Մեկնարկել է «Համազգային»ի 9-րդ պատգամաւորական ժողովը 15 երկրներից ժամանած պատուիրակութիւններով

Մեկնարկել է «Համազգային»ի 9-րդ պատգամաւորական ժողովը 15 երկրներից ժամանած պատուիրակութիւններով

Մայիսի 25-ին Երեւանում մեկնարկեց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան 9-րդ պատգամաւորական ժողովը։

Ժողովի մեկնարկը տրուեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելութեամբ, որտեղ յարգանքի տուրք մատուցուեց Արցախեան 44-օրեայ պատերազմում անմահացած հերոսների յիշատակին։ Եռաբլուրում ժողովականներին ուղղուած խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Համազգայինի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը։

Համազգայինի 9-րդ պատգամաւորական ժողովին մասնակցում են 64 պատգամաւորներ եւ հրաւիրեալներ՝ աշխարհի 15 երկրներից։

Ժողովը կընթանայ մայիսի 25-27-ը, որի ընթացքում կամփոփուէն Համազգայինի տարբեր կառոյցների կողմից վերջին չորս տարուայ կատարած աշխատանքները, կճշտուէն յետագայ անելիքները, կընտրուի նոր Կենտրոնական վարչութիւն։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Համազգայինի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը

Եռաբլուրը Ափսոսանքի պահեր ապրելու վայր է, որոնց յաճախ կը յաջորդէ աւելի լաւ օրեր ապրելու յոյսը

Համազգայինի 9րդ Պատգամաւորական ժողովի ընկեր-ընկերուհիներ,

Վերջին երկու տասնամեակներուն սովորութիւն եղած է Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովները սկսիլ հանդիսաւոր կերպով, ա՛յդ ձեւով աւետելով յաջողութիւն խոստացող ուրախ քառամեակի մը սկիզբը: Այսօր սկսող քառամեակի սեմին կարելի չէ ընկալեալ ձեւով դիմաւորել մեր ժողովով կայաանալիք նոր որոշումներու գործադրութեան մեկնարկը: Վերջին ժամանակներու եղելութիւններէն ետք կարիք կայ քանի մը վայրկեան խոկալու վերջին տարիներուն հայութեան ապրած նոր ողբերգութեան մասին, անոր պատճառներուն, բայց մանաւանդ՝ անոր հեռահաս ազդեցութիւններուն մասին:

Ամբողջական ըլլալու համար ատիկա կարիքը ունի համեմատաբար երկար ժամանակի՝ անհատական թէ հաւաքական զոյգ գետիններուն վրայ: Առաջին հերթին, սակայն, մեր միտքը կ’երթայ մեր բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք հերոսաբար ինկան պաշտպանելով համայն հայութեան հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը:

Առհասարակ բոլոր ննջեցեալներու, բայց մանաւանդ հասարակաց անվտանգութեան ի խնդիր զոհաբերուած կեանքերուն համար անհատ ու հաւաքականութիւն կը զգան բացառիկ ցաւ ու բացառիկ յարգանք, որ այլ հասարակութիւններու մօտ աւելի հազուադէպ է: Հայութիւնը ամէն մեծ հաւաքական ուրախութենէ ետք օր ու ժամանակ կը յատկացնէ յիշելու եւ փառաբանելու իր կորուսեալ կեանքերն ու ճակատագրերը:

Այսպիսի մշակոյթ կը յատկանշէ ազնիւ հոգիները. իրենց բարոյական, գաղափարական, նիւթական ու այլ առաւելութիւններ ընծայած էակներու հանդէպ խորունկ երախտագիտութեան զգացումներու շեշտուած արտայայտութիւնը հայկական յատկդանիշ է. մահը կեանքի հակադրութիւնը ըլլալով հանդերձ, անոր անքակտելիօրէն կապուած է եւ զայն աւելիով իմաստաւորողն է: Իսկ իմացեա՛լ մահը նոյն բնական երեւոյթին ծայրահեղ ազնուացումն է. մահ՝ որ այլոց կեանքը կարելի կը դարձնէ շեշտելով անոր հասարակական կարեւորութիւնը:

Մեր մօտ հաւաքականութեան սիրոյն նահատակութեան փառաբանումը կեանք արտօնող ու արտադրող ազդակ ըլլալու կողքին՝ նաեւ ներկան ու ապագան անցեալին կապող շղթային օղակն է, որ համաչափ կերպով տեղափոխուելով ժամանակի գիծին վրայ, անոր թաւալումով կ’երաշխաւորէ մեր տեսակի յաւիտենականութիւնը: Եռաբլուրը մահաստան է, բայց միաժամանակ կեանքի վերանորոգման աղբիւր է: Ափսոսանքի պահեր ապրելու վայր է, որոնց յաճախ կը յաջորդէ աւելի լաւ օրեր ապրելու յոյսը:

Համազգայինը հայ կրթութեան ու մշակոյթին նուիրուած կամաւորներու փաղանգ է: Անոր Պատգամաւորական ժողովը Միութեան կամքի գերագոյն արտայայտիչն է: Խոնարհելով այս եւ ասոր նման սրբավայրերու հազարաւոր շիրիմներուն առջեւ հանդիսաւոր կերպով կը վերանորոգենք անձնուէր ծառայութեան մեր կատարած ուխտը:

Մեր նահատակները, որոնց կարգին 44օրեայ պատերազմի առաջին օրերուն մեզմէ ֆիզիքապէս հեռացած համազգայնական ընկեր Գէորգ Հաճեանը, մեզի հետ են յաւելեալ խորք ու իմաստ տալով մեր ճիգին:

Share