Կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, կիրակի, 19 ապրիլ 2026-ին ս. պատարագի աւարտին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն «Ազդակ»-ի վաստակաշատ խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանին յիշատակին` նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեանի:
Ապա, կէսօրուան ժամը 12:30-ին «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Մահսէրէճեանին նուիրուած յուշ-հանդիպում մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սէրուժ Խանճիհանեան, որ Սարգիս Մահսէրէճեանը նկատեց անուն մը, որ քանդակուած պիտի մնայ «Ազդակ»-ի էջերուն եւ պատմութեան մէջ` իբրեւ ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ «Ազդակ»-ի երթը ղեկավարած հմուտ եւ անխոնջ խմբագիր, բայց մանաւանդ` իբրեւ «Ազդակ»-ի անմնացորդ նուիրեալ գործիչ:
«Եթէ մէկ կողմէ Սարգիս Մահսէրէճեանի կենսագործունէութենէն ոչ միայն կարելի չէ անջատել «Ազդակ»-ի առիւծի բաժինը, միւս կողմէ` նոյնպէս ալ «Ազդակ»-ի պատմութիւնը կարելի չէ խմբագրել առանց Սարգիս Մահսէրէճեանի բերած անգնահատելի ներդրումին այս թերթի էջերուն:

«Պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն բնակիլ խմբագրատան մէջ, անվերջանալի գիշերներ լուսցնել, տպուած թերթը առաւօտեան վաղ ժամերուն վերախմբագրել եւ վերատպել, փակ ճանապարհներէ անցնիլ, վտանգաւոր կացութիւններ դիմագրաւել, արեւմտեան ու արեւելեան Պէյրութի միջեւ երթեւեկել, արեւմտեան Պէյրութի «Ազդակ»-ի տպարանի նկուղային պայմաններու մէջ թէ՛ խմբագրել օրաթերթը եւ թէ՛ հսկել անոր տպագրութեան, որպէսզի հանապազօրեայ հացէն չկտրուի հայ ընթերցողը», ըսաւ ան:
Խանճիհանեան դիտել տուաւ, որ Ս. Մահսէրէճեան մեծապէս հաւատաց մարդուժի պատրաստութեան, եղաւ ամէնէն աւելի գիտցողներէն, որ մամուլը դպրոց է, որ` խմբագիրը այդ դպրոցի դասատուն է եւ տնօրէնը միաժամանակ, որուն ուսերուն կ՛իյնայ ոչ միայն թերթը առօրեայ հերթականութեամբ լոյս ընծայելու պարտականութիւնը, այլ նաեւ` հանրային կարծիք ձեւաւորելը, Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծը, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող որոշումները պարզաբանելը, հիմնաւորելը եւ տարածելը: Եւ այս բոլորին առընթեր` նորերը պատրաստելը:
«Ազդակ»-ի լրագրութեան դպրոցի կառկառուն դէմքն էր Սարգիս Մահսէրէճեան` ստուերին մէջ գործելու, սակայն ամէն օր թերթը լոյսին բերելու անսակարկ տրամադրելիութեամբ եւ «Ազդակ»-ը աշխատակիցներուն եւ շրջապատին համար ընտանիքի միջավայր վերածելու տեսակէտէն», հաստատեց ան:
Ապա «Ազդակ»ի անունով խօսք առաւ օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման ձեռնարկ մը հարկ էր կազմակերպել Սարգիս Մահսէրէճեանի կենդանութեան` իբրեւ յարգանք անոր վաստակին, սակայն «Ազդակ»-ի երկար տարիներու խմբագրապետին անժամանակ կորուստը ինքնաբերաբար այլ բան տնօրինեց: Ան նշեց, որ Մահսէրէճեանի առյաւէտ բաժանումը հսկայական դատարկութիւն մը ստեղծեց սփիւռքահայ մամուլի էջերուն մէջ, իր հարազատ երդիքին տակ, իր ընկերներուն, բարեկամներուն եւ սիրելիներուն սրտերուն խորը, «Ազդակ»-ի սիւնակներուն մէջ եւ ինչպէս ինք կը կոչէր` ազդակճիներուն կեանքին մէջ:

