ՀԲԸՄ-ի 92-րդ Համագումարը պիտի կայացուի Երեւանի մէջ

ՀԲԸՄ-ի 92-րդ Համագումարը պիտի կայացուի Երեւանի մէջ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) յառաջիկայ համագումարը տեղի պիտի ունենայ այս աշնան։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աղբիւրները Նիւ Եորքէն տեղեկացուցին, որ ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի Երեւանի մէջ, 3-9 հոկտեմբերին։ Սա պիտի ՀԲԸՄ-ի 92-րդ համագումարը։

Հարկ է յիշեցնել, որ համավարակի շրջանին սահմանափակումներու հետեւանքով ՀԲԸՄ-ի համագումարները կազմակերպուած էին առցանց։

Յառաջիկայ համագումարին ՀԲԸՄ-ի շրջանակները խոշարցոյցի տակ պիտի առնեն հայ իրականութեան նոր հրատապ օրակարգը, որու հիմնական առանցքները յստակացած են Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներու լոյսին տակ։

https://arevelk.am/

Share