Յարութիւնեան. «Ազրպէյճան Սպառնացած Է Դիմել Կտրուկ Քայլերու»

Յարութիւնեան. «Ազրպէյճան Սպառնացած Է Դիմել Կտրուկ Քայլերու»

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է ազրպէյճանական կողմին հետ 1 մարտին կայացած հանդիպումէն: Ըստ անոր, քանի որ արցախեան կողմը չէ ընդունած համարկումի երթալու առաջարկը, Պաքուի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ պիտի ըլլան աւելի կարծր եւ կտրուկ քայլեր:

Այդ հանդիպումին արցախեան կողմը կը գլխաւորէր Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան:

«Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը փորձած է քննարկել քաղաքական նիւթեր` օգտագործելով «համարկում» բառը, սակայն պարոն Շահրամանեանը կանխած է` ըսելով, որ եթէ պէտք է քննարկեն քաղաքական հարցեր, ատիկա պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման նիւթը: Ան աւելցուցած է, որ քաղաքական հարցերու քննարկման համար իրենք լիազօրուած չեն»,  Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին պատմած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Յարութիւնեանի համաձայն, անկէ ետք ազրպէյճանական կողմը իր խողովակներով Ստեփանակերտի առջեւ վերջնագիր դրած է` «կա՛մ կ՛ընդունիք համարկումի քաղաքականութիւնը, կա՛մ առկայ խնդիրներուն որեւէ լուծում պիտի չըլլայ, հակառակը` պիտի ըլլան աւելի կարծր եւ կտրուկ քայլեր»:

«Մենք չենք ընդունած, պիտի չընդունինք», յայտարարած է Յարութիւնեան` պնդելով, թէ ատիկա միայն Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումը չէ: «Մեր ժողովուրդի գերակշիռ մեծամասնութիւնը կ՛ընդունի, որ մենք մեր անկախութեան իրաւունքէն, ինքնորոշման իրաւունքէն պիտի չշեղինք: Իսկ սա կը նշանակէ, որ յառաջիկային պիտի ունենանք տարբեր զարգացումներ, իրավիճակներ, որոնց պէտք է դիմակայենք», զգուշացուցած է Արցախի նախագահը:

Արայիկ Յարութիւնեան նաեւ ըսած է, որ եթէ կարծիքներ կան, թէ պէտք է ընդունիլ Ազրպէյճանի առաջարկը, ապա այդ մարդիկ կրնան իրենց քաղաքացիական իրաւունքներու շրջանակին մէջ բարձրաձայնել այդ տեսակէտը. «Փորձեն ձեւաւորել այդ տրամադրութիւնները, երկրին մէջ ձեւաւորեն նոր իշխանութիւն»:

Նախանցեալ օր Ստեփանակերտը հաղորդած էր, թէ ազրպէյճանական հետախուզական ներթափանցող խումբը «Խայփալու» կոչուող տեղանքին մէջ` մայրաքաղաքէն քիչ հեռու, թիրախաւորած եւ կրակ բացած է Արցախի ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենայի վրայ: Զոհուած էր Արցախի ոստիկանութեան երեք ծառայող:

«Նման սադրանքները պիտի կրկնուին», ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան` յորդորելով պատրաստուիլ երկարատեւ պայքարի. «Մենք երկար ժամանակ պէտք է պայքարինք, այդ պայքարի շրջանակներուն մէջ պիտի ըլլան նման իրավիճակներ, պէտք է ատիկա գիտակցինք եւ կանխարգելիչ քայլերու ձեռնարկենք»:

Share