Գամիշլիի մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ յիշատակուեցաւ ՀՅԴ 132-ամեակը

Գամիշլիի մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ յիշատակուեցաւ ՀՅԴ 132-ամեակը

Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի, Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, Ազգային պատասխանատուներու, միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան, Երկուշաբթի, 22 Նոյեմբերին, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 132-ամեակի տօնակատարութիւնը։

Հանդիսավարներ Սագօ Սիմոնեան եւ Վանա Կիրակոսեան բացումը յայտարարելով ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը 132-տարիներ շարունակ մարտնչած, նահատակուած նուիրեալներուն եւ Սուրիոյ, Հայաստանի ու Արցախի նահատակներուն։

Այնուհետեւ ՍԵՄ-ի եւ Պատանեկան Միութեան Գամիշլիի մասնաճիւղերու երիտասարդներն ու պատանիները բեմականացուցին «Վարանգաթաղի կռիւը» խորագիրով թատերական տպաւորիչ ներկայացում մը։ Անոնք լուսարձակի տակ առին ՀՅԴ-ի մասնակցութիւնը այս ճակատամարտին, որ դարձաւ մեր նորագոյն պատմութեան աւարայրն ու Մուսալեռը, պարզեցին հայու խիզախ ոգին, անպարտելի կամքը եւ հաստատեցին թէ պիտի գայ օրը, երբ հայը պիտի վերատիրանայ իր հողին եւ արդարութիւնը պիտի յաղթէ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային գործիչ Խաչիկ Մելքոնեան, որ ողջունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան132-ամեակը, ապա անդրադառնալով Հայրենիք-սփիւռք անքակտելի կապին ըսաւ. «Դաշնակցութեան համար հայապահպանութիւնն ու սփիւռքի կազմակերպումը երբեւէ ինքնանպատակ չդարձան, քանի որ Դաշնակցութիւնը, նոյնիսկ 70 տարի հայրենիքէն տարագրուած ըլլալով, երբեւէ չդադրեցաւ հայրենակեդրոն ըլլալէ։ Իր հիմնադրութենէն ճիշդ մէկ դար ետք, Դաշնակցութիւնը կրկին Հայրենիքի մէջ էր, մեր նոր պատմութեան կիզակէտին` Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացման ու նոր պետականութեան կերտման, Ջաւախքին նեցուկ հանդիսանալու, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործը պետական մակարդակով հետապնդելու ճակատներուն վրայ։ Այս բոլորը կը բնութագրեն Դաշնակցութեան վերջին քառորդ դարեայ պատմութիւնը»։

Ապա եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ.«Դաշնակցութիւնը գործեց յանուն հայ ժողովուրդին, հաւատալով անոր ոյժին եւ կարողութեան։Այսօր դարձեալ կուսակցութիւնը կապաւինի իր ժողովուրդին`բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու յոյսի եւ յաղթանակի ակնկալիքով»։

«Սիրիայից Շուշի» երգը տպաւորիչ կատարումով մեկնաբանեց Եւա Մանուկեան-Սելիմեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի։

Օրուան պատգամը ուղղեց Գամիշլի ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան։ Ան անդրադառնալով Դաշնակցութեան 132-ամեայ գործունէութեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը ոչ միայն եղած է հայ ժողովուրդին պատմութեան ամենակարեւոր դրուագներուն ականատեսը, եղած է ոչ միայն մասնակիցը, այլ շատ անգամ եղած է նաեւ առաջնորդը, գաղափարական, մարտական, քաղաքական ճակատներու վրայ`առաջին դիրքերուն վրայ մարտնչողը:

«Անցնող երեսուներկու տարիներուն Դաշնակցութեան գործը Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ անցաւ շարք մը փուլերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նոր փորձառութիւն կուտակեց կուսակցութեան համար։ Սկիզբը, որպէս կազմակերպութիւն հայրենադարձող Դաշնակցութեան միակ սեւեռակէտը Արցախի ազատագրումն էր»։

Խաղաղութեան հաստատման Դաշնակցութեան տեսակէտը մեկնաբանելով Մանոյեան շեշտեց.«Մենք ամենաշատը կը գիտակցինք խաղաղութեան կարեւորութեան`բայց այդ խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ արժանապատիւ խաղաղութիւն, որուն միակ գրաւականը մեր բանակի հզօրութիւնն է»։
Ապա Մանոյեան լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ-ի վերջին 30-35 տարիներու նախաձեռնութիւնները, որոնց առաջնահերթ նպատակը պայքարի ճանապարհին նոր գաղափարներու եւ աշխատանքի սերմեր ցանելը եղած է։ Ջաւախքի հայութեան հարցը, հայոց Ցեղասպանութեան համար հատուցումներու հարցը, Արևմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ ապրող թաքուն գաղտնի հայերու յաճախ նաեւ հայկականութեան ինչ որ շառաւիղ ունեցողներու նկատմամբ հայ ժողովուրդի մօտ հետաքրքրութեան ստեղծումը։

Բանախօսը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. «Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը բերէ հայութեան իղձերու իրականացման պայքարին`անպայման կը հասնինք մեր նպատակին։ Անպայման կը հասնինք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին. մենք չտեսնենք, մեր յաջորդները կը տեսնեն»։

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն ժամանած ազգային եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Սուրէն Աճէմեան։

Սեմականներէ եւ պատանիներէ բաղկացած երգչախումբը ելոյթ ունենալով փունջ մը ձեղափոխական երգեր մեկնաբանեց, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Նայիրի Խաչատուրեան-Թէօքմէճեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի։

Աւարտին իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։ «Դաշնակցութիւնը գովասանքի կարիք չունի, արդէն իսկ պատմութիւնը ինք կը վկայէ իր մասին։ Եթէ ուզենք Հայ Դատի մասին խօսիլ, առաջին դիրքի վրայ ընդմիշտ պայքարողը Դաշնակցութիւնը պիտի տեսնենք։ Հայ Դատի գրասենեակները օրն ի բուն կը գործեն մէկ նպատակի համար՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման»:

Ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան ըսաւ.

«Այսօր ուխտի օր է: Մեզմէ իւրաքանչիւրը անտարբեր պէտք չէ մնայ իր հայրենիքին հանդէպ։ Դուք Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի հետեւորդներն էք վերջապէս»։

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ ՀՅԴ քայլերգով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ապա տեղի ունեցաւ հացկերոյթ, որուն ընթացքին խօսք առին ազգային մարմիններու եւ միութիւներու ներկայացուցիչներ։ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան Համազգայինի անունով ողջունեց ՀՅԴ 132- ամեակը, շեշտելով որ ուղեկից միութիւնները վերելք կ՚ապրին շնորհիւ Դաշնակցութեան աջակցութեան, աւելցնելով որ մենք կայուն ենք մեր միասնական ուժերով եւ գործակցութեամբ։

Երեկոն շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով։

Բժկհ. Մարի Մելքոն

kantsasar.com

Share