Հանդիպած են Արցախի ԱԺ պատգամաւորները եւ ՀՅԴ Հայ դատի ներկայացուցիչները

Հանդիպած են Արցախի ԱԺ պատգամաւորները եւ ՀՅԴ Հայ դատի ներկայացուցիչները

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, տեղի ունեցած է աշխատանքային հանդիպում՝ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն եւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի, գրասենեակներու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Արցախի պետական նախարարը եւ Մարդկային իրաւանց պաշտպանը։

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց կարեւորած է Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն ծաւալած աշխատանքը։ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան իր կարգին ընդգծած է, որ Արցախի հիմնախնդիրը կը շարունակէ մնալ կառոյցի գործունէութեան առանցքին, եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքները երկարաժամկէտ ու անփոփոխ բնոյթ կը կրեն։ Ան նաեւ մատնանշած է Արցախի պետական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը մանրամասնօրէն քննած են միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի հարցի արծարծման ռազմավարութիւնը եւ մատնանշած հետեւեալ թիրախային ուղղութիւնները․

• Հաւաքական վերադարձի իրա ւունք. Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւն, ներառեալ՝ միջազգային վստահելի երաշխիքներու առկայութեամբ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրականացումը։

• Գերիներու ազատ արձակում. Ատրպէյճան պահուող հայազգի գերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ ազատ արձակման հարցի յառաջմղում։

• Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն. Արցախի մշակութային ու պատմական ժառանգութեան պահպանում եւ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական հետքը ոչնչացնելու քաղաքականութեան հակազդում։

• Ընկերային-կրթական աջակցութիւն. Բռնի տեղահանուած արցախցիներուն կենցաղային, ընկերային եւ կրթական աջակցութիւն ցուցաբերելու գործիքակազմերու ընդլայնում։

Քննարկման աւարտին կողմերը կարեւորած են համատեղ ջանքերու շարունակականութիւնն ու փոխգործակցութիւնը։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գէորգեան վերահաստատած է Արցախի իշխանութիւններու դերակատարութիւնը եւ ընդգծած նմանօրինակ հանդիպումներու նշանակութիւնը՝ հետագայ աշխատանքները առաւել արդիւնաւէտ կերպով համակարգելու գործին մէջ։

Share