Վերա Եագուպեանի հարցազրոյցը «Չերիթի» եւ «Ալ եաում» պատկերասփիւռի կայաններուն

Վերա Եագուպեանի հարցազրոյցը «Չերիթի» եւ «Ալ եաում» պատկերասփիւռի կայաններուն

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով հարցազրոյց է տուել «Չերիթի» եւ «Ալ եաում» պատկերասփիւռի կայաններուն, ինչպէս նաեւ «Սաութ Լուպնան» ռատիոկայանին: Ան անդրադարձած է Հայ դատի պարզած միջազգային եւ օրինական ներկայ իրավիճակին:

«Հայ դատը ունի իր մարդկային, քաղաքական, պատմական եւ օրինական տարողութիւնները, որոնք ունին իրենց տարբեր ճիւղաւորումները:

Այսօր սակայն պէտք է անդրադառնալ Հայոց ցեղասպանութեան` նկատի ունենալով, որ կը նշենք անոր 108-ամեակը:

Տարբեր երկիրներու եւ պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի ջանքերը կը շարունակուին:

Ինչպէս գիտէք, կան շարք մը երկիրներ, որոնք կը ճանչնան 1915-1921 Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութիւնը, որուն պատճառով նահատակուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր:

Վերջերս շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներ, ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն այդ ճանաչումով նշեալ երկիրները յաւելեալ պարտաւորութիւններ ստանձնելու վիճակին մէջ չեն ըլլար, այլ` անոնց ճանաչումը Թուրքիոյ վրայ բանեցուած բարոյական ճնշում մը կը նկատուի, որպէսզի ի վերջոյ Թուրքիան եւս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնէ:

Անշուշտ այս ճանաչումը ուղղակիօրէն կախեալ է Թուրքիոյ պետութեան պատրաստակամութենէն: Հայ ժողովուրդը կ՛ապրէր Անատոլուի արեւելեան շրջանին մէջ, որ խորքին մէջ Արեւմտեան Հայաստանն է: Հայ ժողովուրդը Օսմանեան կայսրութեան բնակիչ կը նկատուէր, եւ Թուրքիա պէտք էր ապահովէր իր բնակիչներու անվտանգութիւնը եւ ոչ թէ սպաննէր զանոնք:

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը կը մնայ պակասաւոր, եթէ Թուրքիա չճանչնայ իր գործած Ցեղասպանութիւնը եւ չշրջէ իր պատմութեան սեւ էջը: Իսկ ճանաչումէն ետք կու գան օրինական միւս հարցերը, որովհետեւ այս հարցը քաղաքական է եւ կ՛ենթադրէ, որ Թուրքիա բացայայտ կերպով ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդին կատարէ նիւթական ու բարոյական հատուցումները:

Միջազգային օրէնքին մէջ այս քայլը ունի իր կարեւորութիւնը, սակայն դժբախտաբար կան քաղաքական շահեր ու հաշիւներ: Այսօր միջազգային օրինականութիւնը իրաւամբ չի գործեր. եթէ միջազգային օրէնքն ու միջազգային հանրութիւնը եթէ իսկապէս կամենար այս հարը լուծելու, ապա Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարը լուծուած կ՛ըլլար եւ անշուշտ այլ ցեղասպանութիւններ կը կանխարգիլուէին, նկատի ունենալով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր:

Եթէ Միջազգային հանրութիւնը օրին պատժէր Թուրքիան եւ հայոց իրաւունքը վերադարձներ, ապա այլ ժողովուրդներ սպանդի չէինք ենթարկուէր եւ քաղաքական դաւադրութիւններու զոհ չէին երթար»:

Share