Համահայկական գիտաժողով՝ նուիրուած Հովհաննէս Քաջազնունիին

Համահայկական գիտաժողով՝ նուիրուած Հովհաննէս Քաջազնունիին

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի ճարտարապետներու պալատին հետ համագործակցութեամբ կը նախատեսուի կազմակերպել համահայկական գիտաժողով՝ նուիրուած Հովհաննէս Քաջազնունիին:

Գիտաժողովին նպատակն է՝ ներկայացնել հայ ականաւոր ազգային-քաղաքական գործիչ Հովվհաննէս Քաջազնունին որպէս ճարտարապետ:

Գիտաժողովին խորագիրն է՝
«Հովհաննէս Քաջազնունին ճարտարապետ»

Գիտաժողովի անցկացման վայրը՝ Հայաստանի ճարտարապետներու պալատի դահլիճ

Հասցէ՝ Բաղրամեան 17

Օրը՝ Հոկտեմբեր 15
Ժամը՝ 10.00-ին

Յայտերը ներկայացնել մինչեւ ս.թ. Սեպտեմբեր 1:
Մանրամասներու համար կրնաք զանգահարել.

Հեռ:՝ 010-56-15-06, 010 53-39-49
Ել. հասցէ՝ Hayastan@hamazkayin.com , info@armarch.am

Share