«Ճիշդ է` վերջին տարիներուն մեր ֆիզիքական կեանքին մէջ ներկայութիւն չէր ընկեր Սարգիսը, սակայն ելեկտրոնային տարբեր միջոցներով, հեռաձայնային կապերով տիրական ներկայութիւն էր մեր կեանքին մէջ` անկախ իր բազում յօդուածներէն ու որեւէ դէպքէ քանի մը վայրկեան ետք իսկ տուեալ իրադարձութեան վերաբերող ակնարկներէն ու նշմարներէն: «Ազդակ»-ի ընտանեկան ծառին մէջ իր արժանի եւ ընդգծելի տեղը ունեցած Սարգիս Մահսէրէճեան, որ այս ծառին բազում ճիւղերուն ստեղծիչն իսկ էր, «Ազդակ»-ի հետ կապը չաւարտեցաւ թերթին տարբեր երդիքներուն տակ տարուած իր 21-ամեայ ծառայութեամբ, այլ ծովերէն անդին անցնելէ ետք իսկ ընկերոջ համար «Ազդակ»-ն ու այս ընտանիքի անդամները մնացին հարազատներ, որոնց տեղ տուաւ իր առօրեային մէջ եւ ներաշխարհէն ներս: Գրեց մեզի, զրուցեց մեզի հետ, հարցուց մեր որպիսութիւնը, մտահոգուեցաւ մեզմով, խորհուրդներ ու առաջարկներ ներկայացուց, հետաքրքրուեցաւ մեր դժուարութիւններով եւ զանոնք շրջանցելու մեր կարողականութեամբ` միշտ մղելով գործի, ամրապնդելով մեր հաւատքը, որ մեր կատարածը կարեւոր է, խրատելով չյուսահատիլ, չնեղանալ քննադատութիւններէն, այլ ամէն ժխտականի մէջ իսկ փնտռել ուսանելի դաս մը», ըսաւ Ն. Բարսեղեան:
Լուսարձակի տակ առնելով Սարգիս Մահսէրէճեանի մնայուն կերպով յարգալից, համեստ, գործակցող եւ դրական նկարագրային գիծերը` ան նշեց, որ «Ազդակ»-ի նախկին խմբագրապետը իրեն կատարուած ոչ մէկ դիմում կը մերժէր, հակառակ մամուլի աշխարհին մէջ իր վաստակին ու հմտութեան` ամենայն խոնարհութեամբ կը վերաբերէր ներկայ խմբագիրներուն ու անոնց որոշումներուն հետ` մնայուն կերպով քաջալերելով եւ մղիչ ներուժ հաղորդելով:
Նորա Բարսեղեան հաստատեց, որ «Ազդակ»-ի գոյերթին մէջ իր ֆիզիքականէն, միտքէն, հոգիէն, սիրտէն ու խիղճէն անսակարկ կերպով ներդրած է Սարգիս Մահսէրէճեան, ամէն վտանգ արհամարհած ու «Ազդակ»-ի անխափան երթը երաշխաւորած է` նոյն խրամատին մէջ իր կողքին եղողները համոզելով, որ դժուարութիւնները անհեթեթ են, պէտք է գործը յառաջ տանիլ: Ան նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներ մեկնելէ ետք կապը պահած է «Ազդակ»-ին ու անձնակազմին հետ` շեշտելով, որ տարուած գործը կարեւոր առաքելութիւն մըն է, որ պէտք է անպայման շարունակել: ««Ազդակ»-ի հետ մօտէն կամ հեռուէն, անցեալին թէ ներկայիս, նաեւ` ապագային, կապ ունեցող ոեւէ անձ չի կրնար Սարգիս Մահսէրէճեան անունը լսած կամ կարդացած չըլլալ», ըսաւ ան` երախտագիտութիւն յայտնելով Սարգիս Մահսէրէճեանի կերտած վաստակին ու նուիրումին հանդէպ ու բիւր շնորհակալութիւն` իր կողմէ ժառանգուած արժէքներուն ու սկզբունքներուն համար:
Աւարտին, մէջբերելով մահուան մասին Ս. Մահսէրէճեանի մօտեցումի արտացոլացնող տողեր, Նորա Բարսեղեան հաստատեց. «Մեր սիրելի, յարգելի ու թանկարժէք ընկեր Սարգիսին այս փիլիսոփայութիւնը լաւագոյն ձեւն է մեր կոկորդը սեղմող անոր անժամանակ մահուան հետ հաշտուելու եւ ընթանալու յառաջ, վեր բարձրանալու եւ շարունակելու քալել անոր գծած ուղիէն, չարտօնելու, որ վիշտն ու ցաւը կաշկանդեն մեզ, այլ իր խօսքերն ու գործը իբրեւ ուղեցոյց ունենալով` փորձելու նոր էջեր աւելցնել մեր անձնական, հաւաքական թէ «Ազդակ»-ի պատմութեան վրայ` այսպիսով ալ իր յիշատակը անթառամ ու կենդանի պահելով:
«Պիտի մնաս մեզի հետ` իբրեւ գլխագիր Մարդ, հաւատաւոր հայ, մամուլի գործիչներ կազմաւորած անկեղծ ուսուցիչ եւ հայ մամուլին մէջ պատմութիւն կերտած ազդակճի»: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):
