Րաֆֆի Արտալճեան
Այս գրութիւնը անդրադարձ մըն է Փարիզի մէջ, Ապրիլ 11-12-ին կայացած «Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով»ին մասին ՀՅԴ մամուլին մէջ հրապարակուած «Սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մէջ. Ո՞րն Է Սփիւռքի Քաղաքական Օրակարգը» խորագրով ամփոփումին։ Բնականաբար, ամփոփում մը չի կրնար ամբողջութեամբ փոխանցել երկօրեայ քննարկումներու բոլոր նրբութիւնները։ Հետեւաբար այս դիտարկումները կը վերաբերին ոչ այնքան համաժողովին, որքան ամփոփումին մէջ ներկայացուած կարգ մը գաղափարներուն։
Ամփոփումին մէջ առանձնապէս կարեւոր գտայ մէկ միտք։ Հայաստանի պետութիւնն ու Սփիւռքը պէտք է ըլլան անկախ դերակատարներ, որոնք կը ձգտին նոյն ընդհանուր նպատակին։
Այս մօտեցումը կ՚արժէ աւելի խորացնել։ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մասին մեր մտածողութիւնը երկար ժամանակ երկու ընդհանուր ուղղութիւններով ընթացած է։ Մէկ կողմէ Սփիւռքը յաճախ դիտուած է որպէս Հայաստանի օժանդակ ուժ, որ իր նիւթական, մասնագիտական եւ քաղաքական կարելիութիւնները պէտք է ծառայեցնէ պետութեան։ Միւս կողմէ Սփիւռքի որոշ շրջանակներ իրենք զիրենք տեսած են որպէս համազգային շահերու պաշտպաններ, երբեմն անկախ Երեւանի վարած քաղաքականութենէն։
Պետութիւնն ու Սփիւռքը կրնան ըլլալ անկախ դերակատարներ եւ միաժամանակ ձգտիլ ընդհանուր նպատակի։ Հոս փոխլրացումը ենթակայութիւն չի նշանակեր։ Սփիւռքը կրնայ ունենալ իր ձայնը, իր առաջնահերթութիւնները եւ գործելու իր կարողութիւնը, առանց Հայաստանի պետական ինքնիշխանութիւնը հարցականի տակ դնելու։ Նոյն ձեւով, Հայաստանի պետութիւնը կրնայ վարել իր քաղաքականութիւնը, առանց Սփիւռքը իր քաղաքականութեան պարզ գործիքի վերածելու։
Բայց հոս կը սկսին նաեւ դժուար հարցումները։
Եթէ պետութիւնն ու Սփիւռքը անկախ դերակատարներ են, ի՞նչ կը պատահի, երբ անոնք տարբեր ձեւով կը հասկնան ընդհանուր նպատակը։ Ո՞վ կը սահմանէ համազգային շահը։ Իսկ եթէ կը խօսինք Սփիւռքի հաւաքական քաղաքական կամքին կամ նոյնիսկ համասփիւռքեան ընտրութիւններուն մասին, նախ պէտք է հասկնանք, թէ ո՞վ կրնայ ներկայացնել այդքան տարբեր երկիրներու, համայնքներու եւ մտածողութիւններու բաժնուած Սփիւռքը։
Հոս թերեւս ամփոփումը քիչ մը արագ կ՚անցնի գաղափարէն դէպի առաջարկուած կառոյցները։ Սփիւռքի հաւաքական քաղաքական կամք ձեւաւորելը կամ համասփիւռքեան ընտրութիւններ կազմակերպելը հետաքրքրական առաջարկներ են, բայց բնականաբար իրենց հետ նոր հարցումներ կը բերեն։ Ո՞վ կը մասնակցի, ո՞վ կը ներկայացուի, ինչպէ՞ս կը ստեղծուի անհրաժեշտ վստահութիւնը եւ ի՞նչ յարաբերութիւն կ՚ունենան այդ կառոյցները Հայաստանի պետութեան հետ։ Այս բոլորը դեռ մտածելու եւ մշակելու կարիք ունին։
Այս հարցումները գաղափարին դէմ չեն։ Ընդհակառակը, անոնք անհրաժեշտ են, եթէ կ՚ուզենք գաղափարէն անցնիլ գործնական եւ մնայուն կառոյցներու։ Այդ ճամբուն վրայ, կը կարծեմ, պէտք է աւելի յստակ զանազանենք երեք դաշտ։
Առաջինը Հայաստանի պետական ինքնիշխանութիւնն է։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետութիւն է, իր քաղաքացիներով, սահմանադրութեամբ եւ ընտրուած պետական մարմիններով։ Պետութեան վարած քաղաքականութեան պատասխանատուութիւնը կը կրէ ընտրուած կառավարութիւնը, որ իր մանտադը կը ստանայ Հայաստանի քաղաքացիներէն։ Որքան ալ կարեւոր ըլլայ Սփիւռքի մասնակցութիւնը, ան չի կրնար փոխարինել այս իրողութիւնը։
Երկրորդը Սփիւռքի ինքնուրոյնութիւնն է։ Սփիւռքը Հայաստանի կառավարութեան արտասահմանեան մասնաճիւղը չէ ( եւ ոչ ալ որոշ կազմակերպութիւններ պարտադրուած են գործել՝ որպէս հայ ազգի արտաքին գործերու նախարարութիւն)։ Սփիւռքը ունի իր համայնքները, կազմակերպութիւնները, փորձառութիւնը եւ շահերը։ Ան իրաւունք ունի իր օրակարգերը մշակելու, հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը պահպանելու, քաղաքական ազդեցութիւն ստեղծելու եւ, երբ հարկ է, Երեւանէն տարբեր տեսակէտ ունենալու։
Երրորդը այն տարածքն է, ուր պետութիւնն ու Սփիւռքը կրնան գործակցիլ։ Թերեւս մեր ամենէն մեծ բացը հոս է։ Կան բազմաթիւ հարցեր, ուր Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան շահերն ու կարելիութիւնները կը հանդիպին։ Կրթութիւն, մշակոյթ, գիտութիւն, տնտեսութիւն, քաղաքական կապեր եւ երկարաժամկէտ ազգային ծրագիր։ Այս դաշտին մէջ կարելի է ստեղծել գործակցութեան նոր ձեւեր։ Բայց անոնք պէտք է հիմնուած ըլլան փոխադարձ յարգանքի, յստակ դերերու եւ վստահութեան վրայ։
Այս պատճառով «Սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մէջ» ամփոփումը կարեւոր ներդրում մըն է շարունակուող քննարկումին։ Ան բոլոր պատասխանները չի տար, եւ թերեւս այդ ալ իր նպատակը չէ։ Բայց իր բարձրացուցած հիմնական միտքը արժանի է շարունակութեան։ Պետութիւնն ու Սփիւռքը կրնան ըլլալ ինքնուրոյն եւ միաժամանակ իրար լրացնող ուժեր։
Այդ միտքը իրականութեան վերածելու համար տակաւին շատ աշխատանք կայ։ Պէտք է աւելի յստակ հասկնանք, թէ ո՛ւր կը վերջանայ պետութեան իրաւասութիւնը, ո՛ւր կը սկսի Սփիւռքի (կամ սփիւռքներու) ինքնուրոյն դաշտը, եւ ո՛ւր կրնանք միասին գործել։
Թերեւս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու նոր մօտեցումը պէտք է սկսի ճիշդ հոսկէ, յստակացնելէ, թէ ուր ենք ինքնուրոյն, ուր տարակարծիք, ուր փոխլրացնող, եւ ուր միասին գործող:
