Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներու հանդիպում

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներու հանդիպում

Երեքշաբթի, 16 Ապրիլի երեկոյեան կլէնտէյլի Կացին ճաշարանին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներու հանդիպում ընթրիքը, որ միաժամանակ ծանօթացման մտերմիկ առիթ մըն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի 47րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահին եւ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ին հետ:

     Երեկոյին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր  Նաւասարդեան 43րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Եղբայր Համլէթ Չրաղճեանը: Ձեռնարկին ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու եւ փառատօնի պատուոյ նախագահ Դոկտ. Մայք Սարեանը եւ 2024ի «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ը՝ Եղբայր Արամ Պէքարեանը, նախկին Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ, Նաւասարդեան փառատօնի եւ յաղթանակի պարահանդէսի յանձնախումբերու ատենապետներ եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներ:

     Գեղեցիկ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ներկաները իրար ծանօթացան զրուցեցին ու անոնց ներկայացուեցան Նաւասարդեանի յառաջիկայ աշխատանքներն ու ծրագիրները: Շրջանային Վարչութիւնը  յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներուն, որոնք նիւթաբարոյական յարատեւ աջակցութեամբ միշտ յոյս ու կորով կը ներշնչեն Հ.Մ.Ը.Մ.ին: Ներկաները ուշ գեշերին մեկնեցան տուն, Նաւասարդեան նորանոր նուաճումներու հաստատակամութեամբ:  

Share