Երուսաղէմի Հայ Համայնքի Կոչը՝ Միջազգային Հանրութեան

Երուսաղէմի Հայ Համայնքի Կոչը՝ Միջազգային Հանրութեան

ՀԱՅՈՑ ԹԱՂ, ՀԻՆ ՔԱՂԱՔ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, ԱՊՐԻԼ 5, 2024 —

Մենք՝ Երուսաղէմի հայ համայնքի հասարակական, բարեգործական, երիտասարդական և քաղաքական կազմակերպութիւններու, միութիւններու և, ի հարկէ «SavetheArQ» շարժման ներկայացուցիչներս, հրատապ կոչով կը դիմենք միջազգային հանրութեան՝ խնդրելով մեր համայնքին համար խիստ վճռորոշ այս պահուն աջակցելու Երուսաղէմի պատմական Հայկական թաղամասը պաշտպանելու գործին։ Իսրայէլի ոստիկանութեան վերջին գործողութիւնները վտանգաւոր նշաձող աւելցուցին, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող սպառնալիքներուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք մենք։

Չնայած Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին և Երուսաղէմի հայ համայնքին կողմէ  յարուցուած  շարունակական  դատական  գործընթացներուն՝  ուղղուած «Կովերու Պարտէզ»-ին հետ կապուած անօրինական գործարքը չեղեալ յայտարարելուն, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը այժմ միացած է Իսրայէլցի վերաբնակներուն, որոնք գօրծնականօրէն կը սրեն լարուածութիւնը և կը փորձեն տեղւոյն վրայ ուժով փոխել իրողութիւնը: Ըստ այնմ, խիստ վտանգուած է Երուսաղէմի մեր 1600-ամեայ ներկայութիւնը: Հայոց Պատրիարքարանին և Երուսաղէմի հայ համայնքին պատմական գոյութիւնն այժմ վտանգի տակ է։ Որպէսզի պարզ ըլլայ բոլորին, մենք միասնական ձայնով կը յայտարարենք, որ Կովերու Պարտէզի հետ կապուած ստորագրուած գործարքը չեղարկուած է. մեր գոյութիւնը կը վտանգէ որպէս համայնք և կը խախտէ մեր սեփականութեան իրաւունքները։

Մենք կը խնդրենք միջազգային հանրութենէն ճանչնալ Երուսաղէմի մեր մշակութային և պատմական ժառանգութեան նշանակութիւնը և կանգնիլ մեր կողքին՝ ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմի  հայութեան գոյութեան իրաւունքին: Հայկական թաղամասը զուտ աշխարհագրական տեղանուն չէ, անիկա մեր մնայուն ներկայութեան և ինքնութեան խորհրդանիշն է: Անոր նկատմամբ ցանկացած ոտնձգութիւն ոչ միայն կը խաթարէ մեր համայնքին ու պատրիարքարանին իրաւունքները, այլև կը սպառնայ ոչնչացնել «Հին քաղաքի» խճանկարը:

Մենք բոլոր շահագրգիռ կողմերուն, ներառեալ պետութիւններու ղեկավարներուն, դիւանագիտական առաքելութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն և մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն, կոչ կ՚ընենք բարձրացնել այս գոյութեան սպառնալիքի հանրային հնչեղութիւնը, համախմբուիլ և մեր հետ համերաշխութեամբ առաւելագոյն ջանքեր գործադրել՝ կասեցնելու յետագայ ոտնձգութիւնները հայկական կալուածներու նկատմամբ և պահպանելու Հայկական թաղամասի ներկայ «Status-Quo»ն։

Մենք համապատասխան բոլոր կողմերուն յատուկ կոչ կ՚ընենք՝ ճնշում գործադրել Իսրայէլական ոստիկանութեան վրայ՝ դադրեցնելու իրենց անմիջական օգնութիւնը, խթանումը և նոյնիսկ Իսրայէլցի վերաբնակներու ուղեկցումը, ովքեր կը ցանկանան բռնի ոտնձգութիւն կատարել «Կովերու Պարտէզ»-ին, հայկական թաղամասին և հայ համայնքին նկատմամբ։ Մենք նաև կոչ կ՚ընենք բոլոր անոնց, որոնք մտահոգ են Երուսաղէմի ամբողջականութեան, իր պատմութեան և բոլոր համայնքներու կենսունակութեան պահպանմամբ, պահանջել, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը պարտաւորէ տեղի ոստիկանութեան չ՝օգնելու, չխթանելու և նոյնիսկ չգլխաւորելու ընկերութեան հարձակումը հայ համայնքի վրայ, չբռնագրաւելու Հայկական Թաղամասի և համայնքի թանկարժէք գոյքը։

Անոնք զինուած են։ Մենք՝ ոչ։ Պէտք է որ գերիշխէ օրէնքի գերակայութիւնը, ոչ թէ Իսրայէլցի վերաբնակներու ապօրինի և ուժային ոտնձգութիւնները՝ աջակցութեամբ Իսրայէլի ոստիկանութեան։ Մեր ֆիզիքական անվտանգութիւնը, իրաւական գործընթացները և «Status Quo»ն պէտք է պաշտպանուած ըլլան: Այս պահուն, Իսրայէլական ոստիկանութեան և վերաբնակներու ձեռնարկած գործողութիւններու հետևանքով, բոլորը վտանգուած են: Մեր ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու պահպանումը ոչ միայն պարտականութիւն է, այլ նաև յարգանքի, հանդուրժողականութեան և մշակութային բազմազանութեան ընդհանուր արժէքներու վկայութիւն, որոնք պէտք է պահպանուին Երուսաղէմի մէջ:

  • Հայոց Թաղի Պահպանութեան եւ Պաշտպանութեան շարժում
  • Երուսաղէմի Հայկական Բարեսիրական Միութիւն
  • Հայ Երիտասարդաց Միութիւն – ՀԵՄ
  • Հայ Մարմանակրթական Ընդհանուր Միութիւն – ՀՄԸՄ
  • Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն – ՀՅԴ
  • Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն – ՌԱԿ
  • Հայ Օգնութեան Միութիւն – ՀՕՄ
Share