Բագրատունի. «Տակաւին կանուխ է խաղաղութեան մասին խօսիլ»

Բագրատունի. «Տակաւին կանուխ է խաղաղութեան մասին խօսիլ»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի կարծիք յայտնեց, որ հաւանական զինադադարի պայմաններուն մէջ մեծագոյն դժգոհութիւնը պիտի հնչէ Իսրայէլի կողմէ: «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ թէեւ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական մօտեցումները խորքային առումով կը համընկնին, սակայն գործնական եւ ժամանակային հարթութիւններուն մէջ անոնք տարբեր են:

«Նեթանիահուի համար յստակ է, որ ինք կը ցանկայ ամբողջական ապահովութեան գօտի ստեղծել հարաւային Լիբանանի մէջ եւ հարուածել Դիմադրութեան բոլոր կեդրոնները` զանոնք ենթարկելով ընդհանուր զինաթափման», նշեց Բագրատունի:

Անոր համաձայն, նման պայմաններուն մէջ հաւանական համաձայնութիւնը կամ զինադադարը կրնայ խոչընդոտել Իսրայէլի այս ծրագիրները: Ըստ անոր, արդէն իսկ զինադադարի յայտարարութենէն ետք կը նկատուին սպառնալիքներ տարբեր շրջաններու մէջ, ներառեալ Պէյրութի Հարաւային արուարձանները, ինչ որ կը վկայէ, որ լարուածութիւնը կը շարունակէ պահպանուիլ:

«Իսրայէլի համար այս փուլին զինադադարը շահաւէտ չէ. ան կրնար շահագրգռուած ըլլալ ռազմական գործողութիւններու շարունակումով», ընդգծեց Բագրատունի:

Անդրադառնալով նախորդ փորձին` ան յիշեցուց, որ նոյնիսկ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու պարագային Իսրայէլ շարունակած է խախտել զանոնք եւ հարուածներ հասցնել տարբեր շրջաններու:

Share