ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Խոր ցաւով կը գուժէ
ՀՕՄի հրատարակութիւններու բաժանմունքի երկար տարիներու պատասխանատու խմբագիր եւ Կեդրոնական գրասենեակի նախկին վարիչ տնօրէն, ազգային հասարակական գործիչ եւ մտաւորական՝
ԹԱԹՈՒԼ ՍՈՆԵՆՑ — ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ
Մահը, որ պատահեցաւ 6 Մայիս, 2026ին

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանի մահը եւ այս տխուր առիթով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն։
Ընկեր Թաթուլ Սոնենց մեծ եւ նշանակալից ներդրում ունի ՀՕՄի հրատարակչական աշխատանքներուն մէջ։ Ան նաեւ ձեռնհասօրէն վարած է ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը։
