Անտարբերութեան նշաձողը

Անտարբերութեան նշաձողը

Դժբախտաբար Երեւանի մէջ ստեղծուած են նշաձողի իջեցման նոր տարբերակներ, համապատասխանաբար ստեղծնոր իրավիճակ, որ սկսած է դառնալ նոր գոյավիճակ:

Հակառակ Ապրիլեան հանրահաւաքներուն եւ ջահերթներուն, «վերին խաւ»-ը, կամ այսպէս կոչուած՝ «Թարշեայ ընտրանի»-ն կը մնայ լուռ ու մունջ, հետեւողականօրէն տեղի տալով թշնամիին պահանջներուն ու սադրանքներուն առջեւ, կուլ տալով պատահած անցուդարձերը։

Կարծէք թէ բաւարար չէր աւելի քան երեք ամիսէ ի վեր Արցախին պարտադրուած շրջափակումը՝ Ատրպէյճանի իշխանութեան կամակատար՝ «կենսոլորտի համար պայքարող» վոհմակին կողմէ, եւ ահա, բանակայինները անցարգել հաստատեցին Արցախի համար «Յոյսի ճամբուն» մօտ գտնուող Հակարի գետի կամուրջի մուտքին։

«Թայմինկ»-ն ալ ուշագրաւ էր. 23 Ապրիլ…։

Թշնամանքի նորագոյն քայլը առնուեցաւ այն պահուն, երբ հայ աշխարհն ու անոր կողքին կանգնողներ կը նշեն Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը։

Ազերիներուն կողմէ նման դասաւորումի մասին ո՛չ մէկ յիշատակում կայ ցարդ հրապարակուած համաձայնութիւններուն մէջ, սկսելով 9 Նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի յայտարարութենէն, սակայն պաշտօնական Երեւանէն ոչ մէկ շօշափելի հակադրութիւն արձանագրուեցաւ։ Նոյնիսկ արձագանգ չհնչեց, մինչդեռ սպասուածը ահազանգ էր։ Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բաւականացաւ «քլիշէ» դարձած բողոքի նամակով մը, որուն նմանօրինակ շարադրումները պահուած են դարակներու մէջ, յառաջիկային ալ, պարզ թուականի եւ դէպքերու փոփոխութիւններով, կրկին լոյս ընծայելու կրնան ծառայել։

Ոչ մէկ դրացի կամ բարեկամ երկիր պատշաճ յայտարարութիւն կատարեց։ Մոսկուան, յանձին Նախագահ Փութինի բանբեր Փեսքովի, իր կարգին սովորական եւ «քլիշէ» դարձած հաստատումով մը, յայտնեց, թէ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի ստեղծուած կացութիւնը բարւոք լուծումով մը աւարտի, «որովհետեւ նման անցարգել կրնայ արգելք հանդիսանալ միջանցքի բացման»։ Անշուշտ տեղին է շեշտել, թէ նոյնինքն միջանցքին ճակատագիրը հարցականի տակ է, հակառակ Մ․Ա․Կ․-ի եւ Լա Հէյի միջազգային դատարանի որոշումներուն՝ ո՛չ մէկ դրական քայլ առնուած է, շնորհիւ Երեւանի իշխանաւորներուն բացայայտ կրաւորականութեան ու անտարբերութեան։ «Թող արցախցիք իրենց գլխուն ճարին նային»ը այլ նշաձող մըն է…

Պարագան նոյնն է արեւմուտքին, որուն առաքած դէտերը հաւանաբար չեն անդրադառնար, որ իրենց ներկայութիւնը զբօսաշրջային բնոյթ չունի, այլ պէտք է ըլլան հոն՝ ուր տագնապը կը սրի։

Ուաշինկթըն, յանձին նախագահ Ճօ Պայտընի, որ անցեալ տարի պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ի վերջոյ պատշաճօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վերջակէտ մը դնելով պատմական այդ իրողութիւնը ուրանալու Անգարայի ջանքերուն դիմաց, այս տարի ալ գրեթէ միեւնոյն յայտարարութիւնը cut and paste (կտրէ՛ եւ փակցո՛ւր) ոճով կրկնեց, առանց քայլ պահելու ներկայ պայթուցիկ կացութեան: Ո՛չ մէկ ակնարկութիւն, թէ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՁՈՂԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ԶԱՅՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՂ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ: Արցախն ու անոր 120 հազար բնակիչներուն շրջափակումը չնշուեցաւ անոր խօսքին մէջ։ Մինչդեռ, ինչպէս նախագահը կը նշէ՝ մէկ ու կէս միլիոն հայեր բնաջնջումի նպատակով ջարդուեցան եւ տարագրուեցան, իսկ արցախահայութեան գլխուն կախուած ցեղասպանութեան սուրը նոյնն է այսօր, որուն համար աշխարհը աշխատանք ունի կատարելիք, որպէսզի վերստին նախճիրներ չկատարուին եւ յարգուին մարդկային իրաւունքները։

Վերադառնալով հայրենիք, յիշենք, որ շաբաթ մը առաջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր սովորական ու ինքզինք հակասող յայտարարութիւններով, աւելի ճիշդը՝ ձաբռտուքներով «փայլեցաւ» Ազգային ժողովի բեմէն: Արդեօք ան այդ օրը բան մը մոռցա՞ծ էր այս նորաստեղծ անցարգելին մասին արտայայտուելու, իսկ եթէ խօսէր՝ հաւանաբար այլ շինծու վերագրում մըն ալ պիտի կատարէր, ըսելով, որ այս անցարգելին հաստատումը արդէն իսկ համաձայնեցուած եւ ստորագրուած էր… հիներուն կողմէ։

Անընդունելի է նշաձողը ա՛յսքան վար իջեցնելը, անտարբերութեա՛ն նշաձողը: Այս ընթացքով, նշաձողը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Share