Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ

Երեքշաբթի, 28 յունիս 2022-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոնի «Բագին»-ի գրասենեակ եւ հանդիպում մը ունեցաւ Համազգայինի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անդամներու հետ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նախ եւ առաջ շնորհաւորեց նորընտիր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն: Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ Համազգայինի տարբեր շրջաններու գործունէութեան եւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու ու մտահոգութիւններու փոխանակում: Այս գծով անհրաժեշտ նկատուեցաւ Համազգայինի կառոյցներ ստեղծելու աշխատանքը շարունակել Արեւմտեան Եւրոպայի տարածքին, ինչպէս նաեւ յատուկ ճիգով աշխուժացնել Համազգայինի գործունէութիւնը Եւրոպայի եւ ոչ գործօն այլ շրջաններու մէջ:

Յատուկ կերպով խօսուեցաւ Համազգայինի կրթական կառոյցներու, մասնաւորաբար Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ Մարսէյի Ճեմարանի աշխատանքներուն մասին: Անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը կանգուն պահելու առաջնահերթութիւնը եւ այս առնչութեամբ համագաղութային առումով նիւթաբարոյական աջակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը:

Արծարծուեցաւ Համազգայինի յառաջիկայ փուլի գործունէութիւնը, եւ զեկուցուեցաւ եկող ամիսներուն իրականացուելիք ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մասին, ինչպէս` Հայաստանի մէջ Ուսանողական ֆորում, «Բագին» պաշտօնաթերթի 60-ամեակ, գումարուելիք գիտաժողովները եւ այլ ծրագիրներ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ նաեւ ուղեկից միութիւններու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան վրայ, եւ այս ուղղութեամբ քննարկուեցան ձեռնարկուելիք յառաջիկայ քայլերը: Խօսուեցաւ նաեւ այլ կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեան կարելիութիւններու մասին:

aztagdaily.com

Share