ՀՕՄի մասնակցութիւնը՝ ՄԱԿի աշխատանքներուն

ՀՕՄի մասնակցութիւնը՝ ՄԱԿի աշխատանքներուն

        Հայ Օգնութեան Միութիւնը այս տարի եւս ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ նախաձեռնութիւններու՝ կազմակերպութեամբ ՄԱԿի Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովին 70րդ նստաշրջանին։

       Առաջին հերթին, ՀՕՄի պատուիրակութեան մասնակցութեամբ, Երկուշաբթի, 9 Մարտ 2026ին ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ կայացաւ Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 70րդ Խորհրդաժողովին բացման պաշտօնական նիստը՝ հետեւեալ թեմայով. «Կիներու եւ աղջիկներու արդարադատութեան հասանելիութեան ապահովում եւ ամրապնդում, յատկապէս՝ ներառական եւ իրաւական արդար համակարգերու խթանման, խտրական օրէնքներու, քաղաքականութեան եւ գործելակերպի վերացման, ինչպէս նաեւ՝ կառուցային խոչընդոտներու յաղթահարման միջոցով»:

     Տեղին է նշել, որ ՀՕՄի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Թաունհոլին մէջ կայացած ընդհանուր հանդիպման մը՝ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ։ ՀՕՄի պատուիրակութիւնը նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Եւրոպական Միութեան հետ ստեղծուած՝ «Կիներու եւ Աղջիկներու դէմ Վայրագութեան Կանխարգիլման Գործընկերներու Խումբ»ին նախարարական մակարդակի հանդիպման։

       Իսկ Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական Կեդրոնին եւ Հայկական Իրաւաբանական Միութեան հետ գործակցաբար՝ ՀՕՄի ՄԱԿի Յանձնախումբի կազմակերպած նիստը կայացաւ Երեքշաբթի Մարտ 17, 2026ին Երեկոյեան ժամը 6:30ին, ՄԱԿի Եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս՝ «Տեղահանումէն դէպի Արդարութիւն: Պաշտպանութեան Ամրացում, Իրաւունքներ եւ Ապաքինում՝ Տագնապի Գօտիներու մէջ Ապրող Կանանց» խորագրով: Նիստին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան զեկուցաբերներ՝ Գէորգ Յակոբճեան, Գեւ Էսքիճեան եւ Արենի Համբարեան։ Նիստը վարեց Դալար Ապտալեան։

     ՄԱԿի աշխատանքներու երկու Շաբթուան ընթացքին, ՀՕՄի պատուիրակութեան միացան Կեդրոնական վարչութեան անդամ 5 ընկերուհիներ, Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայէն եւ Հարաւային Ամերիկայէն ՀՕՄուհիներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան հանդիպումներու, որոնցմէ կ՛արժէ յիշել «Բարգաւաճ, Առողջ եւ Արժանապատիւ. Քաղաքականութեան Ուղիներ՝ Զարգացող Երկիրներու մէջ Տարեց Կիներու Համար» թեմայով նիստը:

        Հայ Օգնութեան Միութիւնը 1976էն ի վեր իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ՝ իբրեւ Ոչ- կառավարական կազմակերպութիւն, ՄԱԿի համապատասխան կառոյցին աշխատանքներուն։ ՀՕՄը 1988էն ի վեր խորհրդատու անդամի կարգավիճակ ունի Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդին ցանկին մէջ։ 

    Միւս կողմէ, ՀՕՄի պատուիրակութիւն մը Մարտ 16, 17 եւ 18, 2026ին Ժընեւի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդին 61րդ նստաշրջանին։

Share