Սիմոն Զաւարեանէն Լէօ Սարգիսեան

Սիմոն Զաւարեանէն Լէօ Սարգիսեան

Փոքր տարիքէս, փափաքած եմ մարզական՝ յատկապէս ոտնագնդակի ոլորտէն ներս գործել։ Բայց միեւնոյն ժամանակ ցանկացած եմ Հայ Դատի հետ առնջուող պաշտօն մը զբաղեցնել։ Սեպտեմբեր 27, 2020-ին, երբ սկիզբ առաւ 44 օրեայ Արցախեան  պատերազմը, ԳԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամներով ամէն օր կը կազմակերպէինք տարբեր ցոյցեր, կը ներկէինք հսկայ պաստառներ, որպէսզի մեր ընկերները առաւօտեան ժամը 4-ին զանոնք կախեն քաղաքի բարձր կամուրջներէն։ Բոլորը իրենց առօրեայ գործերը եւ մտահոգութիւնները լքած՝ կեդրոնացած էին մէկ նպատակի վրայ եւ հաւաքուած՝ մէկ գաղափարի շուրջ՝ լաւագոյնս ծառայել հայրենիքին եւ աջակցիլ հայ զինուորին ու ժողովուրդին։ 

Դժբախտաբար այդ սաստիկ մարտերուն ընթացքին, մանկութեան ընկերոջս քեռին, ընկեր Քրիստափոր Արթինը, մեր հողերը պաշտպանած ժամանակ զոհուեցաւ եւ միացաւ մեր անմահ հերոսներու սուրբ բաղանքին։ Այդ օրուընէ սկսեալ, աշխարհահայեացս ամբողջովին փոխուեցաւ։ Այն բոլոր մտածումներս եւ ծրագիրներս, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման չէին ծառայէր սկսան թուիլ անկարեւոր։ Եւ հակառակ անոր որ պատերազմը աւարտեցաւ հիասթափութեամբ, ես պատրաստ չէի յանձնուելու։ Այդպիսով է, որ երբ լաւագոյն ընկերոջմէս լսեցի «Լէօ Սարգսեան» ծրագրին մասին, որոշեցի չփախցնել այս հրաշալի առիթը։

          Թէեւ ունէի որոշ մտավախութիւններ որոշ ժամանակով ուրիշ երկիր մը ճամբորդելու, ամբողջովին նոր շրջանակի մը ծանօթանալու եւ անմիջապէս գործի լծուելու մասին, այն օրը, երբ ստացայ ընդունելութեանս լուրը չափազանց ուրախ էի։ Այսօր արդէն համոզուած եմ, որ այս ծրագրին մաս կազմելս կեանքիս լաւագոյն որոշումներէն մէկն էր

Այժմ տարբեր ասպարեզներու մէջ գործող անհատներու եւ մասնագէտներու հետ ունիմ նորաստեղծ բարեկամութիւններ, որոնք ապագային կրնան հենարան դառնալ մասնագիտութեանս ընթացքին հանդիպելիք մարտահրաւէրներուն դէմ։ Capitol Hill այցելութիւններուն շնորհիւ առիթը ունեցայ ականատես ըլլալու ընթացող լուրջ քաղաքագիտական խորհդակցութիւններու եւ բարելաւելու իմ հաղորդակցական կարողութիւններս։։

Այն փորձառութիւնը, որ շահեցայ, այն ընկերական սերտ կապերը, որ հաստատեցի ծրագրի միւս մասնակիցներուն հետ եւ այն արժէքաւոր դասերը, որ քաղեցի Ալեքս Գալիցկիի, Արամ Համբարեանի եւ ընկերուհի Եղսոյի հետ ունեցած զրոյցներէս, իսկապէս անփոխարինելի են։ Անհամբեր եմ տուն վերադառնալու եւ Գանատայի ընկկերներուս ու ընկերուհիներուս պատմելու այս 6 շաբաթներուն ընթացքին պատահած հետաքրքրական եւ յիշարժան դէպքերուն մասին։ Թերեւս անոնցմէ ոմանք կը հետաքրքրուին եւ կ՚որոշեն մօտ ապագային մասնակցիլ այս հրաշալի ծրագրին։ Ի վերջոյ Հայ Դատին միշտ պէտք են անձնուէր եւ չյանձնուող նոր զինուորներ։ 


Արթուր Շէկեանը ծնած է Հայաստան, իսկ պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիները անցուցած է Թօրօնթօ, Գանատա։ Յաճախած է ՀՕՄ-ի Ամենօրեայ Վարժարանը, եւ աւարտած՝ գերազանց արդիւնքներով։ Այժմ կ՛ուսանի University of Toronto-ի քաղաքագիտութեան եւ տնտեսութեան ճիւղին մէջ։ Նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Թօրօնթօյի Սիմոն Զավարեան մասնաճիւղի գործօն անդամ է եւ անոր փոխ-ատենապետը։ Արթուրին համար, հայ գաղութի պայմաններու բարելաւման եւ Հայ Դատի գործունէութեան յառաջացման ծառայելը միշտ հպարտութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառած է։ Եւ որպէս բնական ընթացքը տարիներու կամաւոր աշխատանք, աւարտած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի «Լէօ Սարգիսեան» Վարժողական Ծրագիրը։

Share