեմատ յառաջընթաց կայ, ԺՀՄԻ-ի եւ Վենետիկի յանձնախումբի բազմաթիւ առաջարկներ այդպէս ալ չեն կատարուած:

Եւրոպացի դէտերը վարչական ներուժի համակարգուած կիրարկում չեն արձանագրած, սակայն ստացած են բազմաթիւ հաղորդումներ, որոնց մէկ մասը բաւական արժանահաւատ է, իշխող կուսակցութեան կողմէ ընտրողներու վրայ ճնշումներու մասին: Ասիկա, տնտեսական բնոյթի քայլերու հետ մէկտեղ, իշխանութիւնը դրած է աւելի շահեկան դիրքերու վրայ: Ատոր գումարուած են ընդդիմութեան նկատմամբ ճնշումները, ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւններն ու հետապնդումները, ինչն ալ իր ազդեցութիւնը ունեցած է ընդդիմադիր միջոցառումներու մասնակցութեան ցուցանիշերուն վրայ: Պետական պատկերասփիւռին կողմէ ակնյայտ կողմնակալութիւն նկատուած է իշխանութեան օգտին, իսկ որոշ սեփական լրատուամիջոցներ որդեգրած էին հակառակ մօտեցումը, որուն պատճառով ընտրողները զրկուած են առարկայական տեղեկատուութիւն ստանալու կարելիութենէն:

Share