ՀՕՄի Կեդրոնակախն Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Նոր Տարի և Սուրբ Ծնունդ

ՀՕՄի Կեդրոնակախն Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Նոր Տարի և Սուրբ Ծնունդ

Բարձր նուաճումներով լի դար մը գոյատեւելը բացառիկ իրողութիւն է, սակայն այդ նուաճումներու գերազանցումը արդէն իսկ շահեկան յաղթանակ: 

Հայ Օգնութեան Միութեան աւելի քան 112 տարիներու երթը եւ մանաւանդ անցնող երկու տարիներու Արցախի չարագոյժ պատերազմին յաջորդող զօրակցութիւնը, ապացոյց է որ ՀՕՄը իր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ լոզունգով եւ իր աշխարհացրիւ ՀՕՄուհիներու միասնական եւ նուիրեալ ջանքերով, կը մնայ կառչած իր առաքելութեան եւ իր նպատակին:

Ներկայիս՝ դժուար եւ պատմականօրէն յուսալքուած ժամանակահատուածի մը մէջ

կ’ապրի հայ ժողովուրդը, որուն համար երբեք չէ եղած այսքան մութ ու դաժան հերոսական Արցախի ապագան եւ կամ այսքան ծանրակշիռ Հայրենիքի հանդէպ մտատանջութիւնը:  Այսօրուան գոյամարտը մահու եւ կենաց խնդիր է, մեր գոյութիւնը պահելու եւ մեր ապագան կրկին անգամ կերտելու մարտահրաւէր:   Նոյնն է պարագան սփիւռքեան հզօր գաղութներէն՝ Լիբանանը եւ Սուրիան որոնք չեն ունեցած այսքան ծանր տնտեսական տագնապալից օրեր:   Հայրենիքի եւ սփիւռքի այս իրավիճակին ականատես, ՀՕՄը անգամ մը եւս կու գայ ապացուցելու որ կանգնած է իր քաջարի ժողովուրդին եւ իր հերոսական պայքարի կողքին՝  մարդասիրական, ընկերային եւ նիւթական աջակցութեամբ տէր կանգնելու իր ժողովուրդի զաւակներուն:

Քսանեօթը երկիրներու մէջ գործող, տասնեակ հազարաւոր իր նուիրեալ անդամներով, ՀՕՄը կ’իրականացնէ իր նորօրեայ եւ շարունակական ծրագիրները ամենուրէք.-

•             Արեւային Ջրատաքացուցիչներ – Արցախ

•             Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ – Հայաստան, Արցախ

•             Լաւագոյն Ուսանող – Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք

•             Կրթանպաստ – Հայրենիք եւ Սփիւռք

•             Սօսէ Մանկապարտէզներ – Արցախ, Պուլկարիա

•             Մօր ու Մանկան Ծննդատուն – Հայաստան

•             Զինուորի Տուն (Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոն) — Հայաստան

•             Տաքուկ բնակարան – Սուրիա

•             Պնակ մը տաք ճաշ – Սուրիա, Լիբանան

•             Ամանոր – Լիբանան, Սուրիա, Հարաւային  Ամերիկա, Պուլկարիա, Արցախ,  Ջաւախք, Հայաստան

•             Երիտասարդական Ճամբարներ – Սփիւռք, Հայրենիք

Սիրելի ՀՕՄականներ, յարգարժան բարերարներ, նուիրատուներ, համակիրներ ու հայրենակիցներ, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօներու նախօրեակին մեր սրտագին բարեմաղթութիւններու կողքին ընդունեցէք նաեւ մեր երախտագիտութիւնը:  Ձեր նուիրական աջակցութեամբ է որ կարելի պիտի ըլլայ կերտել նոր նուաճումներ:

Թող այս Ամանորն ու Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան պայծառ տօները ռահվիրաները ըլլան աւելի լաւ օրերու եւ հայութեան ու համայն մարդկութեան յուսալից երազներու իրականացման:

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Share