«Մարտական Եղբայրութիւն» կազմակերպութենէն 49 հոգի ձերբակաուած

«Մարտական Եղբայրութիւն» կազմակերպութենէն 49 հոգի ձերբակաուած

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու եւ կրելու կասկածանքով երէկ բերման ենթարկած է 49 անձ:

«Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեցին Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութենէն:

«Մարտական եղբայրութիւն» կազմակերպութենէն յայտարարած են, որ բերման ենթարկուածները իրենց կազմակերպութեան անդամներն են: Ձերբակալուածները կը պատրաստուէին երթալ Տաւուշի Ոսկեպար գիւղը:

Աւելի կանուխ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած էր` յայտնելով, որ պաշտպան Անահիտ Մանասեանի յանձնարարութեամբ արագ արձագանգման խումբեր մեկնած են ոստիկանութեան բաժիններ:

Այլ իրադարձութեամբ մը, երէկ աւելի ուշ, ժամը 17:00-ի սահմաններուն մէջ, 3 քաղաքացիներ զինուած փորձած են ներխուժել ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժինի վարչական շէնք, գործածած են նռնակ, որուն պատճառով ներխուժող անձերէն 2 հոգի վիրաւորուած են եւ տեղափոխուած բժշկական հաստատութիւն: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ներքին գործոց նախարարութիւնը:

Միջադէպին վերաբերեալ հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանը` նշելով, որ Նոր Նորքի ոստիկանութեան բաժանմունքի տարածքին մէջ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք «Շտապօգնութեան» ջոկատներէն մէկը 2 քաղաքացի բեկորային վնասուածքներով տեղափոխած է բժշկական հաստատութիւն:

Աւելի ուշ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, որ վնասազերծած եւ կալանաւորած է նռնակներով զինուած երրորդ անձը: Յարուցուած է քրէական գործ` ահաբեկչութեան յանցանքով:

Share