Ապա ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ ընդհանուր անդրադարձ կատարուեցաւ Սարգիս Մահսէրէճեանի կեանքին ու գործունէութեան: Անոր մէջ վկայութիւններ տուին «Ազդակ»-ի յարկին տակ Մահսէրէճեանին հետ գործած` Հրաչ Վարժապետեան, Արմէն Ապտալեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Զաւէն Թորիկեան:
Խօսք առաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան նախկին անդամ, Սարգիս Մահսէրէճեանի կրտսեր գործակից, «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ անձնական ծանօթութեան ու ապրուած փորձառութիւններու լոյսին տակ ներկայացուց Սարգիս Մահսէրէճեան մարդը, հայ մամուլին եւ գրականութեան սպասարկուն:
Աւագեան հաստատեց, որ սփիւռքահայ մամուլի մեծ երախտաւոր Սարգիս Մահսէրէճեանին անունը առաւելաբար կապուած է «Ազդակ» օրաթերթին` իբրեւ «Զաւարեանական էջ»-ի յօդուածագիր, լիբանանեան լուրերու աշխատակից, թերթին արտաքին էջերու խմբագիր եւ վերջապէս` ապրիլ 1991-էն յունուար 1997 տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր: Իսկ այնուհետեւ, Մ. Նահանգներ հաստատուելէն տարիներ ետք, իբրեւ ջանասէր հրապարակագիր` միջազգային եւ հայկական այժմէական նիւթերու:
Կենսագրական հպանցիկ ակնարկով մը Աւագեան իր խօսքին մէջ նախ ներկայացուց Մահսէրէճեանի կեանքին առաջին հանգրուանը` մինչեւ «Ազդակ» մուտքը` մայիս 1976: Ապա երկար անդրադարձով մը խօսեցաւ լրագրող, խմբագիր եւ տնօրէն Սարգիս Մահսէրէճեանի վաստակին մասին: Ան ըսաւ, որ` «Սարգիս Մահսէրէճեան «Ազդակ»-ը դարձուց իր տունը, իր ընտանիքը, հարազատ ու անկեղծ միջավայրը, ուր անսահման նուիրումով գործեց երեք սերունդի հետ: 1970-ականներու սերունդէն ան սորվեցաւ եւ փորձառութիւն ձեռք ձգեց: 1980-ականներու սերունդին հետ ան դրոշմ եւ դիմագիծ տուաւ թերթին, իսկ 1990-ականներու սերունդին սորվեցո՛ւց դրոշմ տալու եւ փորձառութիւն փոխանցելու արուեստը: Ուսուցանելու իր նկարագրային գիծը, որ իր մօտ շեշտուած էր ի սկզբանէ, մեծ դեր ունեցաւ «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներու կարողութիւնները յղկելու գործին մէջ»:
Շարունակելով` Աւագեան հաստատեց. «Պատմութեան դէմ մեղանչած պիտի ըլլանք, եթէ չհաստատենք, որ լիբանանեան տագնապի եւ թոհուբոհի տարիներուն «Ազդակ»-ը «Ազդակ» պիտի չըլլար առանց Սարգիս Մահսէրէճեանին եւ անոր հոգատար շունչին տակ գործող խումբ մը հաւատաւոր տղոց, որոնք «Ազդակ»-ի քուրային մէջ թրծուելով` հետագային իրենց փորձառութիւնը ի գործ պիտի դնէին Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Հարաւային Ամերիկայի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Քանատայի մամլոյ զանազան օրկաններուն մէջ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը դառնալով մէկական արժանաւոր աշակերտը իր մեծ ուսուցիչին»:
Լրագրող, խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեանի բարեմասնութիւններուն անդրադառնալէ ետք, Աւագեան խօսեցաւ նաեւ տնօրէն Սարգիս Մահսէրէճեանի իրագործումներուն մասին եւ շեշտեց, որ իր տնօրէնութեան վեց տարիները շրջադարձային եղան «Ազդակ»-ին համար:
«Իր տնօրէնութեան օրով, մայիս 1994-ին, «Ազդակ» անցնցում ոստում մը կատարեց լինոթիփէն համակարգչային տպագրութիւն: Ու շնորհիւ իր խոհեմութեան` լինոթիփի անձնակազմէն ոչ ոք դուրս մնաց հաստատութենէն: Դասաւորումները կատարուեցան այնքան մը սերտուած կերպով, որ բոլորը իրենց նոր գործերն ու պատասխանատուութիւնները ունեցան «Ազդակ»-ի մէջ:
