Արմէն Ռուստամեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Պելճիքայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը

Արմէն Ռուստամեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Պելճիքայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան, Մարտի 25-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Պելճիքայի Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էրիկ տը Մոյնքը։
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Հայաստան-Պելճիքա միջպետական յարաբերութիւններու, խորհրդարանական փոխգործակցութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։ Այս պարունակին մէջ կարեւորուած է Պելճիքայի Դաշնային խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբին մօտալուտ այցելութիւնը Հայաստան, ինչ որ նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմ խորհրդարանական փոխգործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։
Արմէն Ռուստամեան, որպէս Հայաստան-Պելճիքա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ, շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին՝ Հայաստանին ու հայութեան վերաբերող հարցերուն մէջ Պելճիքայի սկզբունքային դիրքորոշումներուն համար։

Share