Հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան այցելեց ազգային առաջնորդարան

Հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան այցելեց ազգային առաջնորդարան

Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Թորգոմ Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը շարժապատկերի հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, որուն «Դրախտի դարպաս» (Gate to Heaven) ժապաւէնը Միացեալ Նահանգներու AMC շարժապատկերի սրահներու ցանցի զանազան դահլիճներէն ներս պիտի ցուցադրուի գալիք օրերուն։ 

Հանդիպման ընթացքին, բեմադրիչ Աւետիսեան պաշտօնապէս հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ «Դրախտի դարպաս»ի դիտումին: Ստբազանն իր կարգին, բարձր գնահատեց բեմադրիչ Աւետիսեանի ջանքերը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ծրագիրներուն, ապա իր օրհնութեամբ Հայ ազգային վարժարաններուն կոչ ուղղուեցաւ՝ ներկայ գտնուելու «Դրախտի դարպաս» ժապաւէնի ցուցադրութեան, առ ի ծանօթացում Արծուեբոյն Արցախին եւ իբրեւ քաջալերանք Աւետիսեանի արուեստին: 

Share