«Դարձեալ իր տնօրէնութեան օրով, յունիս 1994-ին, «Ազդակ»-ի էջերուն թիւը 8-էն բարձրացաւ 10-ի, յատուկ առիթներով հասնելով մինչեւ 12-ի եւ երբեմն ալ` աւելիի: Վերջապէս, իր տնօրէնութեան օրերուն էր, որ «Ազդակ» ունեցաւ երիտասարդ ու խոստմնալից տարրերու մեծագոյն մարդուժը, որ իր պատասխանատու խմբագիր-տնօրէնին շուրջ բոլորուած` նոր շունչ ու թարմութիւն տուաւ թերթին», նշեց Աւագեան եւ աւելցուց. «Եւ դեռ, կ՛արժէ աչք մը նետել «Ազդակ»-ի 1991-1996 տարիներու հաւաքածոներուն վրայ` անմիջապէս ընդգծելու համար, որ Սարգիս Մահսէրէճեանի տնօրէնութեան եւ խմբագրապետութեան շրջանին թերթը որքա՜ն յանձնառու եղաւ կուսակցութեան գաղափարական արժէքներուն պահպանման եւ ազգային-քաղաքական վարքագիծին անշեղ ներկայացման: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 26-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակիցը ուղղափառ դաշնակցական էր, ողն ու ծուծով «Հայ դատական» մը, որ մինչեւ վերջ անզիջող մնաց իր համոզումներուն մէջ, անտեղիտալի` իր դիրքորոշումներուն մէջ», ըսաւ ան:
Իր խօսքին վերջին մասով Աւագեան խօսեցաւ Սարգիս Մահսէրէճեանի Մ. Նահանգներու մէջ ունեցած գործունէութեան մասին: Ան նշեց, որ «Անքըլ Սեմ»-ի երկրին մէջ Սարգիս Մահսէրէճեան ապրեցաւ նոր կեանք մը` բոլորովին տարբեր նախկինէն: Մամլոյ աշխարհէն պահ մը հեռացած, Լոս Անճելըսի մէջ ան վերագտաւ իր վաղեմի նախասիրութիւնը` գրականութիւնը եւ արեւմտահայերէնի վերածեց ու մանկավարժական պատշաճեցումի ենթարկեց հայ դասական գրողներու եւ մանկական գրականութեան լաւագոյն ստեղծագործութիւնները, 13 հրատարակութիւն: Միաժամանակ ան գրեց աշակերտական թատերախաղեր` հայկական վարժարաններու մէջ բեմադրուելու համար: Թատերախաղերու իր թղթապանակը հաշուեց 21 գործ:
Մահսէրէճեան 21 տարի վարեց Արեւմտեան Մ. Նահանգներու թեմի Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետութեան պաշտօնը, ու երբ դադրեցաւ պաշտօնէն, աստիճանաբար վերադարձաւ մամլոյ աշխարհ եւ, հակառակ առողջութեան քայքայման ազդանշաններուն, գրեթէ առօրեայ դրութեամբ եւ առանց նիւթական որեւէ ակնկալութեան, դաշնակցական մամուլին էջերը հարստացուց մեկնաբանական-վերլուծական իր արժէքաւոր գրութիւններով: «Նախանձելի պաշարի տէր բեղուն գրիչ էր ան: Հայ լեզուի անաղարտութեան բուռն պաշտպան: Յանձնառու եւ աշխատունակ մտաւորական», ընդգծեց Աւագեան եւ իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Ճակատագիրի հարուածով մը Մահսէրէճեան հարազատներուն, մամլոյ գործակիցներուն եւ ընթերցողներուն հրաժեշտ տուաւ անցնող 10 փետրուարին, լուռ ու հանդարտ, այնպէս` ինչպէս ապրած էր ամբողջ կեանքին ընթացքին, «վէրքերով լի» գաղափարի մարտիկի մը անհուն մխիթարութեամբ, որ գործը շարունակողներ պիտի ըլլան: Հայ մամուլին ու մանաւա՛նդ «Ազդակ»-ին ջահը առկայծ պիտի մնայ անպայման` շնորհիւ նորերու, որոնք տէր պիտի կանգնին իր եւ իր նմաններու վաստակին ու կտակին: Դաշնակցական մամուլի հարուստ եւ անսպառ աւանդին: Հայ մամուլը, գաղափարի ընկերները եւ հարազատները շատ պիտի փնտռեն Սարգիս Մահսէրէճեանը` ազնիւ մարդը, առաքինի ընկերը եւ դաշնակցական մամլոյ սպասաւորի անձնուէ՛ր կերպարը», հաստատեց ան: (Խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել այս առիթով հրատարակուած «Ազդակ»-ի յաւելուածին մէջ):
Աւարտին ներկաներուն տրամադրուեցաւ այս առթիւ հանգուցեալի յիշատակին «Ազդակ»-ի հրատարակած յաւելուածէն մէկական օրինակ:
