Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին լիբանանցի ժողովուրդին ուղղուած պատկերասփռուած ուղերձի մը մէջ յայտարարեց, որ զինադադարի յայտարարութեան որոշումը կայացաւ շնորհիւ բոլորի ճիգերուն, անիկա լիբանանցիներու զոհողութիւններուն պտուղն է, պտուղը իրենց տուներուն եւ գիւղերուն մէջ գոյատեւած մարդոց: Վերջիններս աշխարհին ապացուցեցին, որ անոնք պիտի մնան այդտեղ եւ պիտի չհեռանան ինչ ալ ըլլայ պարագան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ լիբանանեան պետութեան նպատակն է Լիբանանի հողին ու ժողովուրդին նկատմամբ իսրայէլեան յարձակողապաշտութեան դադրեցումը, իսրայէլեան ուժերու հեռացումը, պետութեան գերիշխանութեան հաստատումը երկրին բոլոր հողերուն վրայ, գերիներուն ազատութիւնը եւ տեղահանուածներուն տունդարձը:
Նախագահ Աուն իր պատկերասփռուած ուղերձին մէջ յայտարարեց, որ այսուհետեւ ինք թոյլ պիտի չտայ, որ մէկ լիբանանցի զոհուի կամ ժողովուրդի արիւնահոսութիւնը կատարուի յանուն ուրիշներու շահերուն կամ մօտիկ թէ հեռաւոր ուժերու առանցքներու հաշիւներուն:
«Բոլոր լիբանանցիները մէկ նաւու մէջ են, կա՛մ զայն իմաստութեամբ կ՛առաջնորդենք դէպի ապահով նաւահանգիստ, կա՛մ ալ ան կ՛ընկղմի եւ մենք բոլորս անոր մէջ կը խեղդուինք», ըսաւ նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն տեղահանուածներուն ուղղելով իր խօսքը յայտնեց, որ անոնք պիտի վերադառնան իրենց տուները: «Լիբանանի ճակատագիրով եւ լիբանանցիներու կեանքերով արկածախնդրութիւն կատարողներուն կ՛ըսեմ, բա՛ւ է, Լիբանանի մէջ միայն պետութեան ծրագիրն է հզօրագոյնը, մնայունը եւ ապահովագոյնը բոլորին համար», նկատել տուաւ հանրապետութեան նախագահը:
Նախագահ Աուն նշեց, որ բանակցութիւնները երբեք չեն նշանակեր զիջիլ որեւէ սկզբունք կամ ոտանահարել այս հայրենիքին գերիշխանութիւնը: «Անձնասպանութեան եւ բարգաւաճման միջեւ ես եւ ժողովուրդը կ՛ընտրենք բարգաւաճումը անձնասպանութեան դէմ», ընդգծեց նախագահ Ժոզեֆ Աուն:
«Պատրաստ եմ երթալու ուր որ պէտք է` ազատագրելու հողս եւ պաշտպանելու ժողովուրդս», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
