«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը պահանջէ անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններու արդիւնքները

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը պահանջէ անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններու արդիւնքները

Սամուէլ Կարապետեանի ղեկավարած «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը պնդէ, որ իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը չէ յաղթած 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ընտրական ժամանակաշրջանին «իշխանութեան կողմէ օգտագործուած վարչական միջոցներու, քրէական հետապնդումներու, վախի մթնոլորտի ու ատելութեան խօսքի տարածման եւ ընտրութիւններու օրը տեղի ունեցած խախտումներու» հիմքով «Ուժեղ Հայաստան»-ը երէկ ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու պահանջով դիմում ներկայացուց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին:

Դիմումը Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին մօտ մուտքագրած քաղաքական ուժի ներկայացուցիչ, պատգամաւորի թեկնածու Արամ Վարդեւանեան պնդեց, որ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ստացած 700 հազար ձայներէն առնուազն 100 հազարը «կասկածի» տակ կը դնեն, ինչ որ կը նշանակէ, որ պէտք է ըլլայ ընտրութիւններու 2 -րդ փուլ:

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը չէ յաղթած այդ ընտրութիւններուն, ըսեմ աւելին` ինչքան ձայն ստացած են, միջազգային փորձին մէջ շարք մը երկիրներու մէջ բաւարար էր արձանագրելու համար միայն մէկ հանգամանք, որ պէտք է տեղի ունենայ ընտրութիւններու 2-րդ փուլ: Այդ 700 հազարէն աւելի ձայնին հետ կապուած, 100 հազարէն աւելի ձայներուն հետ կապուած ինծի տուէք սպառիչ պատասխաններ, օրինակ, ինչո՞ւ համար ունինք այնքան շատ անվաւեր քուէաթերթիկներ, որոնց պատճառահետեւանքային կապը կը տեսնենք: Ինչո՞ւ շուրջ 80 հազար մեր հայրենակիցներու անձնագիրները չեն աշխատիր», նշեց Վարդեւանեան:

Արամ Վարդեւանեան կը նշէ, որ հիմնաւոր կասկած ունի, որ այն տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիները, որոնց անձնագիրները քուէարկութեան ժամանակ համակարգը չէ ճանչցած եւ անոնց գրանցումը ոչ թէ համակարգով, այլ մասնագէտներու մուտքագրումի եղանակով իրականացուած է, ընտրախախտումներու կարելիութիւն կու տայ:

Share