Գոյժ՝ Թաթուլ Սոնենց – Փափազեան

Գոյժ՝ Թաթուլ Սոնենց – Փափազեան

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէն կը գուժէ մահը` վաստակաւոր ընկեր

Թաթուլ Սոնենց – Փափազեանի,

որ տեղի ունեցաւ Մայիս 6, 2026-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) մէջ։
Խորին ցաւակցութիւններ ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ Հ.Յ.Դ. ընտանիքին:


ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Խոր ցաւով կը գուժէ

Հ․Օ․Մ․-ի հրատարակութիւններու բաժանմունքի երկար տարիներու պատասխանատու խմբագիր  եւ Կեդրոնական գրասենեակի նախկին վարիչ տնօրէն, ազգային հասարակական գործիչ եւ մտաւորական՝

ԹԱԹՈՒԼ ՍՈՆԵՆՑ – ՓԱՓԱԶԵԱՆի

Մահը, որ պատահեցաւ 6 Մայիս, 2026-ին։


ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանի մահը եւ այս տխուր առիթով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն։

Ընկեր Թաթուլ Սոնենց մեծ եւ նշանակալից ներդրում ունի Հ․Օ․Մ․-ի հրատարակչական աշխատանքներուն մէջ։ Ան նաեւ ձեռնհասօրէն վարած է Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական գրասենեակի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը։

Share