Բրբէնքի Ապրիլեան Միջոցառումները

Բրբէնքի Ապրիլեան Միջոցառումները

Բրբէնքի ՀՅԴ Աղբալեան Կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ հայրենակիցներին որպէսզի մասնակցեն հետեւեալ Ցեղասպանութեան Յիշատակի օրուայ հետ կապուած ձեռնարկներուն:

Շաբաթ Ապրիլ 23-ին սկսեալ կ.ե. ժամը 1:00-ին Պըրպէնքի քաղաքապետարանին դիմաց տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատաի օր որուն պիտի մասնակցին մեր շրջանը ներկայացնող քաղաքական դէմքեր եւ ՀՄԸՄ Սիփանի եւ Պըրպէնքի ՀԵԴ Վարագ ուխտի աշխատանքներով գոյացուած Ցեղասպանութեան սարքաւորումը ուր կարելի պիտի ըլլայ ծաղիկներու տեղադրում: Կը խնդրենք ձեր կարելին ընել անպայման ներկայ ըլլալու եւ մասնակցելու այս ելոյթին որ իր քաղաքական արժէքը ունի յաչս քաղաքական ներկայացուցիեներուն:

Շաբաթ Ապրիլ 23-ին երեկոյեան ժամը 8-ին մեր կեդրոնէն ներս եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Սիփանի ու ՀԵԴ Վարք ուխտին տեղի պիտի ունենայ յեղափոխական եւ ազգային երգերու երեկոյ նուիրուած Ցեղասպանութեան Յիշատակին: Կը խնդրենք ձեր ներկայութեամբ եւ մասնակցիք ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած այս ձեռնարկին: Հասցէ՝ 75 E Santa Anita Aveշ Burbank, CA 91502

Share